Ուաշինկթըն Կը Շարունակէ Աջակցիլ Հայաստանին Եւ Ատրպէյճանին, Նաեւ՝ ԵԱՀԿի Մինսքի Խմբակի Ծիրին Մէջ

Ուաշինկթըն Կը Շարունակէ Աջակցիլ Հայաստանին Եւ Ատրպէյճանին, Նաեւ՝ ԵԱՀԿի Մինսքի Խմբակի Ծիրին Մէջ

12 ԱՊՐԻԼ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ԵՐԵՒԱՆ, «Լուրեր».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաստատեց, որ իրենք կը շարունակեն յանձնառու մնալ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ խաղաղ, ժողովրդավարական եւ բարգաւաճ ապագայի կառուցման:

Նախարարութենէն այս հաստատումը կատարեցին՝ պատասխանելով «Լուրեր»ու այն հարցումին, թէ արդեօք Միացեալ Նահանգները յանձնառո՞ւ է ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան առաքելութեան համահունչ՝ Լեռնային Ղարաբաղի համապարփակ լուծման հոլովոյթին, նկատի ունենալով, որ քանի մը օր առաջ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարած էր, որ Ֆրանսա եւ Միացեալ Նահանգները՝ Ռուսիոյ հետ ամէն կապ խզելնուն պատճառով ջնջած են նաեւ ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի եռանախագահութիւնը՝ յայտարարելով, որ չեն ուզեր այդ ձեւաչափով Ռուսիոյ հետ հաղորդակցիլ:

«Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը կը յորդորենք աշխուժացնելու իրենց դիւանագիտական հաղորդակցութիւնը եւ շարունակել օգտուելու ուղղակի հաղորդակցութեան համար գոյութիւն ունեցող գործիքակազմերու՝ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին վերաբերող կամ վերջինիս պատճառով յառաջացած հարցերուն համապարփակ լուծումներ գտնելու նպատակով եւ կարգաւորելու յարաբերութիւնները՝ խաղաղութեան համապարփակ համաձայնագիրի հասնելու եղանակով։

Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ պատրաստ ըլլալ այս նախաձեռնութիւններուն մէջ աջակցիլ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին, ներառեալ ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի մեր կարողութիւններու ծիրին մէջ», կ՛ըսուի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան պատասխան նամակին մէջ:

asbarez.am/416640/միացեալ-նահանգները-կը-շարունակէ-աջակ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail