Ատրպէյճան Կ՛արձագանգէ Մարաղայի Ջարդերուն Վերաբերող Հայաստանի Յայտարարութեան
12 ԱՊՐԻԼ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութեամբ մը անդրադարձաւ Մարաղայի կոտորածի 30րդ տարելիցին՝ նշելով, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը՝ ապահովելու Արցախի ժողովուրդին՝ իր հայրենիքին մէջ ազատ, անվտանգ եւ արժանապատիւ կեանքի իրաւունքը, եւ կ՛ընդգծէ միջազգային հանրութեան ջանքերուն հրատապութիւնը՝ կանխելու Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան գոյութենական ապահովութեան համար սպառնալիքները:
Նախարարութիւնը հաստատեց, որ Մարաղայի խաղաղ բնակիչներու կոտորածը Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ առաւել քան 30 տարիներ կանոնաւոր կերպով վարուող «ցեղասպան քաղաքականութեան մաս կը կազմէ՝ սկսեալ Սումկայիթի դաժան ջարդերից մինչեւ 2020ի 44օրեայ զինուած յարձակման ընթացքում իրագործուած պատերազմական յանցագործութիւններ»:
«Միայն ուժեղ եւ բարգաւաճող, իր պետականութիւնը զարգացնող, միջազգային իրաւական ինքնուրոյնութիւն ունեցող եւ ողջ հայութեանն իր շուրջ համախմբող Արցախը կարող է լինել Մարաղայի ողբերգութեան չկրկնուելու լաւագոյն երաշխիքը», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ:
Նախարարութիւնը դիտել կու տայ, որ Մարաղայի պատերազմական յանցագործութիւնները փաստագրուած են մարդու իրաւունքներով զբաղող միջազգային կազմակերպութիւններու, ներառեալ՝ «Հիումըն Ռայթց Ուաչ» եւ «Էմնըսթի Ինթըրնեշընըլ» իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու զեկոյցներուն մէջ, որոնք կը վկայեն, որ այդ ջարդերուն 50 անձեր դաժանաբար սպաննուած են, որոնց կարգին՝ 30 կիներ, իսկ պատանդ բռնուած են 29 կիներ եւ 9 մանուկներ, որոնցմէ 19ին ճակատագիրը ցարդ կը մնայ անյայտ:
«Ներկայումս ադրբեջանական զինուած ուժերի կողմից Լեռնային Ղարաբաղում հայ քաղաքացիական բնակչութեան շարունակական թիրախաւորումն ու հումանիտար ճգնաժամ ստեղծելուն ուղղուած գործողութիւնները, ինչպէս նաեւ ս. թ. Մարտի 24ից ՌԴ խաղաղապահ ուժերի պատասխանատուութեան գօտի ներխուժումը, որի հետեւանքով աւելի քան 400 անձ ստիպուած տեղահանուեց, վկայում են պաշտօնական Բաքուի իրական նպատակի մասին՝ ամբողջական ցեղային զտումների ենթարկել Արցախը», կ՛ըսուի նոյն յայտարարութեան մէջ:
Յայտարարութեան արձագանգեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, որուն հրապարակած յայտարարութեան մէջ կը նշուի, թէ «Հայաստան դարձեալ կը դիմէ քայլերու, որոնք կը վկայեն Երեւանի մօտ Պաքուի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու իրական ցանկութեան բացակայութեան մասին»:
«Մենք կը մերժենք Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հերթական անհիմն, անօրինական եւ թշնամական յայտարարութիւնը եւ վճռականօրէն կը դատապարտենք հայկական կողմին ապակառուցողական դիրքորոշումը, որ արտայայտուած է այնպիսի պահու, երբ երկու երկիրները որոշած են յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած քայլերու ձեռնարկել», կ՛ըսուի Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
asbarez.am/416651/ատրպէյճան-կ՛արձագանգէ-մարաղայի-ջարդ/