«Արցախը Երբեւէ Չի Կարող Ադրբեջանի Կազմում Լինել». Արտակ Բեգլարեան
15 ԱՊՐԻԼ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան արձագանգեց Արցախի վերաբերեալ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կեղծ պնդումներուն ու յայտարարութիւններուն:
«Չնայած Ալիեւի պնդումներին՝ ադրբեջանա-ղարաբաղեան հակամարտութիւնը չի կարգաւորուել, եւ պէտք է միջազգային աջակցութեամբ կարգաւորուի՝ առաջնահերթօրէն Արցախի ժողովրդի ինքնորոշման իրաւունքի անվերապահ ու անսահմանափակ իրացման միջոցով: Ի լրումն իրաւական ու պատմական բաւարար հիմքերի՝ վերջին 34 տարուայ ցեղասպանական քաղաքականութիւնը հայութեան հանդէպ եւ համակարգային հայատեացութիւնն Ադրբեջանի կողմից լրացուցիչ հիմքեր են եզրայանգելու, որ Արցախը երբեւէ չի կարող Ադրբեջանի կազմում լինել ոչ մի կարգավիճակով», գրած է ան «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ:
Բեգլարեան յայտնեց, որ Արցախի զինուած ուժերը Փառուխէն եւ Քարագլուխէն երբեւէ կրակ չեն բացած Խաչէնի ջրամբարի ու Ակնայի (Աղդամի) ուղղութեամբ, եւ եթէ Ալիեւ ունի հակառակը ապացուցող փաստեր, թող հրապարակէ: Ընդհակառակն՝ Փառուխի գրաւման նախորդող շաբաթներուն Ատրպէյճան ինք կը սադրէր՝ ականանետերով կրակելով խաղաղ բնակավայրերու ուղղութեամբ:
Ան ընդգծեց, որ կազատար խողովակը դիտաւորեալ պայթեցնելէ ետք, զայն վերականգնելու ձգձգումները ընդհանրապէս բարի կամքի դրսեւորում չեն:
asbarez.am/416935/արցախը-երբեւէ-չի-կարող-ադրբեջանի-կազ/