Խաղաղ Բնակիչներու Կոտորածը Ազրպէյճանի Կողմէ Աւելի Քան 30 Տարի Վարուող Ցեղասպան Քաղաքականութեան Հետեւանք է

Մարաղայի, Սումգայիթի, 44-օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Խաղաղ Բնակիչներու Կոտորածը Ազրպէյճանի Կողմէ Աւելի Քան 30 Տարի Վարուող Ցեղասպան Քաղաքականութեան Հետեւանք է

11 ԱՊՐԻԼ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Արցախի Հանրապետութեան ԱԳՆ-ն յայտարարութիւն տարածած է Մարաղայի կոտորածի 30-րդ տարելիցին առիթով.

«Այսօր Արցախի Հանրապետութեան Մարտակերտի շրջանի Մարաղա աւանի խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ ազրպէյճանական բանակին կողմէ 1991 թ․ Ապրիլ 10-ին կազմակերպուած դաժան հաշուեհարդարի 30-րդ տարելիցն է։ Կոտորածին իբրեւ արդիւնք շուրջ 50 մարդ, ներառեալ՝ 30 կին, ենթարկուած է կտտանքներու եւ գազանաբար սպաննուած, քանի մը տասնեակը՝ գլխաւորապէս կիներ եւ երեխաներ, գերեւարուած է, անոնցմէ 19-ի ճակատագիրը առ այսօր անյայտ է։

Մարաղայի վրայ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու յարձակումը կապուած չէր ռազմական անհրաժեշտութեամբ․ նպատակը տարածքի գրաւումն ու այնտեղ ապրող մարդոց ոչնչացումն էր։ Մարաղայի տասնեակ բնակիչներ սպանուեցան միայն այն պատճառով, որ հայ էին։ Մարաղայի ջարդը, որ ծրագրուած էր Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ նաեւ իբրեւ ահաբեկման ակտ, ի ցոյց դրաւ Պաքուի ցեղասպան ծրագրերը Արցախի ամբողջ բնակչութեան նկատմամբ։

Այն փաստը, որ ազրպէյճանական զինուած ուժերու՝ Մարաղայի մէջ պատերազմական յանցագործութիւններ կատարած ստորաբաժանումներու հրամանատար Շահին Տագիեւը արժանացած է Ազրպէյճանի ազգային հերոսի կոչման, եւս մէկ անգամ կը փաստէ, որ խաղաղ բնակիչներու զանգուածային սպանութիւնը ազրպէյճանական զօրքին առջեւ դրուած գլխաւոր խնդիրներէն էր։ Ազրպէյճանական իշխանութիւններուն այդ քայլը վերահաստատեց, որ անոնք կը կրեն Մարաղայի մէջ իրականացուած միջազգային հակաիրաւական գործողութիւններու ողջ պատասխանատւութիւնը։

Մարաղայի խաղաղ բնակիչներու կոտորածը մաս կը կազմէ ազրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ աւելի քան 30 տարի կանոնաւոր կերպով վարուող ցեղասպան քաղաքականութեան՝ սկսեալ Սումգայիթի դաժան ջարդերէն մինչեւ 2020թ․ 44-օրեայ զինուած յարձակման ընթացքին իրագործուած պատերազմական յանցագործութիւններ։

Միայն ուժեղ եւ բարգաւաճող, իր պետականութիւնը զարգացնող, միջազգային իրաւական առարկայնութիւն ունեցող եւ ողջ հայութիւնը իր շուրջ համախմբող Արցախը կրնայ ըլլալ Մարաղայի ողբերգութեան չկրկնուելու լաւագոյն երաշխիքը»։

yerakouyn.com/2022/04/11/մարաղայի-սումգայիթի-44-օրեայ-պատերազմի/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail