Ցնորամիտ Օսմանեան Սուլթանները Սպաննած Են Իրենց Եղբայրները` Իրենց Գահը Պահպանելու Համար ՅԱՐՈՒԹ –ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Ցնորամիտ Օսմանեան Սուլթանները Սպաննած Են Իրենց Եղբայրները` Իրենց Գահը Պահպանելու Համար ՅԱՐՈՒԹ –ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

11 ԱՊՐԻԼ 2022 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Բոլորս գիտենք, որ օսմանեան բանակը անողոք դաժանութեամբ գրաւած է բազմաթիւ երկիրներ: Նաեւ գիտենք, որ Օսմանեան կայսրութիւնը զանգուածային սպանութիւններ եւ ցեղասպանութիւն իրականացուցած է միլիոնաւոր հայերու, ասորիներու, յոյներու եւ քիւրտերու հանդէպ: Սակայն քիչերը գիտեն, որ օսմանեան սուլթանները սովորաբար սպաննած են իրենց ընտանիքին անդամները:

Վերջերս YouTube-ի վրայ անհաւատալի տեսանիւթ մը դիտեցի, ուր փաստագրուած էր օսմանեան սուլթաններու բարբարոսական վարքագիծը: Տասներեք վայրկեան տեւողութեամբ տեսանիւթին համաձայն, օսմանեան ղեկավարները զբաղած են «յոռի եւ կործանարար  գործերով»: Տեսանիւթը վերնագրուած է` «Զարհուրելի բաներ, որոնք «բնական» էին Օսմանեան կայսրութեան մէջ»: YouTube ցոյց կու տայ, որ տեսանիւթը տեղադրուած է 15 հոկտեմբեր 2021-ին, եւ վեց ամիսէն նուազ ժամանակահատուածի մէջ զայն դիտած է 640.975 հոգի, որուն 10 հազարը հաւնած է տեսանիւթը: Ասիկա կը  նշանակէ, որ աւելի քան 640 հազար հոգի այժմ տեղեակ է օսմանեան սուլթաններու դաժանութիւններուն մասին:

Ահա՛ տեսանիւթի մասնակի սղագրութիւնը.

«Երբ (սուլթան) Մեհմետ Նուաճողը (Ֆաթիհ, Ա.) պաշարեց Կոստանդնուպոլիսը, անոր հօրեղբայրը պատերու վրայէն կը կռուէր անոր դէմ: Օսմանցիին բնորոշ ձեւով Մեհմետ անողորմ վարուեցաւ իր հօրեղբօր հետ եւ գահը վերցնելէ ետք պատգամ յղեց օսմանցիներու ապագայ սերունդներուն: Ան սկսաւ հաւաքել արական սեռի իր բոլոր ազգականները եւ մահապատիժի ենթարկեց զանոնք: Իր անխղճութեամբ ան չխնայեց նոյնիսկ կրտսեր եղբայրը, որ նորածին մանուկ էր օրօրոցի մէջ: Մեհմետ առանց աչքը թարթելու` շնչահեղձ ըրաւ զայն: Երբ մէջտեղէն վերցուց գահի համար իր բոլոր հաւանական յաւակնորդները, Մեհմետ յայտարարեց. «Իմ զաւակը, որուն որ պիտի անցնի սուլթանութիւնը, տեղին է, որ յանուն աշխարհակարգի, սպաննէ իր եղբայրները: Ուլեմայի (բարձրաստիճան կրօնական առաջնորդներու) մեծ մասը թոյլ կու տայ այս արարքը: Ուրեմն թող գործեն այսպէս»:

«Այսպիսով, սկիզբ առաւ սերունդներու քաղաքացիական պատերազմներու շարքը, երբ իւրաքանչիւր յաջորդ սուլթան` Օսմանեան կայսրութեան իրաւայաջորդը, ստիպուած էր ձեռքերը թաթխել իր եղբայրներուն, զարմիկներուն եւ հօրեղբայրներուն արեան` գահը պահպանելու համար: Կ՛ըսուի, որ ուրիշ Մեհմետ մը` Մեհմետ Գ. այնքան սրտնեղած էր, որ հոգեվարքի մէջ մօրուքը կը փետէր, երբ կրտսեր եղբայրը ողորմածութիւն կ՛աղերսէր եւ նորէն ու նորէն կ՛երդնուր, որ երբեք զէնք չի վերցներ իր դէմ: Սակայն, պարտաւորուած` ընտանեկան աւանդոյթներով, Մեհմետ Գ.-ի առանց որեւէ խօսք ըսելու շրջուեցաւ, եւ հաւատարիմ մարդիկ սպաննեցին տղան` Մեհմետ Գ.-ի միւս 18 եղբայրներուն հետ: Բոլոր 19 եղբայրներուն մարմինները ինկած էին Պոլսոյ փողոցները, եւ կ՛ըսէին, որ այդ գիշեր ամբողջ քաղաքը կ՛ողբար մահացածներուն հոգիներուն համար: Նկատի ունեցէք, որ նոր սուլթանի գահակալութենէն ետք սպանութիւնները պիտի չդադրէին: Թագաւորական ընտանիքի բոլոր ազգականներուն որսը պիտի շարունակուէր անողոքաբար»:

«Նոյնիսկ Սուլէյման սքանչելիի ձեռքերը մաքուր չէին, քանի որ ան փողոցին մէջ աղեղնալարով խեղդամահ ըրած էր իր զաւակը միայն այն պատճառով, որ վերջինիս ժողովրդականութիւնը խելագարութեան խնդիր դարձած էր օսմանցիներու ամէնէն նշանաւոր  սուլթանին համար»:

«Սակայն, երբ 1617-ին Ահմետ Ա. յանկարծամահ եղաւ, ընդհանուր համաձայնութիւն մը  կնքուեցաւ ազգականներու եւ անոր թողած ընտանիքին միջեւ: Այս անգամ Պոլսոյ փողոցները թագաւորական արիւնով ողողելու փոխարէն` հոգեւորականները հանդարտօրէն հաստատեցին առաջնեկութեան կիրարկութիւնը (առաջնեկներու իրաւայաջորդութեան իրաւունքը) եւ նոր սուլթան յայտարարեցին անոր կրտսեր եղբայրը` Մուսթաֆա Առաջինը, քանի որ Ահմետի որդիները չափազանց երիտասարդ էին կառավարելու համար: Իրեն` Մուսթաֆային, խնայած էր իր եղբայրը` Ահմետ Առաջինը, քանի որ 12 եւ 13-ամեայ եղբայրները չափազանց մօտիկ էին իրարու եւ դժուար թէ մէկը միւսին մահը պատուիրէր»:

«Այդ ժամանակէն սկսեալ ազգականները սպաննելու քաղաքականութիւնը փոխարինուեցաւ անոնց կալանաւորումով: Հնարաւոր գահաժառանգները բանտարկելու էին Թոփքափի պալատին մէջ: Պոլսոյ մէջ այս յատուկ կացարանները կը կոչուէին «քաֆես», որ կը նշանակէ «վանդակ»: Կրնայ ըլլալ, Օսմանեան կայսրութեան իշխանը, որ իր ամբողջ կեանքը բանտարկուած անցընէր «քաֆես»-ի մէջ` օր ու գիշեր պահակներու հսկողութեան տակ: Այս իշխանները ստացած են ամէն տեսակ շքեղութիւն եւ կրնային վարել արքայական ցեղին վայել ճոխ ապրելակերպ, սակայն անոնց դէմ խստօրէն կիրարկուած են տնային կալանքի սահմանափակումները: Այս պատճառով բազմաթիւ  իշխաններ խելագարած են ձանձրոյթէն կամ դարձած են խիստ անառակ: Երբ նոր սուլթանը կը բերէին (պալատի) Երջանկութեան դարպասներուն մօտ` վեզիրներու (նախարարներու) հաւատարմութիւնը ստանալու համար, այդ առաջին անգամը կ՛ըլլար, որ ան տասնամեակներու ընթացքին դուրս կ՛ելլէր «վանդակ»-էն… Ոչ իտէալական նախապատրաստական ընթացք` մարդու մը համար, որ պիտի դառնար տիրակալ, այդպէս չէ՞: Թէկուզեւ ծիսական քաղաքացիական պատերազմները վերջ ունեցան, այսուհանդերձ, սակայն, թագաւորին ազգականները շարունակեցին ապրիլ իրենց գլուխը ամէն վայրկեան կորսնցնելու մնայուն վախով»:

Տեսանիւթին երկրորդ մասով կը ներկայացուի սուլթանին մեկուսացուած կեանքը պալատին մէջ` իր բազմաթիւ հարճերուն հետ հարեմի մը մէջ, որ կը գտնուէր սուլթանին մօր վերահսկողութեան տակ: Մենք գիտենք, որ, ցաւօք, այդ կիներէն քանի մը հատը եղած են երիտասարդ հայ աղջիկներ: Տեսանիւթին անանուն հեղինակը նկարագրած է նաեւ գլխատումները պալատին մէջ եւ այն երկու սիւները, որոնցմէ կը կախուէին կտրուած գլուխները:

Այսուհետեւ, եթէ ոեւէ մէկը ձեզի ըսէ, որ Օսմանեան կայսրութիւնը եղած է հանդուրժող եւ քաղաքակիրթ, կրնաք անոր առաքել այս յօդուածին պատճէնը կամ  յղում ընել եութուպեան վերոնշեալ տեսանիւթին: Այս երկուքը կը լռեցնեն այդպէս արտայայտուողները:

 

Արեւելահայերէնի թարգմանեց` ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց` ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail