Վաղուց պէտք էր, որ Դաշնակցութիւնը ԱՐՏԱՀԵՐԹ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ ՄԸ գումարէր Թիւ 55 Շրջաբերականը կէտ առ կէտ քողազերծելու առաջադրանքով – Յարութ Գալայճեան

Վաղուց պէտք էր, որ Դաշնակցութիւնը ԱՐՏԱՀԵՐԹ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ ՄԸ գումարէր Թիւ 55 Շրջաբերականը կէտ առ կէտ քողազերծելու առաջադրանքով – Յարութ Գալայճեան

ԱՐՑԱԽ-ը եւ Անպատասխան ԻՆՉՈՒ՞-ն

«Վաղուց պէտք էր, որ Դաշնակցութիւնը ԱՐՏԱՀԵՐԹ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ ՄԸ գումարէր Թիւ 55 Շրջաբերականը կէտ առ կէտ քողազերծելու առաջադրանքով եւ կասեցնէր կազմակերպութեան ԱՅԼԱՍԵՐՄԱՆ ՎՏԱՆԳԸ»։
___________________

16 ԱՊՐԻԼ 2022 – Յարութ Գալայճեան – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Հ•Յ•Դաշնակցութեան պատմութեան մէջ չկա՜յ քաղաքական յարաբերութիւն մը, որ ցարդ կը մնայ անբացատրելի՝ ինչպիսին է Քոչարեան-ՀՅԴ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՍԻՐԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ։

Եւ անտարակոյս, այդ անբացատրելիութիւնն է, որ կը շարունակէ պահել ՀՅԴ-ն իր կազմակերպական փակուղիին մէջ եւ անոր ժողովրդային վարկանիշը մատնել՝ անդնդագնացութեան ճակատագրին։

Քոչարեանի 1998-ի նախագահութենէն մինչեւ այսօր, Հ•Յ•Դաշնակցութիւնը գործած է հաւատարմօրէն այդ նախագահի կողքին եւ ՈՒՂԻՂ 21 տարի առաջ ճիշդ ԱՅՍՕՐ՝ Ապրիլի 16-ին, Քի Վեսթի Փաստաթուղթի հարցով ՀՅԴ Բիւրոն Հ• Մարգարեանի հրամանատարութեամբ՝ դաշնակցական Մարմիններուն կը յղէր տխրահռչակ Թիւ 55 Շրջաբերականը, որուն մէջ քաղաքական ինքնասպանութեան մը գիտակցութեամբ ի միջի այլոց կը կատարէր կարգ մը խիստ ԱՆՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ հաստատումներ եւ ԱՆՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ հարցադրումներ•

1- Ղարաբաղեան հարցի վերջնական լուծումը գուցէ ամիսների հարց է։

2- Համաձայնելու դէպքում արդեո՞ք կարող ենք երբեւէ կորցրածը վերականգնել։

3- Արդեո՞ք, մենք իրաւունք ունե՞նք այսօրուայ կենցաղային, ազգային-պետական հոգսերից ելնելով գնալ նման համաձայնութեան։

4- Մերժման պարագային պէտք է քաջ գիտակցել, որ հալածանքը մեր նկատմամբ անխուսափելի է լինելու, յար եւ նման, գուցէ աւելի խիստ քան եղաւ նախորդ իշխանութիւնների օրոք։

5- Հոգնած, սոցիալիստական դժուարութիւններ դիմագրաւող մի ժողովուրդ քայլելու՞ է մեր ետեւից։ Վերջապէս, նորանկախ պետութեանը չե՞նք զլանալու կազմակերպուելու, ամրանալու, հզորանալու մի առիթ։

6- Ձեւաւորուող փաթեթը ամբողջութեամբ պարտութիւն չի նշանակում։

7- Այլ խօսքով՝ այլեւս չենք կարող (առանց մասնաւոր մեծ ճիգ թափելու) ընդդիմութեան գլխաւոր ուժը լինել։

8- Շրջաբերականի բովանդակութիւնը պէտք է մնայ խորհրդապահական։

Վաղուց պէտք էր, որ Դաշնակցութիւնը ԱՐՏԱՀԵՐԹ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ ՄԸ գումարէր Թիւ 55 Շրջաբերականը կէտ առ կէտ քողազերծելու առաջադրանքով եւ կասեցնէր կազմակերպութեան ԱՅԼԱՍԵՐՄԱՆ ՎՏԱՆԳԸ, որ դժբախտաբար բազմապատկուեցաւ 20 տարիով՝ ՀՐԱՆԴԻ ՄԻԱՀԵԾԱՆ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ։

Այդուհանդերձ, ՏԽՐԱՀՌՉԱԿ Շրջաբերականի 21-Ամեակի առիթով, արժէ յայտնաբերել (թեկուզ շատ համառոտաբար) կրկնուող սխալները եւ յաջորդող 2 բիւրոներու Մարգարեանախոհ հաւատարմութիւնը•

1- Ժողովուրդէն եւ Շարքերէն գաղտնի գործելու մարտավարութիւնը։

2- Պետութենէն եւ Հայ Դատէն աւելի առաջնահերթ է ԻՇԽԱՆԱՏԵՆՉՈՒԹԻՒՆԸ։

Եւ երէկուան ՀՅԴ Բիւրոյի Նիկոլախտային ԵՒ Թիւ 55 Շրջաբերականը այնքա՜ն յիշեցնող ՈՒ ինքնախայտառակող Հայտարարութիւնը՝

վերոյիշեալ ԵՐԿՈՒ իրողութիւններու բացարձակ վկայութիւնն է։

16 ԱՊՐԻԼ 2022

ՄՈՒՂՆԻ / Հայաստան

Facebook

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail