Պետութեան Եւ Կուսակցութիւներու Համար Ռազմավարական Օրակա՞րգ Է Հայերէնը – Յակոբ Պալեան

Պետութեան Եւ Կուսակցութիւներու Համար Ռազմավարական Օրակա՞րգ Է Հայերէնը – Յակոբ Պալեան

06 ԱՊՐԻԼ 2022 – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ – ԱՇԽԱՐՀ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:

Յակոբ ՊալեանՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Hagop Balian – ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ

Ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս ՀԱՅԵՐԷՆը դարձնել ազգի ռազմավարական իսկական անմիջական օրակարգ: Հայերէնը` ան ըլլայ արեւելահայերէն թէ արեւմտահայերէն:

Հայաստան, պետութիւն, կուսակցութիւններ, անթիւ կրօնական եւ այլ կազմակերպութիւններ կը գիտակցի՞ն եւ կը գործե՞ն հայերէնը ընդունելով որպէս գոյատեւման ռազմավարութեան առանցք: Աւելի դիւրին է խօսիլ ներդրումներու, շինարարութեան եւ բանակի մասին, քան` լեզուի եւ անոր պաշտպանութեան, քանի որ հոգեբարոյական տեղատուութիւնը դարձած է կանոն:

Տեւող տեղատուութիւնը ազգային աղէտ է, որ պիտի յանգի, եթէ վերականգնումի համազգային ռազմավարութեամբ մը հայերէնը չսեփականացնենք մեր անհատական եւ հաւաքական կեանքի ու բոլոր մակարդակներուն` ուսուցման եւ պետութեան, մամուլի ու գրականութեան, խօսակցութեան եւ կենցաղի: Եթէ այս ճիգէն հրաժարինք, ի՛նչ ալ ըլլան արդարացումները եւ ճապկումները, կը դատապարտուինք ըլլալու անինքնութիւն հաւաքականութիւններ, նոյնիսկ` Հայաստանի բեկոր հանրապետութեան մէջ:

Հարցում. Ի՞նչ է պարտականութիւնը ղեկավարութեան. ԱՌԱՋՆՈՐԴԵԼ:

Հայաստան եւ սփիւռք(ներ) ԱԶԳԱՅԻՆ ԼԵԶՈՒ ՀԱՅԵՐԷՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ պարագային, գունագեղ ղեկավարութիւնները` քաղաքական, կրօնական, բարեսիրական, մշակութային եւ այլ, ոչ թէ կ՛առաջնորդեն եւ կ՛առաջնորդուին ազգային իրաւ ըմբռնումով, այլ կը հետեւին ամբոխային ընտրանքներու, տեղատուութեան, տնանկի գործնապաշտութեան: Անոնք կը լքեն հայերէնը, կը խօսին եւ կը գրեն օտար լեզուներով, ինքնարդարացման համար այդ ընելը կը համարեն յառաջդիմութիւն եւ ինքնահաստատում: Մարդիկ լեզուի անհարազատութիւնը եւ խաթարումը արդարացնելու համար չեն վարանիր ըսելու, որ «լեզուն կը յառաջդիմէ»:

Այս է պատկերը` խոհանոցէն, շուկայէն, մինչեւ գիտութիւն, մամուլ եւ քաղաքական բարբառ:

Հայաստանի մամուլի էջերուն մէջ, հեռատեսիլէն, քաղաքական մարդոց խօսքերէն կը յորդին հայերէնի հետ կապ չունեցող օտար բառեր, որոնք կը գրուին նաեւ հայատառ: Այդ բառերը կ՛արձանագրեմ որպէս «Նորահայերէն»: Հայատառ գրուած եւ խօսուած հաւաքած բառերուս թիւը այսօր աւելի քան 2300 է: Ուրեմն հայերէնը այնքա՜ն նախնական լեզու է, որ ժամանակին հետ քայլ պահելու համար 2300 օտար բառեր ներածած ենք: Եւ` կա՛մ այդ բառերը գործածողները հայերէն չեն գիտեր եւ կամ ալ իրենք իրենց ազգային ինքնութեան թշնամին են, նոյնիսկ երբ ականաւոր գիտնական, քաղաքական գործիչ կամ ամենագէտ լրագրող են:

Հայաստանի սահմանադրութեամբ ՀԱՅԵՐԷՆԸ ՊԵՏԱԿԱՆ ԼԵԶՈՒ է: Սահմանադրութեան այս կէտը զա՞րդ է, թէ՞ առաջնորդող օրէնք:

Սփիւռք(ներ)ը սահմանադրութիւն չունի, բայց ունի ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ, որոնք գրեթէ անզօր են ՀԱՅԵՐԷՆԸ ՊԱՇՏՊԱՆԵԼՈՒ` ՈՐՊԷՍ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԳՈՅԱՏԵՒՄԱՆ ԼԵԶՈՒ: Կը գործեն պատշաճեցումներով: Անոնք չե՞ն անդրադառնար, չե՞ն հասկցած, որ սփիւռք(ներ)ը չի պաշտպանուիր հոգեբարոյական ներխուժման դէմ, որ տեսանելի բանակով չէ, ոչ ալ` ռումբերով եւ անօդաչու սարքերով:

Հայաստան այս պայքարը մղող ազնուական մտաւորական մը կայ, Լեզուի պետական կոմիտէի նախագահ Դաւիթ Գիւրջինեանը, որուն «ՀՈՐԴՈՐԱԿ»-ները, ՅՈՐԴՈՐԱԿ-ները` շուրջ երեսուն, օտար բառերու համապատասխան հայերէններու ցանկերը կը հրապարակեն: Բայց լսող կա՞յ: Ինչո՞ւ սփիւռքի մամուլը, իր կարգին, չ՛արտատպեր այդ յորդորակները` մեսրոպեան ուղղագրութեամբ:

Սփիւռք(ներ)ը, իր կարգին, ինչո՞ւ նոյն ճիգը պիտի չընէ` ինչո՞ւ չ՛ըներ, օտար բառերու եւ օտարաբանութիւններու համապատասխանները հրապարակելով թերթերու էջերէն, անոնց ցանկերը որպէս որմազդ կախելով հայկական կեդրոններու մէջ, օգտագործելով նաեւ ձայնասփիւռ եւ հեռատեսիլ, հոն, ուր անոնք կան: Մեր խօսած ֆրանսերէնի, անգլերէնի կամ արաբերէնի թափթփածութիւնը կը սիրենք քննադատել, հպարտանալ, երբ Սարգիսը, Ճորճիկը, Քեթին եւ Մարալը օտար լեզուները աւելի լաւ կը խօսին եւ կը գրեն անոնց տէրերէն, ինչո՞ւ նոյն բծախնդրութիւնը չունինք մեր մայրենիին նկատմամբ:

Ընդունա՞ծ ենք մեր վերջնական պարտութիւնը, եւ այլասերումը դարձա՞ծ է մերօրեայ քաղաքական ընտրանք եւ բարոյական վարք` շարունակելով աւանդութիւնը հին օրերու Պոլսոյ «լըվանթէններու», որոնք իրենք զիրենք վերնախաւ եւ ազնուական կը համարէին ֆրանսերէն խօսելով: Այս ախտավարակ հոգեբանութիւնը այսօր ներկայ սփիւռքի հայկական կոչուած հաւաքականութիւններուն մէջ, նոյնիսկ հոն, ուր դպրոցներ կան, եւ «հայախօսութիւն»-ը ցարդ բնական կը համարուէր: Բայց կեղծ արդիականացման պատճառով, ֆրանսերէն, ամերիկերէն, արաբերէն եւ դեռ տեւող թրքերէն բառեր կը շարունակեն աղարտել հայերէնը:

Սփիւռքի մէջ խօսուած եւ գրուած հայերէնին մէջ տուն-տեղ եղած, «սիթիզըն» եղած օտար բառերու ցանկերը եթէ հրատարակուին մեր թերթերուն մէջ, թելադրելով գործածել անոնց համապատասխան հայերէնները, կը նպաստենք մեր գոյապայքարին եւ կարգախօս դարձած Հայ դատին:

Ֆրանսայի նախագահներէն Ֆրանսուա Միթերան յատկանշական խօսք ըսած է այս մասին. «Ժողովուրդ մը իր ինքնութեան խորքին մէջ վիրաւորել է` հարուածել անոր մշակոյթը եւ լեզուն»: Ի հարկէ, ուղղակի կամ անուղղակի եղանակով այդ ըրած են եւ կ՛ընեն իշխողները, բայց մեր պարագային, օտար իշխողէն աւելի, այդ կ՛ընենք մենք` մեր տնանկի, պարտուածի եւ օտարին մէջ ինքնահաստատում փնտռելու քաղքենիական թափահարումներով:

Այս եւ այլ նահանջներու դէմ ամբոխացող զանգուածները պիտի չպայքարին: Պիտի պայքարին իրաւութեան ղեկավարութիւնները եւ հարազատ մտաւորականութիւնը, որպէսզի հայերէնը հայերէն մնայ, եւ մենք մեզի ու մեր ժողովուրդին խնայենք սպառողական եւ զբօսի ընկերութեան մէջ, մշակութային փարիա ըլլալու անինքնութիւն վիճակը:

Այս պայքարը ամէն օր պէտք է մղել, ան փոքրամասնութեան մը պերճանքը չէ: Գոյապահպանական ռազմավարութիւն է եւ արձանագրուած պէտք է ըլլայ հարազատ ղեկավարութիւններու օրակարգին մէջ եւ նախաձեռնութիւններու ցանկին վրայ` առանց ծեքծեքուն արդարացումներով պարտկելու նահանջները, տեւաբար հաշիւ տալով ինքզինքին եւ ժողովուրդին:

Հայաստան եւ սփիւռք այս պայքարը գոյապահպանական քաղաքականութիւն է: Այս պայքարի ճամբուն վրայ ոչ ոք մեզի պիտի օգնէ, ոչ ոք կրնայ օգնել:

Այդ պայքարը այսօր եթէ չմղենք, կը մեղանչենք, կ՛ընենք` ինչ որ չեն կրցած ընել թշնամիներ, եւ անպատասխանատուութեամբ կը նպաստենք հայուն այլասերման: Ան քանի մը բանգէտներու պատասխանատուութիւնը եւ զբաղումը չէ: Պէտք է կրկնել. գոյապահպանական խնդիր է, ուստի` էապէս քաղաքական:

Ղեկավարութիւնները, ո՛ւր եւ ի՛նչ դիրքի վրայ ալ գտնուին, պէտք է գնահատել այս էական խնդրին իրենց բերած նպաստով, որպէսզի կանխուին մեր ինքնութեան եւ էութեան դէմ յայտնուած եւ յայտնուող կործանարար սպառնալիքները:

Մեր բազմագոյն տարբերութիւններէն եւ համարտութիւններէն վեր եւ առաջ, այս ԱԶԳԱՅԻՆ ԴԱՏ Է, այսինքն` հաւաքական պատասխանատուութիւն, եթէ ազգի եւ հայրենիքի վերապրումը եւ վերականգնումը օրակարգ են:

Եթէ էսթեպլիշմընթային այլազան խոտորումները ղեկավարութիւնները եւ զանգուածները չեն առաջնորդած ինքնաօտարման:

Այս անձնատուութեան արդարացման համար չենք կրնար մեզմէ դուրս թշնամիներ փնտռել:

14 մարտ 2022, Նուազի-լը-Կրան

aztagdaily.com/archives/542925

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail