Կիրօ Մանոյեան. «Դաշնակցութեան Համար Հայ Դատը Ազատ, Անկախ Եւ Միացեալ Հայաստան Հիմնելն Է»

Կիրօ Մանոյեան. «Դաշնակցութեան Համար Հայ Դատը Ազատ, Անկախ Եւ Միացեալ Հայաստան Հիմնելն Է»

13 ԱՊՐԻԼ 2022 – ՀԱՅ ԴԱՏ:

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արծիւ» յայտագիրի հիւրն էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեանը: Նիւթը` «Երիտասարդութիւնը եւ Հայ դատի մերօրեայ պայքարը»:

«Դաշնակցութեան համար Հայ դատը ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան հիմնելն է: Միայն Ցեղասպանութեան ճանաչման, հատուցման հարցերը չեն, այլ ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան հիմնելը:

Յատկապէս Հայաստանի անկախացումէն ետք, Հայ դատի քաղաքական օրակարգը ներառեց նաեւ Արցախի, տարբեր երկիրներու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հանդէպ բարենպաստ քաղաքական մթնոլորտի ստեղծման, Ջաւախքի հայութեան իրաւունքներու, ինչպէս նաեւ Նախիջեւանի հետ կապուած խնդիրները», յայտագիրի ընթացքին ըսած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը:

aztagdaily.com/archives/543645

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail