Ռուսիան Ուզեց Ուքրանիան Առնել Իր Տիրապետութեան Տակ, Իր Հզօրութիւնը Հաստատել Եւ Արեւմուտքը Պառակտել, Սակայն Այդ Բոլորին Մէջ Ձախողեցաւ – Կ՛ըսէ Պլինքըն

Ռուսիան Ուզեց Ուքրանիան Առնել Իր Տիրապետութեան Տակ, Իր Հզօրութիւնը Հաստատել Եւ Արեւմուտքը Պառակտել, Սակայն Այդ Բոլորին Մէջ Ձախողեցաւ – Կ՛ըսէ Պլինքըն

12 ԱՊՐԻԼ 2022 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Որեւէ պատերազմ միշտ կ՛աւարտի խաղաղութեամբ, եւ բանակցութիւններ անհրաժեշտ են փրկելու համար կեանքերը, զորս տակաւին կարելի է փրկել: «Էսոշիէյթըտ Փրես»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին:

«Շատ կարեւոր է դադրեցնել այս պատերազմը: Թէեւ ատիկա դժուար է, զգացականօրէն դժուար, ոչ ոք կ՛ուզէ խօսիլ մարդոց հետ, որոնք կը ծաղրեն երկիրը: Զանոնք կարելի է հասկնալ, ես ինքս զանոնք շատ լաւ կը հասկնամ` իբրեւ մարդ, իբրեւ հայր: Սակայն մենք չենք կրնար կորսնցնել դիւանագիտական լուծման կարելիութիւնը, եթէ ատիկա ունինք: Մենք չենք կրնար մենք մեզի արտօնել որոշում կայացնել փոխան տասնեակ միլիոնաւոր մարդոց, որոնք կ՛ուզեն դադրեցնել պատերազմը: Մենք չենք կրնար անոնց փոխարէն որոշել եւ ըսել` «ոչ, մենք մարդասպաններու հետ պիտի չխօսինք», շեշտած է ան:

Խօսելով այն աջակցութեան մասին, որ Ուքրանիան այժմ կը ստանայ արեւմտեան երկիրներէն, Զելենսքի անգամ մը եւս կշտամբած է ՕԹԱՆ-ի երկիրները, որ չեն հասկնար այն սպառնալիքները, որոնք Ռուսիան կը ներկայացնէր. «Եթէ մենք ՕԹԱՆ-ի մէջ ըլլայինք, այս պատերազմը չէր ըլլար, կամ ալ ամէն ինչ չէր ըլլար այնպէս, ինչպէս հիմա է»:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ պետական Տումայի միջազգային հարցերով յանձնախումբի նախագահ Լէոնիտ Սլուցքի յայտարարած է, որ Եւրոպական յանձնաժողովի արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորելի` Ուքրանիոյ տագնապը ռազմական ճամբով լուծելու անհրաժեշտութեան մասին յայտարարութիւնը կը կրկնէ Ուաշինկթընի նմանատիպ յայտարարութիւնները` դառնալով «փայլուն նուէր Քիեւի վարչակարգին համար»:

«Պորել Քիեւ կատարած այցելութենէն ետք յայտարարութիւն կատարեց, որմէ ետք Տումայի նախագահ Վիաչեսլաւ Վոլոտինը առաջարկեց անյապաղ պաշտօնանկ ընել զինք: Պատերազմը «պէտք է մարտի դաշտին մէջ յաղթել», ըսաւ Պորել: Ասիկա փայլուն նուէր է Քիեւի վարչակարգին, որ չի խուսափիր արիւնալի սադրանքներէն, բնակելի թաղամասերու հրթիռակոծումներէն, պատերազմական գերիներու խոշտանգումներէն եւ մահապատիժէն: Եւրոպական դիւանագիտութեան ղեկավարը կը հասկնա՞յ, թէ ո՛ր կողմը բռնած է», «Թելեկրամ»-ի վրայ գրած է Սլուցքի:

Անոր համաձայն, Եւրոպական Միութեան պաշտօնատարը այս պարագային կը կրկնէ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութեան կոչերը, որոնք «իրօք կ՛ուզեն Ռուսիոյ պարտութիւնը եւ ուղղակիօրէն կը նպաստեն ատոր»` համաշխարհային տիրապետութիւն հաստատելու համար:

«Այժմ Պրիւքսել կ՛արձագանգէ Ուաշինկթընին, եւ իր գլխաւոր դիւանագէտին բերնով», նշած է Սլուցքի` աւելցնելով, որ Արեւմուտքի մէջ պաշտօնատարները սկսած են շատ վտանգաւոր հռետորաբանութիւն կիրարկել:

Պորել 8-9 ապրիլին Ուքրանիա կատարած այցելութենէն ետք «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում կատարած է Ուքրանիոյ ամբողջական աջակցութիւն ցուցաբերելու պատրաստակամութեան մասին, ներառեալ զէնքի մատակարարումներու տեսքով, եւ աւելցուցած, որ այս պատերազմը «պէտք է մարտի դաշտին մէջ յաղթել»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն ամերիկեան «Էն.Պի.Սի. Նիուզ»-ին յայտնեց. «Ուքրանիոյ տիրելու ռուսական բուն ծրագիրը ամբողջովին աղէտալի ձախողութեան մատնուեցաւ»:

«Այն ինչ որ Ուքրանիոյ մէջ տեսանք, իրապէս ռազմավարական ձախողութիւն է եւ թերեւս նոյնիսկ Ռուսիոյ համար պարտութիւն մը», նշեց Պլինքըն:

«Ռուսական ուժը մեծապէս նուազեցաւ, եւ Արեւմուտքը այսօր աւելի միասնական է, քան երբեւիցէ», ըսաւ ան:

Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը նաեւ նշեց. «Ռուսիան ուզեց Ուքրանիան առնել իր տիրապետութեան տակ, իր հզօրութիւնը հաստատել եւ Արեւմուտքը պառակտել, սակայն այդ բոլորին մէջ ձախողեցաւ»:

Միւս կողմէ, Ուքրանիոյ ընդհանուր դատախազը բրիտանական «Սքայ Նիուզ»-ին յայտնեց, որ Քիեւի շրջանին մէջ մինչեւ հիմա 1222 դիակ յայտնաբերուած է:

aztagdaily.com/archives/543446

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail