«Ֆրանսան Պիտի Դառնայ Ուքրանիոյ Անվտանգութեան Երաշխաւորը» Կ՛ըսէ Մաքրոն

«Ֆրանսան Պիտի Դառնայ Ուքրանիոյ Անվտանգութեան Երաշխաւորը» Կ՛ըսէ Մաքրոն

11 ԱՊՐԻԼ 2022 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտարարեց, որ իր երկիրը Ուքրանիոյ անվտանգութեան երաշխաւորը պիտի դառնայ: Անոր համաձայն, Ուքրանիոյ մէջ «որոշ պահու» զինադադար պիտի ըլլայ, եւ պէտք է խաղաղութիւն հաստատել: Ան այս մասին յայտնեց «Լը Փարիզիեն» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին:

«Ատիկա չի կրնար տեղի ունենալ առանց երաշխաւորի, եւ Ֆրանսան կոչուած է ըլլալու այդ երաշխաւորներէն մէկը», ըսաւ Մաքրոն:

Ֆրանսայի նախագահը նաեւ ունի այն կարծիքը, որ անհրաժեշտ է շարունակել Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ բանակցութիւնները: Մաքրոնի համաձայն, ինք պատրաստ է շարունակելու Ուքրանիոյ հարցով Ռուսիոյ նախագահին հետ հաղորդակցութիւնները:

Յիշեցնենք, որ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին նախապէս նշած էր 7 երկիրներ, որոնք կրնան դառնալ Ուքրանիոյ անվտանգութեան երաշխաւորը: Այդ երկիրներն են` Միացեալ Նահանգները, Բրիտանիան, Թուրքիան, Լեհաստանը, Գերմանիան, Ֆրանսան եւ Իսրայէլը:

Միեւնոյն ժամանակ, «Սի.Էն.Էն.»-ի աղբիւրները յայտնած են, որ Միացեալ Նահանգներ դժուար թէ Ուքրանիոյ տան անվտանգութեան այն երաշխիքները, որոնք Քիեւ կը պահանջէ:

Ֆրանսայի նախագահը «Էր.Թէ.Էլ.» ձայնասփիւռի կայանէն յայտնեց. «Այս տագնապը, ցաւօք, շուտով պիտի չաւարտի: Կը կարծեմ, որ մենք յառաջիկայ օրերուն եւ շաբաթներուն Տոնպասի մէջ շատ բարդ իրավիճակ պիտի տեսնենք: Այդ պատճառով մենք Թուրքիոյ, Յունաստանի եւ ՄԱԿ-ի հետ ամէն ինչ կ՛ընենք` Մարիուփոլ եւ Տնեփր քաղաքներուն մէջ մարդասիրական գործողութիւններ կազմակերպելու համար»:

Անոր կարծիքով, «յառաջիկայ շաբաթներուն Ռուսիայէն պէտք չէ դիւանագիտական զիջումներ սպասել: Ատիկա տեղի պիտի չունենայ մինչեւ մայիսի կէսերը», ըսած է Մաքրոն` յիշեցնելով, որ Ռուսիան 9 մայիսին կը նշէ Յաղթանակի օրը:

Ֆրանսայի ղեկավարը միեւնոյն ժամանակ ընդգծած է, որ զինուորական գործողութիւններու իւրաքանչիւր նոր օր «վաղուան օրը աւելի կը բարդացնէ»:

«Եւրոպայի մէջ խաղաղութիւն պիտի չըլլայ, եթէ վաղուան օրուան մասին չմտածես», նշած է ան:

Միւս կողմէ, Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Լուիճի Տի Մայօ իտալական «Իլ Մեսաճիերօ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարեց. «Իտալիան պատրաստ է ստանձնելու (Ուքրանիոյ) երաշխաւորի դերը, մենք կը պաշտպանենք բանակցային հոլովոյթը` հաւատալով ատոր մէջ Թուրքիոյ դերին: Բաւարար չէ, որ (բանակցութիւններու) սեղանին շուրջ ըլլան միայն երկու կողմերը, անհրաժեշտ է այլ միջազգային դերակատարներ աւելցնել», ըսաւ Տի Մայօ:

Յիշեցնենք, որ ուքրանական կողմը յայտարարած է, որ Քիեւ համաձայն է արձանագրելու իր չէզոք եւ հիւլէական զէնքէ զերծ կարգավիճակը, եթէ տրուին անվտանգութեան երաշխիքներ, որոնք իրենց բովանդակութեամբ եւ ձեւով համանման ըլլան ՕԹԱՆ-ի դաշինքի 5-րդ յօդուածին:

aztagdaily.com/archives/543325

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail