Ֆրանսան` Իբրեւ Մինսքի Խմբակի Համանախագահ, Կ՛աջակցի Արցախի Հիմնախնդիրի Լուծման Եւ Կը Շարունակէ Աշխատիլ Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Հետ
13 ԱՊՐԻԼ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Ֆրանսան կը վերահաստատէ իր լիակատար յանձնառութիւնը Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման թէ՛ երկկողմանի մակարդակի վրայ, թէ՛ ալ իբրեւ Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահ եւ Մինսքի խմբակի համանախագահ: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այս մասին յայտարարած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը` պատասխանելով այն հարցումին, թէ Փարիզ ինչպիսի՞ դիրքորոշում ունի ապագային վերաբերեալ Մինսքի խմբակին, որուն համանախագահ է Ֆրանսան:
«Այդ կարգավիճակով Ֆրանսան կը շարունակէ աշխատիլ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հետ, որպէսզի յառաջընթաց արձանագրուի մարդասիրական հարցերուն մէջ, եւ կը շարունակէ աջակցիլ երկու երկիրներուն միջեւ սահմանազատման աշխատանքներուն, շրջանի մեկուսացումը վերացնելու հոլովոյթին, ժառանգութեան պահպանման, երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքման եւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի լուծման:
«Այդ նպատակով 4 փետրուարին Հանրապետութեան նախագահի նախաձեռնութեամբ տեսաժողովի ձեւաչափով հանդիպում կազմակերպուած է Հայաստանի վարչապետին, Ազրպէյճանի նախագահին եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահին հետ: Մինսքի խմբակի ֆրանսացի համանախագահը այս օրերուն աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնուի Երեւան», նշուած է յայտարարութեան մէջ:
aztagdaily.com/archives/543653