Պէտք Չէ Մեզի Պատերազմով Վախցնել, Ատիկա Մեզի Չի Պարտադրեր Հրաժարիլ Պայքարէն. Դաւիթ Իշխանեան
18 ԱՊՐԻԼ 2022 – ԱՐՑԱԽ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի արտահերթ նիստին ելոյթ ունեցած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան:
Չեմ ուզեր կեդրոնանալ ՀՀ վարչապետի ելոյթին, դրուագային, թատերականացուած եւ բեմադրուած սենարին, ատիկա ոչ թէ ինքնախոստովանութեան, ինքնաքննադատութեան, այլ մեծամտութեան, ժողովրդական, ձեռնավարական եւ ուղեղներ լուալու տարիներու գործելաոճին համապատասխան պահուածք է, որուն կրկին ներկայացաւ ոչ միայն մեր, այլեւ համաշխարհային հանրութեան, որուն, հաւանաբար, պատասխանատու է իր անցած ճանապարհի եւ իր հասած նշաձողի համար։ Այս մասին Արցախի ԱԺ արտահերթ նիստի ժամանակ իր ելոյթին ընթացքին յայտարարեց «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան։
«Մեզի համար զարմանալի ու անակնկալ չէին այդ ելոյթով հնչած թեզերը։ Այն, ինչ կը կատարուէր թաքուն, բացայայտուեցաւ։ Այն, ինչ չէր յաջողուած տասնամեակներ, հիմա կը փորձեն առիթը չկորսնցնել։ Խղճահարութեան դրուագներ ստեղծող առաջնորդը չի կրնար ըլլալ իմ եւ ձեր, այն հպարտ ժողովուրդի առաջնորդը, որ 1988 թուականին կրկին որդեգրեց ազգային–ազատագրական պայքարի գաղափարն ու տեսլականը՝ ունենալով յաջողութիւններու եւ կորուստներու շարք, տալով բազմաթիւ զոհեր, չընկճուելով, չյուսահատելով, գիտակցելով, թէ յանուն ինչ նպատակի համար է այդ ամէնը՝ յանուն ապագայ սերունդներու, յանուն ազգային իտէալներու, յանուն նպատակի եւ ոչ թէ միջոցի։ Եւ ի՞նչ։ Հիմա կը փոխէ մեր որդեգրած պայքարի փիլիսոփայութիւնը, նպատակը կը փոխարինուի միջոցով, «խաղաղութեան դարաշրջանի» բացման քօղին տակ կը հրահրուի նոր պատերազմ, նոր ողբերգութիւններ, եթէ ուղղակի ըսենք՝ Արցախի հայաթափում»,- ըսաւ ան։
Պատգամաւորը նշեց, որ Նիկոլ Փաշինեանը Արցախը կը վախցնէ միջազգային հանրութեան դիրքորոշումներու կեղծ ներկայացումով։ «Այդ ո՞ր միջազգային հանրութեան դիրքորոշումներու մասին է, ո՞ւր էին անոնք 2020 թուականի աշնան, որո՞ւն ջրաղացին ջուր կը լեցնէին, իսկ վառած կրակին իւղ։ Այդ ի՞նչ արժէքներ դաւանող միջազգային հանրութեան մասին է խօսքը, հաւանաբար աւելի բա՞ց ենթաթեքսթով խօսուէր՝ «ԼԿՊՏ», կամ «նոր աշխարհակարգ» բառեր, որոնք, հաւանաբար, մեր հանրութեան շատ բան կ՝ըսեն։ Հաւանաբար, ԵԱՀԿ–ն ալ համաշխարհային հանրութիւն, իսկ ո՞ւր են իրենք՝ իրաւագիր ունեցողները»,– ըսաւ ան։
Դաւիթ Իշխանեան նշեց, որ պէտք չէ ըլլալ զգայական, քանզի գործնական ըլլալը քաղաքական գործիչներու եւ քաղաքական այրերու համար կարեւոր յատկանիշ է։ «Պէտք չէ պատրանքներու դաշտ մտնել, այո՛, բայց պէտք չէ նաեւ ապակողմնորոշել, մանիփուլացնել, խեղաթիւրել։ Գիտակցաբար փորձած են բոլոր տարբերակները՝ բանակցութիւնները սկսելով զերօ կէտէն, սեփական նախաձեռնութիւններ ցուցաբերելով, նոյն համաշխարհային հանրութիւնը մոլորեցնելով, ամէն ինչ հասցնելով ուղղակի նահանջի եւ կորուստի։ Արցախի ու արցախցիներու կողմէ իրաւագիր չունենալու պատճառաբանութիւններով Արցախի ճակատագիր կը մոգոնեն, արիւն կը հեղեն եւ յետոյ կը խոստովանին։ Յետոյ ի՞նչ։ Այդքան միամիտ չենք»,– ըսաւ ան։
Դիմելով Նիկոլ Փաշինեանին՝ պատգամաւորը նշեց, որ եթէ քաղաքական վեքթոր կը փոխեն՝ յստակ պէտք է կողմնորոշուիլ եւ յայտարարել, որպէսզի «մեր հեռու եւ մօտիկ բարեկամներն ալ հասկնան ու կողմնորոշուին, մենք ալ հասկնանք ու կողմնորոշուինք»։ «Ոհմակային հոգեբանութեամբ ձեր արբանեակները ազատ ձգած էք Արցախի ու արցախցիներու մասին բարբաջանքներ հնչեցնելու եւ այն ալ ամենապատասխանատու եւ ամենաբարձր ամպիոնէ՝ ՀՀ ազգային ժողովի ամպիոնէն։ Կատարեցէք Արցախի եւ արցախցիներու անվտանգութեան երաշխաւորի ձեր պարտականութիւնները։ Խեղուած ձեւակերպումներով մի՛ ներկայացնէք այնպէս, իբր կ՝ուզէք պաշտպանել Արցախի ժողովուրդի իրաւունքները, այդ իրաւունքները պաշտպանած են մեր պապերն ու ծնողները, մենք եւ մեր որդիները՝ Արցախը հայկական պահելով, կերտելով պետականութիւն, այդ իրաւունքները պահպանուած են անցած երեսուն տարիներուն ու կը պահպանենք ապագային եւս, անոնք պէտք է պահպանուին միասին»,– ըսաւ ան։
Պատգամաւորը նաեւ նշեց, որ Փաշինեանը ընդունած է Ազրպէյճանի առաջարկած կէտերը՝ չառաջարկելով սեփականը եւ այդ քայլը պատճառաբանած իբրեւ ազգային շահերէ բխող քայլ։ «Կը սկսիք խաղաղութեան բանակցութիւններու գործընթաց, կը նախաձեռնէք երկկողմ ձեւաչափով խաղաղութեան պայմանագրի նախապատրաստական աշխատանքներ, սահմանազատման եւ սահմանագծման միտուած յանձնաժողովի ձեւաւորում, եւ որ զարմանալին է՝ յանձն կ՝առնէք այս գործընթացը կարճ ժամանակի մէջ աւարտին հասցնելու»,– նշեց ան։
«Պէտք չէ մեզի վախցնել պատերազմով, ատիկա չի կրնար պարտադրել մեզի հրաժարիլ երեսուն տարի առաջ մեր որդեգրած պայքարէն։ Ես կը հաւատամ մեր ժողովուրդի հաւաքական ուժին, անոր անկոտրում ոգիին ու կամքին։ Մենք աւելի ծանր կացութիւններ յաղթահարած ենք։ Դեռ կ՝ուզեմ միամտօրէն յոյս պահել, որ մեր պետականութիւնը կորսուտի ճանապարհով տանող ՀՀ իշխանութիւնները եւ անոր առաջնորդը այս աշխարհաքաղաքական բարդ իրավիճակին մէջ իր մէջ ուժ պիտի գտնէ համապատասխան քայլեր ձեռնարկելու, որպէսզի ապագային միտուած որոշումները կայացուին ունակ քաղաքական գործիչներու եւ հեռատես առաջնորդներու միջոցով»,– ըսաւ Դաւիթ Իշխանեան։
Դաւիթ Իշխանեանի ելոյթը ամբողջութեամբ.
yerakouyn.com/2022/04/14/պէտք-չէ-մեզի-պատերազմով-վախցնել-ատիկա/