Հայաստանի Մէջ Զգացուած Պայթիւնը Տեղի Ունեցած Է Իգտիրի Մէջ

Հայաստանի Մէջ Զգացուած Պայթիւնը Տեղի Ունեցած Է Իգտիրի Մէջ
8 սեպտեմբեր 2015
Պարզուած են Սեպտեմբեր 8-ին Հայաստանի սահմանամերձ բնակավայրերու բնակչութեան կողմէ զգացուած պայթիւնի մանրամասնութիւնները:

Ինչպէս կը յայտնէ ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով թրքական «Anadolu» լրատուական գործակալութիւնը` այս առաւօտ պայթիւն մը տեղի ունեցած է Թուրքիոյ Իգտիր նահանգին մէջ:
Իգտիրի Տիլուճու սահմանային անցակէտի (Թուրքիա-Նախիջեւան սահմանին) աշխատակիցներու անվտանգութիւնը ապահովող ոստիկաններու մեքենան պայթած է քիւրտ զինեալներու կողմէ նախապէս ականապատուած ճանապարհով անցնելուն:
Թրքական լրատուամիջոցները նախ յայտարարած էին պայթիւնի հետեւանքով 10 ոստիկանի մահուան մասին, կարճ ժամանակ անց լուրի թարմացումներուն արդէն կը խօսուէր 12 զոհի մասին: Կը տեղեկացուի, որ կան նաեւ վիրաւորներ:

Յիշեցնենք, որ Սեպտեմբեր 8-ի առաւօտեան` ժամը 09: 45 սահմաններուն ՀՀ ՏԿԱԻՆ ահազանգ ստացուած էր այն մասին, որ Արարատի մարզի Ռանչպար գիւղին մէջ պայթիւնի ձայն լսուած է: Պայթիւնը զգացուած էր նաեւ Հայաստանի այլ սահմանամերձ բնակավայրերու մէջ: ՏԿԱԻՆ-մամլոյ ծառայութենէն տեղեկացուցած էին, որ պայթիւնը տեղի ունեցած է Արարատի մարզի Նորամարգ գիւղէն 5 քմ հեռաւորութեան վրայ` Թուրքիոյ տարածքին մէջ:

www.yerakouyn.com/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail