Արցախի Դէմ Գործուած Նախայարձակումը Եւ Անոր Ոճրային Հետեւանքները Գիտնալ եւ Գործել – Յակոբ Պալեան

ԿԱՐՕ ՔԱՀՔԷՃԵԱՆ – ՍՊԻՏԱԿ ԱՐՋԸ – ԻՄ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԻՄ ՀԱՅՐԵՆԻՔՆ Է – ԻՄ ԵՐԿԻՐԸ

Արցախի Դէմ Գործուած Նախայարձակումը Եւ Անոր Ոճրային Հետեւանքները Գիտնալ եւ Գործել – Յակոբ Պալեան

11 ԱՊՐԻԼ 2022 – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ – ԱՇԽԱՐՀ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:

Յակոբ ՊալեանՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Երբեմն ես ինծի հարց կու տամ, որ չարիքը եւ ոճիրը պէ՞տք է գնահատել եւ դատել ըստ զոհի վայրին եւ ծաւալին: Այդպէս կը գործէ ՄԵԾԵՐու ռէալ փոլիթիքը

            Ո՛չ Եւրոմիութիւնը, ո՛չ Մեծն Բրիտանիան, ո՛չ Միացեալ Նահանգները եւ ո՛չ ալ այլ երկիրներ զօրակցական նոյն թափով եւ զօրութեամբ չհակազդեցին, լուռ մնացին, երբ թուրք-ազերի բանակներ ներխուժեցին Արցախ, գործածեցին արգիլուած զէնքեր, ինչպէս ֆոսֆորային եւ այլ ռումբեր, ջարդեցին, քանդեցին, հազարաւոր կրօնական մոլեռանդ վարձկաններ բերին կռուելու համար Հայաստանի դէմ:

            Քաղաքակիրթ աշխարհը, Եւրոմիութիւնը, Միացեալ Նահանգները, Ռուսիան, գիտցան, մեղաւորէ աւելի՝ անբարոյական լռութիւն պահել, Հայաստանի եւ Արցախի ժպիտ բաշխեցին, երբեմն ալ՝ տոլար եւ եւրօ:

            Ոչ ոքի համար գաղտնիք է, եթէ մեծեր եւ պզտիկներ քաղաքական ճապկումներ չընեն եւ չթաքնուին պատմութեան խեղաթիւրումներու ետին, գիտեն որ Արցախը Հայաստան է: Ի հարկէ, եթէ տգէտ չեն: Աշխարհի մեծերը երբեք «անգէտ» չեն, քանի որ իրենց կից որոնող աշխատողներ ունին, իրազեկ մարդոցմով սպասարկութիւններ:

Պատերազմական ոճիր եւ ցեղասպանական արարք կը դատուին ըստ սկզբունքի՞, թէ՞ ըստ ծաւալի: Կը դատուին ըստ շահակցութիւններո՞ւ եւ ըստ աշխարհագրական դիրքի՞, թէ՞ ըստ միտումիՀարիւր թէ մէկ ֆոսֆորային ռումբ կը վկայեն միտումի մասին եւ գործածողը ըստ այնմ վերաբերումի պէտք է արժանանայ: Պատերազմական ոճիրները դատողներ ինչո՞ւ չդատեցին Արցախի դէմ ֆոսֆորային ռումբ գործածողներըԻնչո՞ւ Հայաստան դատարան չդիմեց այս հարցով :

Ֆոսֆորային ռումբով յարձակում գործած թուրք-ազերի ներխռւժողները պատասխանատուութեան չկանչուեցան պատկան ատեաններու կողմէ: Միջազգային հանրային կարծիքը, ՄԱԿի Ապահովութեան Խորհուրդը հարկ չտեսան հարցը քննելու եւ դիրք ճշդելու, դատապարտելու:

            Պէտք է կրկնել եւ շեշտել, որ Հայաստանի եւ Արցախի իշխանութիւնները հրապարակաւ եւ բարձրագոչ պահանջով չներկայացան միջազգային համայնքին, չամբաստանեցին ՄԱԿի անդամ ներխուժող պետութիւնը:

            Ճիշդ է, Հայաստան եւ Արցախ մեծերու եւ սպայակոյտերու քարտէսներուն վրայ հազիւ կ’երեւին, փոքր են, բազմամիլիոն ժողովուրդ չունին, Եւրոպայի դրկից չեն, հսկայ տարածութիւն չեն, ախորժակներ սրող հարստութիւններ չունին: Բայց այս ամէնը կրնա՞ն սկզբունք եւ բարոյական անտեսելու պատճառ ըլլալ: Անվարան պէտք է խօսիլ քաղաքական անբարոյութեան մասին:

            Եթէ միջազգային համայնքը սկզբունքային կեցուածք ունեցած եւ պաշպանած ըլլար Արցախը եւ Հայաստանը, արգիլած ըլլար, որ կտտանքներու ենթարկուին հայ ռազմագերիները, Եւրոմիութիւն, Ամերիկա եւ ՄԱԿ կը գնահատուէին որպէս ազատութեան եւ արդարութեան ախոյեաններ, ո՛չ ըստ խօսքի, այլ՝ ըստ գործի: Բայց հրէի եւ հեթանոսի միջեւ տարբերութիւն դնելով, Պիղատոս ըլլալով, անոնք իրենք զիրենք վարկաբեկեցին:

            Ինչպէ՞ս հաւատալ անոնց արդարութեան եւ անշահախնդրութեան բարձրագոչ յայտարարութիւններուն:

            Ի հարկէ կարելի չէ չափսոսալ ուքրայինացիներու դժբախտութեան ի տես, չընդվզիլ՝ տեսնելով քաղաքներու աւերումը, ուր մարդիկ տուն ունէին եւ հիմա անտուն են: Ուր մահեր կան:

            Եւ այժմ հարց պէտք է տանք նախ մենք մեզի, թէ ինչո՞ւ ՄԱԿը, Ապահովութեան Խորհուրդը, Եւրոմիութիւնը, Միացեալ Նահանգները, Չինաստանը, Հնդկաստանը, անտարբերութեամբ դիմաւորեցին հայ հինգ կամ վեց հազար զոհերը, տասնեակ հազարով վիրաւորները եւ հաշմանդամները, աւերուած եւ աւերուող սրբատեղիները:

            Մենք ի՞նչ կրնայինք ընել եւ չըրինք, եւ շարունակեցինք իշխանութիւն-ընտրութիւն խաղալ, օրէնքներով սահմանուած իրաւունքները չարժեցուցինք եւ բողոքի ալիք չբարձրացուցինք:

            Հայաստան հացահատիկի միջազգային շտեմարան չէր, հանքային մեծ հարստութիւններ չունէր, հետաքրքրական չէր: Բայց այդ բոլորը բարոյական պարտաւորութենէ զերծ կրնայի՞ն պահել այսօր Ուքրայինայի աղէտի համար ինքզինք զօրաշարժի ենթարկած միջազգային համայնքը, բոլոր անոնք որոնք իրենք զիրենք կոչած են միջազգային իրաւարարի եւ պատժող դատաւորի դերին, չխնայելով միջոցներ:

Ոչ ոք կրնայ ըսել, որ Արցախի, անոր ժողովուրդին եւ անոր մշակութային ժառանգութեան դէմ կատարուած բիրտ յարձակումէն տեղեակ չէր: Բայց Արցախը Եւրոպայի մէջ չէր, անոր դրկից չէր, հակառակ անոր որ կը գտնուէր կրօնաքաղաքակրթական նոյն աւազանին մէջ:

            Երէկ, Ապրիլ 9ին, երեկոյան ժամը 20ին, ֆրանսական Cnews հեռատեսիլի կայանը, խիստ ուշագրաւ հաղորդում սփռեց, նոյնքան ուշագրաւ անուանումով. «Հայաստանի եւ Հայերու մոռցուած ողբերգական եւ մոռցուած ճակատագիրը» (Le sort tragique et oublié de l’Arménie et des Arméniens)Զրոյցը ընթացաւ Հայաստանի եւ Արցախի հարցերէն լաւատեղեակ հեռատեսիլի կայանի լրագրող եւ ընկերաբանՄաթեէօ Պոք-Քոթէի եւ լրագրող, գրող, ՖԻԿԱՐՕ ՄԱԿԱԶԻՆի խմբագրապետ  Ժան-Քրիսթոֆ Պուիսոնի միջեւ: Զրոյցէ մը աւելին էր ինչ որ տեսայ եւ լսեցի: Ժան-Քրիսթոֆ Պուիսոն յաճախ գտնուած է Արցախ եւ Հայաստան, անդրադարձած է հարցերուն, մանաւանդ 44օրեայ պատերազմէն ետք: Ան կ’ամբաստանէ Եւրոպան, թուրք-ազերիական վայրագութիւններուն հանդէպ ցուցաբերած իր անտարբերութեան համար, բաղդատած Ուքրայինայի պարագային:

            (Եթէ ընթերցողը ուզէ լսել Ժան-Քրիսթոֆ Պուիսոնի մեկնաբանութիւնները, համացանցի վրայ կրնայ գտնել youtub-ներ, գրելով՝ jean-christophe buisson arménie):

            Ժան-Քրիսթոֆ Պուիսոն շատ աւելի յստակ խօսք ունի, ճշմարտութիւններ կ’ըսէ, քննադատութիւններ կ’ընէ, քան ինչ որ կ’ընեն Հայաստանի իշխանութիւնները եւ ընդհանրապէս հայերը:

            Լսելէ ետք Cnews հաղորդման ընթացքին յստակ խօսք ըսած Ժան-Քրիսթոֆ Պուիսոնը եւ Մաթեէօ Պոք-Քոթէն, կը հասնիմ այն եզրակացութեան, որ Ֆրանսան եւ աշխարհը տեղեակ են թուրք-ազրպէյճանական քաղաքական լայնածիր յաւակնութիւններէն: Բայց ինչո՞ւ չեն հակազդեր: Գերմանիան չի հակազդեր, խուսափելու համար երկրին մէջ հաստատուած միլիոնաւոր թուրքերու ճնշումներէն, տարբեր ձեւով Ֆրանսան ալ նոյն մտավախութիւնները ունի, Ամերիկան Արցախի համար պատերազմ պիտի չյայտարարէ, մինչեւ այն ատեն, որ Թուրքիոյ յաւակնութիւնները վտանգեն իր կողմէ հակակշռուող միջազգային դրութիւնը, այսինքն՝ իր շահերը:

Հայաստան պարտուածի մսկոտութեամբ Արցախի հարցը չի միջազգայնացներ, զայն չի ներկայացներ որպէս մշակութական-ցեղապաշտական-կրօնական նախայարձակման զոհ, հետեւաբար, քաղաքակրթական գալիք պատերազմի սկիզբը ահազանգող: Քաղաքակրթութիւններու բախման  առաջքը կարելի չէ առնել զիջումներով, գեղագիտական-կոսմետիկ շպարներով: Այսօրուան Արցախ հայաշխարհի դէմ պատերազմը շարունակութիւն է: Ֆրանսացի Ժան-Քրիսթոֆ Պուիսոն ամենայն յստակութեամբ ըսաւ, որ ինչ որ կը պատահի այսօր Արեւմտահայաստանի բռնագրաւման եւ ցեղասպանութեան շարունակութիւնն էթրքական մեծութեան հետապնդման ճամբուն վրայ:

            Եւրոպան, Ամերիկան, Արաբները, նաեւ Չինաստանը եւ Հնդկաստանը պէտք է գիտակցին,- չեմ խորհիր որ չեն գիտեր,- որ Թուրքիա կը հետապնդէ համաթուրանական երազը: Միշտ պէտք է յիշել Թուրքիոյ նախկին նախագահ Սուլէյման Տեմիրէլի խօսքը, որ Թուրքիան կը տարածուի Եգէականէն Չինաստան: Այս գիտէ Չինաստանը, պէտք է գիտնայ նաեւ Ռուսիան, որուն հետ Թուրքիա քաղաքական ճապկումներ կ’ընէ, միշտ հետապնդելով թուրքին ապրած աշխարհները միացնելու քաղաքականութիւն (թիւրք իրքինին եաշատըկը եէրլէր):

            Այս վերլուծումները պատճառ չեն, որ մենք, Հայաստան եւ սփիւռք, չպայքարինք ՄԵՐ ՏԵՍԱԿի ոչնչացման միտող նախայարձակումներուն դէմ, յիշեցնելով նաեւ քաղաքակիրթ աշխարհին, որ ինք եւս նոյն նաւուն վրայ է, եթէ ոչ այսօր, վաղը անպայման:

            Իսկ մենք պիտի գիտնա՞նք ճիշդ ուղի ընտրել եւ չկոտորակուիլ: Այդ ընելու համար իմաստութեամբ պիտի գործե՞նք ճիշդ մարդիկը դնելով իրենց ճիշդ գործին գլուխը: Քանի դեռ ուշ չէ: Քանի դեռ կայ յոյսը:

            Ինչո՞ւ մեր անունով ՄԱԿի ժողովին չենք ղրկեր Ժան-Քրիսթոֆ Պուիսոնները, հայ կամ օտար

yerakouyn.com/2022/04/11/արցախի-դէմ-գործուած-նախայարձակումը-ե/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail