Ակնարկ. Երրորդ Միջնորդին Կատարած Շեշտադրումները

ԿԱՐՕ ՔԱՀՔԷՃԵԱՆ – ՍՊԻՏԱԿ ԱՐՋԸ – ԻՄ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԻՄ ՀԱՅՐԵՆԻՔՆ Է – ԻՄ ԵՐԿԻՐԸ

Ակնարկ. Երրորդ Միջնորդին Կատարած Շեշտադրումները

08 ԱՊՐԻԼ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Պրիւքսելի եռակողմ հանդիպման ամէնէն ուշագրաւ բաժինը հետեւեալը կարելի է համարել. երկկողմանի սահմանազատումը եւ սահմանագծումը կարեւոր նշանակութիւն կ՛ունենայ: Այդ նպատակով, համաձայն Սոչիի 2021 թուականի նոյեմբերի 26-ի յայտարարութեան, պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է նաեւ մինչեւ ապրիլի վերջ ձեւաւորել միացեալ յանձնախումբ: Միացեալ սահմանային յանձնախումբի լիազօրութիւնը պիտի ըլլայ.

1.- Սահմանազատել Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանը,

2.- Ապահովել կայուն անվտանգ իրավիճակ` սահմանագիծի երկայնքով եւ մերձակայքին:

Նախագահ Միշելը նաեւ շեշտած է, որ ուժերու միջեւ համապատասխան հեռաւորութեան ապահովումը միջադէպերու կանխարգիլման եւ լարուածութեան նուազեցման էական տարր է: Ան վերահաստատած է Եւրոպական Միութեան պատրաստակամութիւնը` տրամադրելու խորհրդատուութիւն եւ աջակցութիւն:

Մնացեալ բաժինները լարուածութեան թուլացման, խաղաղութեան հաստատման աջակցելուն, նախորդ պայմանաւորուածութիւնները յարգելուն ընդհանուր կոչի սահմաններուն մէջ կարելի է ընկալել:

Օրակարգը` սահմանազատումն է, որ խորքին մէջ առաջադրանք է Պաքուի եւ Անգարայի համար: Այս առաջադրանքի իբրեւ ճնշամիջոց կրնան ըմբռնուիլ Փառուխի, Քարագլուխի ոտնձգութիւնները, կազատարի փակում-բացումը եւ ազրպէյճանական զօրքի նահանջի ձգձգումը:

Հետեւեալ տրամաբանութեամբ կապուած են դիպաշարի օղակները: Ազրպէյճանը կը ճնշէ, կազատարով թէ զինուորական գործողութիւններով, մինչեւ որ Երեւանը ստորագրէ սահմանազատման գործընթացի մեկնարկը: Անգարան հայ-թուրք երկխօսութեան փուլային արդիւնաւորումը կը պայմանաւորէ Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան բանակցութիւններու առարկայացման հետ: Ուրեմն հիմա հանգոյցը սահմանազատումն է:

Ի՞նչ կէտեր կը բացակային Եւրոպական խորհուրդի նախագահին կատարած յայտարարութեան մէջ. հիմնականը` առաջադրուած բանակցութիւններու միջնորդական ձեւաչափն է: Հիմա միջնորդութիւն կը կատարուի քանի մը ուղղութիւններով: Ռուսական գերմիջնորդութեամբ կայացած համաձայնութիւնները. երկրորդ, տրուած ըլլալով, որ փոխկապակցուած կ՛ընթանան Երեւան-Անգարա եւ Երեւան-Պաքու գործընթացները, հետեւաբար անուղղակի միջնորդութիւն ստանձնած է Թուրքիան: Եւ կայ եւրոպական նախաձեռնութիւնը: Եւրոպական խորհուրդի նախագահը արդէն երկրորդ անգամն է, որ իր մօտ կը հրաւիրէ Երեւանի եւ Պաքուի ղեկավարները:

Կը բացակայի ուրեմն ԵԱՀԿ-ը, որ աւանդաբար միջնորդական առաքելութիւն կ՛իրականացնէր Մինսքի եռանախագահութեամբ: Խնդիրը միայն ռուս-թրքական համաձայնութեամբ չի բացատրուիր: Եռանախագահող երկիրներէն երկուքը պատժամիջոցային հետզհետէ խստացող քաղաքականութիւն կը կիրարկեն երրորդին նկատմամբ, եւ հիմա կը թուի, որ բաւական բարդ է միասնաբար աշխատիլը:

Փորձ կը կատարուի ԵԱՀԿ-ը փոխարինել Եւրոպական խորհուրդով: Եւրոպական խորհուրդը ըստ էութեան կը փորձէ իրականացնել ռուս-թրքական համաձայնութեամբ կատարուած պայմանաւորուածութիւնը:

Բացակայող երկրորդ բաղադրիչը կարգավիճակն է: Սահմանազատում` առանց կարգավիճակի ուղղութեամբ ակնարկութիւն ընելու: Այստեղ հաւանաբար կայ հասարակ յայտարար Եւրոպայի, Ուաշինկթընի եւ Ռուսիոյ միջեւ: Միայն Անգարան եւ Պաքուն են, որ հակամարտութիւնը ըստ էութեան լուծուած կը նկատեն, մինչ միւսները կը խօսին կարգավիճակի անլոյծ մնացած ըլլալուն մասին: Իսկ այս առումով նկատելի է ռուսական եւ արեւմտեան մօտեցումներու համահնչեղութիւն:

Տակաւին չեն խօսուած մարդասիրական աղէտի եւ եռակողմ յայտարարութեան մնացեալ կէտերու գործադրելիութեան մասին: Բայց յայտնաբար այդ բոլորը նկատած են ածանցեալ` սահմանազատման առաջադրանքի յարաբերակցութեամբ:

Հիմա փորձենք ուշագրաւ այդ բաժինին երկու կէտերուն վրայ կեդրոնանալ: Սահմանազատման գործընթացին համար մինչեւ ապրիլի վերջը պէտք է նշանակուի միացեալ յանձնախումբ: Անշուշտ չէ նշուած ժամկէտ սահմանազատումը իրականացնելու: Անժամկէտ է նաեւ երկրորդ բաղադրիչը` սահմանագիծի երկայնքով կայուն եւ անվտանգ իրավիճակ ապահովելու: Ասիկա Պաքուի խաղաղութեան 5 կէտնոց ծրագիրին իբրեւ արձագանգ Երեւանի պատասխանին մէջ առկայ էր: Մշտադիտարկման, անվտանգութեան երաշխիքներու գործիքակազմի տեղադրման ձեւակերպումներով: Պրիւքսելի յայտարարութեան մէջ չեն նշուիր մանրամասնութիւնները, բայց գաղափարը փաստօրէն առկայ է:

Մեկնաբանելի է ուժերու միջեւ անվտանգութեան առումով համահաւասար հեռաւորութեան պահպանման գաղափարը: Այս կրնայ նախանշել երկու ուժերու սահմանային զօրքերու միջեւ գտնուող տարածքներուն վրայ խաղաղապահ առաքելութիւն: Եւրոպական կեդրոնէ մը նման շեշտադրում մը կրնայ ուղերձ ներառած ըլլալ Մոսկուային նոր խաղաղապահութեան բաղադրութեան մասին հարցական ստեղծելով: Որովհետեւ կայ անմիջապէս զուգակցուած գաղափարը` Եւրոպան պատրաստ է աջակցելու անվտանգութեան առումով համահաւասար հեռաւորութեան ձեւաւորման գործընթացին:

Մոսկուային եւ Անգարային առընթեր կայ աշխուժ միջնորդ` Պրիւքսելը, որ պատրաստ է աջակցելու սահմանազատման եւ անվտանգութեան երաշխաւորման համապատասխան քայլերուն եւ որուն համար առկախ է կարգավիճակի հարցը: Թէկուզ յայտարարութեամբ չնշուած:

«Ա.»

aztagdaily.com/archives/543192

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail