Ժողովրդային Բողոքի Ցոյց Դէպի Աթէնքի Մէջ Թրքական Դեսպանատուն (նկարներ)
21 ԱՊՐԻԼ 2022 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Շաբաթ, 16 Ապրիլ 2022-ի երեկոյեան, Աթէնքի արուարձաններէն հայահոծ Նէա Զմիռնիի Հայոց ցեղասպանութեան յուշակոթողին առջեւ, հայ յարանուանութեանց կողմէ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւն եւ գոհաբանական մաղթանք, ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն։
Նէա Զմիռնիի հայկական յուշարձանին առջեւ կատարուած արարողութենէն ետք, ժողովուրդը ուղղուեցաւ դէպի Աթէնքի կեդրոնական Սինտաղմա հրապարակը, ուր Հ.Յ.Դ. Երիտ. միութեան տեղեկատուական կրպակին առջեւ մեր երիտասարդները եւ պատանիները արդէն կը սպասէին մեր հայրենակիցներուն, կատարելու համար բողոքի քայլարշաւի եւ ցոյցի մեկնարկը դէպի թրքական դեսպանատուն։
Աւելի քան հազար հոգինոց բազմութիւնը ճամբայ ելաւ առաջնորդութեամբ Հ.Յ.Դ. Պատանեկան միութեան անդամներուն, որոնք բռնած էին մեծադիր եռագոյն մը, տպաւորիչ տեսարան մը ներկայացնելով ամբողջ քայլերթի ընթացքին։ Կը յաջորդէին Հ.Յ.Դ. Երիտ. միութեան անդամները մեծ պաստառներով եւ եռագոյն դրօշակներով, որոնց ետեւէն կը հետեւէր ժողովուրդը։
Քայլարշաւի ամբողջ տեւողութեան, բարձրախօսներէն կը լսուէին Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի յարձակողականութիւնը դատապարտող լոզունքներ, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու կոչեր, Արցախի վրայ ատրպէյճանական յարձակումը դատապարտող կանչեր, որոնք մեր երիտասարդները եւ ժողովուրդը միաբերան կ՚արտայայտէին զօրաւոր բացագանչութիւններով։
Ժողովրդային քայլարշաւի հսկողութիւնը ստանձնած էին Հայ Դատի յանձնախումբի ընկերները, իսկ ոստիկանական նկատառելի ուժեր կը հետեւէին ու կը հսկէին երթին վրայ։
Նշենք, որ յունական եւ օտար լրատուամիջոցներու լրագրողներ եւ լուսանկարիչներ հետեւեցան ցոյցին եւ արձագանգեցին յունահայութեան պահանջատիրական ելոյթներուն։
Ժողովրդային երթը հասաւ Ռիղիլիս հրապարակին առջեւ, թրքական դեսպանատունէն քանի մը հարիւր մեթր հեռաւորութեան վրայ, ուր այս անգամ ալ, ոստիկանական զրահապատ ինքնաշարժներ եւ յատուկ ուժեր փակած էին ճամբան դէպի դեսպանատան շէնքը։ Երթը կանգ առաւ հրապարակին եւ կեդրոնական պողոտային վրայ, ուր գործադրուեցաւ յատուկ յայտագիր, մինչ պատանիներն ու երիտասարդները, դրօշակներով եւ պաստառներով, լայն շրջանակ մը կազմած էին, որոնց ետին կանգնած էր ժողովուրդը։
Երիտասարդական միութեան եռանդամ պատուիրակութիւն մը ճամբայ ելաւ դէպի դեսպանատուն, յանձնելու համար ժողովուրդի անունով յուշագիր մը դեսպանատան պատասխանատուներուն։
Միաժամանակ, յունական քաղաքական կուսակցութիւններու եւ պոնտական միութեան ներկայացուցիչները մէկ առ մէկ խօսք առին եւ բուռն դատապարտեցին Հայոց Ցեղասպանութեան անպատիժ մնացած ըլլալու իրողութիւնը, Արցախի վրայ Ատրպէյճանի սանձազերծած պատերազմը, Յունաստանի դէմ Թուրքիոյ յարձակողականութիւնը եւ ռազմաշունչ գրգռութիւնները, թրքական քաղաքականութիւնը եւ մեծապետական շահագործումները։
Հ.Յ.Դ. Պատանեկան միութեան անդամներ Նաթալի Էքիզեան եւ Մարիա Մարտիկեան կարդացին ուղերձներ իրենց միութեան անունով, իսկ Երիտ. միութեան Կեդր. վարչութեան անունով ընկ. Վազգէն Սավուլեան ներկայացուց հայ երիտասարդութեան խօսքը եւ Հայ Դատի իրագործման համար պայքարելու խոստումը, յունահայ երիտասարդութեան զօրակցութիւնը յայտնելով Արցախի մարտնչող երիտասարդութեան եւ ժողովուրդին։
Դժբախտաբար, նախորդ տարիներուն նման, թրքական դեսպանատան դռները անգամ մը եւս փակ մնացին մեր երիտասարդներուն առջեւ, ցոյց տալով թուրք պետութեան կողմէ շարունակուող լռութեան պատի կանգնումը Հայոց Ցեղասպանութեան անժխտելի իրողութեան դիմաց։
Ոստիկանական ուժերու ցուցմունքը՝ յուշագիրը դեսպանատան դիմաց գտնուող ծառի մը վրայ զետեղելու մասին, կտրականապէս մերժուեցաւ մեր երիտասարդներու պատուիրակութեան կողմէ, որոնք վերադարձան հաւաքուած ժողովուրդին մօտ առանց գիրը յանձնած ըլլալու։ Տեղւոյն վրայ, երիտասարդականի կողմէ ընկ. Լոռի Գույումճեան բարձրախօսէն արտայատուեցաւ կատարուած դէպքին մասին դեսպանատան առջեւ եւ բուռն արտայայտութիւններով դատապարտեց թրքական մերժումը։ Ան շեշտեց, որ հայ երիտասարդութիւնը պիտի շարունակէ իր անդուլ պայքարը, ընդդէմ թրքական ժխտողականութեան, մինչ ներկայ ժողովուրդը բարձրագոչ արտայայտութիւններով իր ընդվզումը յայտնեց կատարուած իրողութեան համար։
Երիտասարդները ճամբուն վրայ զետեղեցին մէկուկէս միլիոն թիւը խորհրդանշող երկար պարան մը, որ վարելով ստեղծեց կայծկլտող պատկեր մը, իսկ չորս պատանիներ օդին վրայ արձակեցին լուսաւորուած մեծ պարիկներ, որոնց մէջ վառած կրակը խոյացաւ դէպի վեր, խորհրդանշելով մեր ժողովուրդի նահատակութեան լուսաւոր յիշողութիւնը եւ յարգանքը։
Ժողովրդային բազմամամարդ ցոյցը վերջ գտաւ ժողովուրդին կողմէ հայկական եւ յունական ոգերգներու միաբերան կատարումով։
yerakouyn.com/2022/04/20/ժողովրդային-բողոքի-ցոյց-դէպի/