Անդրադարձ. Ռուսիա-Ամերիկա-ՕԹԱՆ Ռազմավարութիւնը, Լրատուամիջոցները Եւ Հայաստանն Ու Արցախը – ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Անդրադարձ. Ռուսիա-Ամերիկա-ՕԹԱՆ Ռազմավարութիւնը, Լրատուամիջոցները Եւ Հայաստանն Ու Արցախը – ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

08 ԱՊՐԻԼ 2022 – Յուշեր – Անդրադարձ – Յարութ Չէքիճեան – haroutchekijian.wordpress.com

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Ռուսիա ընդդէմ Ամերիկա-ՕԹԱՆ-Ուքրանիա պատերազմին մասին արեւմտեան աշխարհին ենթակայ լրատուամիջոցները, որոնց թիւը կը գերազանցէ բոլորը, աննախադէպ ուղեղալուացքի արշաւի մը սկսած էին արդէն, Ռուսիա-Ուքրանիա պատերազմէն առաջ իսկ: Ինչպէս նախորդիւ նշած էի, ամերիկեան Պլումպըրկը պատերազմէն ՕՐԵՐ ԱՌԱՋ արդէն սուտ լուրով մը յայտարարած էր. «Ռուսիա յարձակեցաւ Ուքրանիոյ վրայ», քանի որ ինչպէս նշած էի, «Ամերիկա-ՕԹԱՆ-ին սրտանց փափաքն էր, որ Ռուսիա յարձակի, թէեւ իբր թէ չէին ուզեր այդ (1)(2): Պէտք է հաստատել եւ լաւապէս հասկնալ հետեւեալ երկու հարցումներուն պատասխանները.

1.- Ուքրանիոյ նախագահ Զելենսքին բեմին վրայ, երբ քանի մը տարի առաջ կատակաբան դերասան էր: 2.- Պատերազմին պատճառներէն մէկը` Ուքրանիոյ այլամերժ, ռուսատեաց «Նոր նացիներ»-ը եւ անոնց ցոյցերէն մէկը 1-1-2019-ին:

1.- Ինչո՞ւ կ՛ուզէին, որ յարձակի: Քանի որ Ամերիկայի ՄՆԱՅՈՒՆ ԵՒ ԱՆՓՈՓՈԽ ՆՊԱՏԱԿԸ` ռազմավարութիւնը յստակ ու պարզ է` ՌՈՒՍԻԱՆ ԸՆԴՄԻՇՏ ՏԿԱՐԱՑՆԵԼ եւ թոյլ չտալ, որ իր դրացի Եւրոպային հետ բնական ու բարեկամական յարաբերութիւններ ունենայ, այլ թշնամանայ, որպէսզի այս ընթացքին ինք միւս կողմին անդադար զինամթերք ծախէ, կամ յանձնէ, որպէսզի իր ռազմամթերք արտադրող ընկերութիւնները աւելի հարստանան: Փաստօրէն, այս «Արեւմուտքին» կողմէ պատժամիջոցներ հաստատելէն ետք, ամերիկացի բանբեր մը, առանց ուրախութիւնը ծածկելու, ըսաւ. «Տեսա՞ք, որ պատժամիջոցները տնտեսապէս ազդու են»: Թէեւ շատ կանուխ էր իր ուրախանալը, եթէ երբեք պիտի ուրախանան: Ռուսիան Լիբանան չէ…

2.- Ինչո՞ւ կ՛ուզէին, որ Ռուսիան 24 փետրուար 2022-ին, կամ աւելի առաջ յարձակէր: Քանի որ տարեսկզբին արդէն աւարտած էր Ռուսիայէն Գերմանիա «Հիւսիսային հոսք 2» կազատար խողովակի ընդծովեայ շինարարութիւնը, եւ այդ օրերուն գերմանացի մասնագէտները քննութեան կ՛ենթարկէին այս խողովակաշարը` իբրեւ պատրաստութիւն կազ ներածելու (տես` «Ուքրանիոյ տագնապը Ուքրանիոյ մասին չէ, այլ` Գերմանիոյ համար. եւ ի՞նչ է կապը Արցախի 44-օրեայ պատերազմին հետ» (1): Իրօք, այս պատերազմին պատճառով Գերմանիան, ի վնաս իր երկրին ու ժողովուրդին,  առ այժմ առկախեց այս խողովակաշարին ընդունման արարողակարգը` ընթացքը:

Ամերիկան այս կէտին մէջ իր նպատակին հասաւ, սակայն առնուազն երեք դժուարութիւններ ունի իր կազը ծախելու Եւրոպային, քանի որ`

Ա.- Ամերիկեան կազը այլ բաղադրութիւն ունի եւ չի յարմարիր եւրոպական շուկային: Այս մէկը տխմարութիւն չէ՞…

Բ.- Խողովակաշար գոյութիւն չունի: Անհատնում նաւեր պէտք են, որ ովկիանոսէն կազ հասցնեն Եւրոպային: Այսպիսի բաւարար նաւեր չկան…

Գ.- Ամերիկեան կազը շատ աւելի սուղ կ՛արժէ, որուն համար Պայտըն ըսաւ. «Ի՞նչ կ՛ըլլայ, ձեր ժողովուրդին տուրքերը կ՛աւելցնէք»…հաց չկա՞յ, կարկանդակ կերէք:

Իսկ ամէնէն ամօթալին ռուսական լրատուամիջոցներուն արգելումն էր Ամերիկայի, Եւրոպայի, ՕԹԱՆ-ի եւ անոնց ենթակայ արբանեակ երկիրներուն մէջ: Նոյնիսկ` Լիբանանի մէջ. օրինակ` «Ռաշա Թուտէյ» (Russia Today) անգլերէն արբանեակային լրատուամիջոցը հեռատեսիլէն վերցուեցաւ 2 մարտ 2022-ին, որուն արաբերէն տարբերակը մնաց մինչեւ 17 մարտ 2022, եւ այդ ալ վերցուեցաւ: Ինչո՞ւ կը վախնան միւս կողմին լրատուութենէն, ո՞ւր մնաց խօսքի ու մամուլի ազատութիւնը… Քանի որ կ՛ուզեն մի՛այն իրենց սուտերով ողողել ու խաբել աշխարհը:

Այս սուտերէն երեք օրինակ դիտեցինք, որոնք համացանցին մէջ շրջանառութեան դրուած էին. առաջինը` սրահի մը գետինը շարուած շուրջ 20 կերպընկալէ գորշ պարկերու մէջ իբր թէ ռուս զինուորներու դիակներ կը ցուցադրէին, եւ մինչ հեռատեսիլի խօսնակը կը պատմէր, յանկարծ «հրաշքով» մը «դիակներէն» մէկը նստաւ… Երկրորդին մէջ դերերը շրջուած` կրկին սրահի մը գետինը նոյն ձեւով, այս անգամ ուքրանացի զոհերու «դիակներ» կը ցուցադրէին, եւ վերջին շարքի «դիակներէն» մէկը ձեռքը պարկէն դուրս հանած, ծուխ հանելով սիկարեթ կը ծխէր… Երրորդը` մեզի ծանօթ լիբանանեան պատերազմին վնասուած շէնքեր ցուցադրեցին, որ իբր թէ ռուսերուն կողմէ ռմբակոծուած Ուքրանիոյ մէջ բնակարաններ էին…

Ահաւասիկ` Միացեալ Նահանգներն ու Արեւմուտքը, որոնք «Խօսքի ազատութիւն», «Մարդկային իրաւունքներ» եւ այլն քարոզելով` իրենցմէ հազարաւոր քիլոմեթր հեռու երկիրներու վարչակարգեր տապալեցին, երկիրներ քարուքանդ ըրին, հարիւր հազարաւորներ սպաննեցին հարիւր ու հազարաւորներ գաղթական դարձուցին եւ «գունաւոր կամ թաւշեայ յեղափոխութիւններ» սարքեցին, որպէսզի ժողովրդավար «տեմոքրաթիք» վարչակարգեր հաստատեն… Իրականութեան մէջ, սակայն, որպէսզի այդ երկիրներուն մէջ իրե՛նց հնազանդող ընդհանրապէս յիմար բռնապետներ հաստատեն եւ անոնց երկիրները կողոպտեն:

Այդ «տեմոքրաթիք» դարձած, «գունաւոր յեղափոխութիւն» անցուցած երկիրներէն մէկն ալ Ուքրանիան էր (նաեւ` Վրաստան, Հայաստան եւ այլն), որ Ռուսիոյ յարձակումէն միայն շաբաթներ առաջ, նոյն այս արեւմտեան լրատուամիջոցներուն կողմէ (ներառեալ` Պի Պի Սի-ն եւ Սի Էն Էն-ը) կը նկատուէր «Եւրոպայի ամէնէն փտած երկիրը»: Իսկ անոր շուարած նախագահը, որ օր մը ՕԹԱՆ-ին միանալ կ՛ուզէ, միւս օրը Եւրոպական միութեան, այլ օր` ոչ մէկուն, այս օրերուս հերոս դարձուցին զայն եւ արեւմտեան խորհրդարաններ յոտնկայս կը ծափահարեն անոր առցանց ելոյթները, երբ ան նմանապէս կը նկատուէր բռնապետ մը (տես` (3)(4) եւ (5): Տեղեակ չեղողներուն համար պէտք է նշել, որ Ուքրանիոյ այս նախագահը` Զելենսքին, հրէական ծագումով կատակաբան դերասան մըն էր, որ հեգնօրէն` Ռուսիոյ բեմերուն վրայ նշանաւոր դարձած էր (տես վերը` նկար) 1:

Երբե՛ք չեմ մոռնար տարիներ առաջ Պի Պի Սի-ի` Անգլիոյ պաշտօնական լրատուամիջոցի թղթակիցին հետեւեալ հաղորդումը, երբ իսրայէլեան բանակին կողմէ «սովորութիւն դարձած» Պաղեստինի ժողովուրդին վրայ վայրագ ռմբակոծումներէն մէկուն անմեղ փոքրեր ու կիներ զոհուած էին, որուն իբրեւ բողոք` պաղեստինցի երիտասարդ մը վրիժառութեան համեմատաբար շատ աննշան խափանարարութիւն մը կատարած եւ տեղւոյն վրայ արդէն սպաննուած էր: Այս առթիւ անգլիացի թղթակիցը ըսաւ. «ԱՆՇՈՒՇՏ իսրայէլեան բանակը ՄԵԾ հարուածով մը պիտի հակադարձէ…»: Ինչո՞ւ համար` ԱՆՇՈՒՇՏ եւ ՄԵԾ հարուած, երբ արդէն սպաննած էին երիտասարդը:

Ահա՛ ուղեղալուացքի տիպար օրինակ մը` Անգլիոյ պաշտօնական կայանի թղթակիցին կողմէ: Մեզ վարժեցուցած են, որ պաղեստինցի ջարդելը շատ բնական է: «Օրէնք դարձած է», որ Իսրայէլ անդադար պաղեստինցիներ ջարդէ, անոնց տուները քարուքանդ ընէ, կիներ, մանուկներ եւ ծերունիներ ոչնչացնէ, եւ արեւմտեան լրատուամիջոցներուն մեծամասնութիւնը ծափահարէ, քաջալերէ, կամ անտեսէ, չտեսնէ եւ լուռ մնայ: Իսկ եթէ պաղեստինցի պատանի մը քար նետէ Արեւմուտքի նախագահներն անգամ կը դատապարտեն…

Միջազգային յայտնի լրատուամիջոցներուն եւ պատասխանատուներուն այս նոյն լռութիւնը եւ անտեսումը պատահեցաւ Արցախի 44-օրեայ պատերազմի օրերուն, քանի որ իրեն՛ց կողմը`  ՕԹԱՆ-ը եւ անոր անդամ Թուրքիան ծրագրած էին եւ մասնակից էին այդ պատերազմին, որուն հիմնական նպատակն էր տկարացնել Ռուսիան եւ Կովկասէն հեռացնել զայն… Սակայն,  հակառակ թշնամիին օգնող մեր ներքին դաւադրութեան եւ կրած ահաւոր վնասներուն, բարեբախտաբար պատահեցաւ հակառակը եւ ռուսական բանակը ոչ թէ հեռացաւ, այլ Արցախ ալ մտաւ:

Այլ օրինակ մըն է նշանաւոր դարձած արաբական «Ժազիրա» արբանեակային լրատուամիջոցին առաջին թղթակիցներէն Ղասսան Պըն Ժըտտոյին վկայութիւնը (այժմ «Մայատին»-ի տնօրէն)` այդ կայանէն իր հրաժարելուն պատճառը: Պըն Ժըտտօ յայտնեց, որ յատկապէս «Արաբական գարուն»-ին «յեղափոխութիւններուն» մասին սուտ լուրերն էին իր հրաժարելուն պատճառը: Անդադար իբր թէ խուռներամ ցուցարարներու ժապաւէններ կը ցուցադրէին, որոնց միայն ետեւէն, ծունկէն վար, ոտքերն ու կօշիկները կը տեսնէինք…

Պըն Ժըտտօ Իրաքի վրայ ամերիկեան յարձակումին մասին մօտաւորապէս ըսաւ. «Իրաքի պատերազմի առաջին օրերուն, Քաթարի մէկ շրջանին մէջ, հոլիվուտեան բեմականացումով, Պաղտատի հրապարակներուն նմանակները սարքած էին, որոնցմէ մէկը Սատտամ Հուսէյնի արձանով հրապարակն էր: Ըստ Ղասսանին, «Ժազիրա»-ի առաջին ցուցադրած Սատտամ Հուսէյնի արձանին տապալումը, ամերիկեան հրասայլի մը միջոցով, Քաթարի մէջ սուտ բեմադրութիւն մըն էր, վերոնշեալ «դիակներուն» նման, որ իրաքցիներուն մօտ բարոյալքութիւն պատճառեց:

3.- Սատտամ Հիւսէյնի արձանին ամերիկեան բանակին կողմէ հրասայլով առաջին տապալումը արդեօք Պաղտատի մէ՞ջ տեղի ունեցաւ: 4.- Ուքրանական ծայրայեղ նոր նացի Ազովի ջոկատներէն, որոնք Ուքրանիոյ ռուս եւ այլ օտար բնակչութեան դէմ ցեղային մաքրագործում եւ ոճիրներ կը գործեն, ըստ ՄԱԿ-ին, 2014-էն ի վեր14000 ռուս սպաննած են:

Ինչպէս նախորդիւ նշած էի, աշխարհը կ՛ուզեն տխմարավարութեամբ ղեկավարել` կարծելով, որ ամբողջ աշխարհը տխմար է: Ահա ստորեւ` այս տխմարութենէն չորս օրինակներ.

1.- Ամերիկա, Եւրոպա եւ ՕԹԱՆ Ռուսիոյ վրայ ամէն տեսակ պատժամիջոցներ հաստատեցին, ներառեալ` ռուսական կազին եւ քարիւղին վրայ: Սակայն ծիծաղելիօրէն` ո՛չ այն քարիւղին եւ կազին, որ Ռուսիան Եւրոպային կը մատակարարէ, այն ալ` Ուքրանիոյ վրայով… Այս ի՞նչ տեսակ պատիժ է: Եւ այս, մինչեւ որ ուժանիւթի նոր աղբիւրներ գտնուին… Ըստ երեւոյթին, ազերի կազը բաւարար չէ, եւ չեն կրնար օգտուիլ անկէ: Իսկ Քաթար յայտարարեց, որ չի կրնար փոխարինել ռուսական կազը…Սխալ հաշիւնե՞ր, թէ՞ ինչ:

Մինչ այդ, ըստ 17 մարտ 2022-ի Ռոյթըրզ լրատու գործակալութեան լուրին, Եւրոպան ՕՐԱԿԱՆ շուրջ 200-800 ՄԻԼԻՈՆ ԵՒՐՕ ԿԸ ՎՃԱՐԷ ՌՈՒՍԻՈՅ (The cost of EU gas imports from Russia has fluctuated between around 200-to-800 million euros per day this year so far) (6): Եւ այժմ Ռուսիան կը պարտադրէ, որ ռուսական ռուբլիով վճարուին այս գումարները` կրկնակի պատժելով «Արեւմուտքը» եւ ռուբլիին արժէքը վերստին բարձրացնելով:

2.- Նախագահ Փութինէն սկսեալ` պետական բարձրաստիճան դէմքեր պատժամիջոցներու ենթարկուեցան, սակայն նախագահ Փութինի միլիառատէր եւ մօտիկ խորհրդականը` Ռոման Ապրամովիչը, Ուքրանիոյ նախագահ Զելենսքիի խնդրանքով, Ամերիկայի նախագահ Պայտըն պատժամիջոցներէն զերծ կացուցեց զայն, քանի որ կողմերուն միջեւ միջնորդութիւն պիտի ընէ եղեր (Zelensky Asked Biden To Not Sanction Billionaire Oligarch Abramovich) (7): Նոյն օրը, ինքն ալ հրէական ծագումով Ապրամովիչը հրաժարեցաւ Փութինի խորհրդականի պաշտօնէն: Ահա հակասական եւ զաւեշտալի բեմադրութիւն մը եւս:

3.- Ամէնէն զզուելին, որ կրկնուեցաւ Իրաքի, Սուրիոյ եւ Արցախի պարագային, վարձկան ահաբեկիչներն են, որ բացայայտ կերպով կը զինուորագրուին Ուքրանիոյ կողքին, դրամի դիմաց մարդ մեռցնելու համար, Պլեքուոթըրի (Blackwater) նման մահուան կապալառուներ, թրքական հովանաւորութեամբ սուրիացի իսլամական ՏԱԷՇ-ներ եւ այլ երկիրներէ, ոչ գաղտնի` պաշտօնական յայտարարութեամբ եկած վարձկաններ:

4.- Իսկ այս ամբողջ հակամարտութեան գլխաւոր արմատը, որ «Ազովի ուժեր» կոչուող ուքրանական նոր նացի ցեղապաշտ, հակառուս կազմակերպութիւնն է, Միացեալ Նահանգներուն արգիլուած կազմակերպութիւններու ցանկին մէջ կը գտնուէր (8) (The far-right militia, once banned by the U.S., is part of Ukraine՛s National Guard), սակայն այժմ ամերիկեան զէնքերով օժտուած է, Ուքրանիոյ ազգային պահակագունդին մաս կը կազմէ եւ Ամերիկայի դաշնակիցն է: Ըստ ՄԱԿ-ին, 2014-էն ի վեր նոր նացիները 14000 ռուսեր սպաննած են: Իրականութեան մէջ անոնք են Ուքրանիոյ իսկական ղեկավարութիւնը: Այս ալ հեգնական հակասութիւն մը չէ՞. եթէ ահաբեկիչը Ամերիկայի հաշուոյն կը գործէ,  ահաբեկիչ ըլլալէ կը դադրի…

Այժմ վերադառնանք Հայաստանին եւ Արցախին:

Ուքրանիոյ պատերազմին առաջին օրը, 24 փետրուար 2022-ին Հայաստանի այս թրքասէր վարչախումբը պաշտօնանկ ըրաւ հայկական բանակին հրամանատարը (այլեւս հաշիւը կորսնցուցինք, թէ քանիերորդ պաշտօնազրկումն էր այս, նաեւ` Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) պետին եւ ոստիկանապետին) եւ ցարդ նոր մը  չնշանակեց… Ինչպէ՞ս բացատրել այս. պատերազմի մէջ եղող երկիրի մը բանակը, որ հրամանատար չունի:

Մինչ այդ ազերի թշնամին աւելի սաստկացուցած էր գրեթէ առօրեայ յարձակումները Արցախի եւ Հայաստանի վրայ` պատճառելով զոհեր: 8 մարտ 2022-ին ազերին կը պայթեցնէ դէպի Արցախ ռուսական կազի խողովակը, ապա թոյլ չի տար, որ նորոգուի, ապա կը նորոգուի, բայց կազը ցարդ Արցախ չի հասնիր: 24 մարտ 2022-ին Ազրպէյճանի բանակը Արցախի Փառուխ գիւղը կը մտնէ եւ անօդաչու թռչող սարքերով երեք հայ զինուոր կը սպաննէ: Ուքրանիոյ խորհրդարանը կը շնորհաւորէ Ազրպէյճանը եւ կը յորդորէ շարունակել այս պատերազմը…եւ Հայաստանը բանակի ցարդ հրամանատար չունի…

5.- Ուքրանիոյ նախագահին փտածութեան մասին յօդուածը, տեսանիւթը ամերիկեան «Ազատ Եւրոպա» կայանին կողմէ: 6.- Ուքրանիոյ փողոցներուն մէջ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախէն հողամասեր գրաւելուն առթիւ շնորհաւորական վահանակները:

Արցախի եւ Հայաստանի դէմ 44-օրեայ պատերազմին ուղղակի մասնակից թշնամիներն էին Ազրպէյճանն ու Թուրքիան,  այսինքն` ՕԹԱՆ-ը եւ Իսրայէլը- իսկ Ուքրանիան արգիլեալ զինամթերք` ֆոսֆորային ռումբեր եւ այլն կը հայթայթէր Վրաստանի վրայով, որ սակայն դէպի Հայաստան օդային ճամբան փակած էր: Իսկ Ուքրանիան նաեւ շնորհաւորած էր Ազրպէյճանը Արցախի դէմ յաղթանակին համար եւ Ուքրանիոյ փողոցներուն մէջ այս իմաստով վահանակներ զետեղած (տես` նկար) 6: Ապա, քանի մը ամիս առաջ, Թուրքիան Արցախի դէմ յաղթանակին գլխաւոր զէնքը նկատուող անօդաչու թռչող սարքեր յանձնեց Ուքրանիոյ: Իսկ Ուքրանիոյ պատերազմը սկսելէն ի վեր Իսրայէլ շատ մտահոգ է Ուքրանիոյ վիճակով, եւ վարչապետը առաջին օրն իսկ փութաց նախագահ Փութինին հետ տեսակցելու, ապա այլ երկիրներ շրջապտոյտներ կատարեց:

Յստակ չէ՞ պատկերը: Ուքրանիա, Վրաստան, Հայաստան եւ Արցախ մէկ ծրագիրի մը զոհերն են` Ռուսիոյ դրացի եւ նախկին Խորհրդային Միութեան երկիրներ, որոնք եղեր ՕԹԱՆ-ին անդամ ըլլալ կ՛ուզեն: Իսկ Ուքրանիան կը պատրաստուէր բնաջնջելու Տոնպասի եւ Տոնեցքի ժողովուրդն ու ինքնապաշտպան ուժերը` վերջերս ստացած թրքական անօդաչուներով: Չէ բաւարարուած 14 հազար սպաննելով:

Հայկական արեւմտամէտ լրատուամիջոցներուն եւ այսպէս կոչուած «փորձագէտներ»-ուն  մէկ մասը, կարծէք ազդուելով եւ ենթարկուելով արեւմուտքի ճնշումներուն, կամ վարձատրուելով անոնց կողմէ, անդադար հակառուս ծիծաղելի քարոզչութիւն կ՛ընէ, սակայն իրականութիւնը յստակ է: Ծով ունեցող Վրաստանի Սահակաշվիլիին օգնութեան չեկաւ Արեւմուտքը, այժմ Զելենսքին կը գանգատի, որ Ուքրանիոյ օգնող չկայ… ՕԹԱՆ-ը, Եւրոպան եւ Ամերիկան յստակ յայտարարեցին, որ իրենք պիտի չմասնակցին այս պատերազմին… Ուրեմն` ի՞նչ:

Ռուսիան արդէն վիժեցուց Պիէլառուսիոյ եւ Ղազախստանի «գունաւոր յեղափոխութիւնները» հաւանաբար կանխարգելիչ շարժումով մը` ժամանակէն առաջ ի՛նք հրահրելով այս երկու «յեղափոխութիւնները», որոնց երիտասարդ ղեկավարները Հայաստանի մէջ ամերիկեան երեք մարզում-համագումարներու մասնակցած էին (տե՛ս «Յեղափոխութիւնը նոր սեւն է. ինչպէ՞ս արեւմտեան դրամը կը հոգայ «Տապալէ քու կառավարութիւնդ» դասապահերը» (9):

Ռուսիան եւ Իրանը կը մնան մեր բնական դաշնակիցները: Ահա՛ Ուքրանիոյ նախագահը կը բողոքէ, որ` «Մեզ պատերազմի մղեցիք, եւ ո՛չ Ամերիկան, ո՛չ ՕԹԱՆ-ը եւ ո՛չ ալ Եւրոպան կ՛օգնէ մեզի…»: Ազգին եւ հայրենիքին շահը պաշտպանողը իր երկիրն ու ժողովուրդը այս վիճակին չի հասցներ:

Ուքրանիայէն ետք աշխարհակարգը պիտի փոխուի, եւ մեզի կը մնայ ազգային գիտակցութեամբ նոր իշխանութեամբ մը ի նպաստ Հայաստանին, Արցախին եւ հայ ժողովուրդին տեղ ապահովել:

27 մարտ 2022
haroutchekijian.wordpress.com

 

  1. https://www.aztagdaily.com/archives/539507
  2. https://www.aztagdaily.com/archives/540549
  3. https://www.rt.com/news/552552-joe-rogan-ukraine-turn/
  4. https://youtu.be/r7NoFOSK968
  5. https://www.rferl.org/a/ukraine-zelenskiy-kolomoyskiy/29888017.html
  6. https://www.reuters.com/business/energy/europe-faces-struggle-escape-russian-gas-this-year-2022-03-17/
  7. https://www.forbes.com/sites/lisakim/2022/03/23/zelensky-asked-biden-to-not-sanction-billionaire-oligarch-abramovich-report-says/?sh=343cc1282753
  8. https://www.thehindu.com/news/international/the-azov-battalion-the-neo-nazis-of-ukraine/article65239935.ece
  9. https://www.aztagdaily.com/archives/489550

 

aztagdaily.com/archives/543167

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail