Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Քրտական Արհաւիրք… Աղէտ — Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Քրտական Արհաւիրք… Աղէտ

turkey-HAYRENIK AZTAG
27 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016

Չափազանցութիւն չէր… Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան Կարօ Փայլանի կատարած բուռն քննադատութիւնը` Էրտողանի սուլթանամէտ ղեկավարութեան: Արդարեւ, Փայլան առանց բառերը ծամծմելու եւ դարձդարձիկ արտայայտութիւններ կատարելու, պատկերասփիւռի կայանէ մը կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին ահազանգ հնչեցուցած էր, թէ Անգարայի ներկայ ղեկավարութիւնը քիւրտերու ցեղասպանութիւն կը կատարէ:

Քրտամէտ ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան կողմէ ընտրուած Փայլանի ահազանգը այլ դէտեր եւ վերլուծաբաններ ալ կը կատարեն, սակայն թէ՛ Էրտողանի եւ թէ՛ արեւմտեան աշխարհի կարգ մը քարոզչական բանալի մեքենաները կը փորձեն հաստ ու անթափանց քողով ծածկել իրականութիւնը:

Այս իրավիճակը ստեղծուեցաւ կամ, աւելի ճիշդը, իր գագաթնակէտին հասաւ 7 յունիս  2015-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն, որոնց ընթացքին անսպասելիօրէն քուէներ հնձեց քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը, եւ աննախընթաց յաղթանակով մը պարտութեան մատնեց Էրտողանի նախագահական, այսինքն սուլթանական մենատիրութեան երազները:

Էրտողանի կը մնար «բռնկեցնել» որոշ խաղաքարտեր` մինչեւ անցեալ նոյեմբերի ընտրութիւններուն քուէներ ապահովելու համար: Այս գծով, Անգարա ունէր յենարան մը` յանձինս դրացի Տահէշի, որուն հետ թէ՛ քարիւղի արտադրութեան ու առեւտուրի եւ թէ՛ Սուրիա-Իրաք ճակատներուն վրայ գործակցութիւնը դուռ կը բանայ հաստափոր ուսումնասիրական գործի մը, լի` բազմաթիւ փաստագրական տեղեկութիւններով:

Սակայն Էրտողանի համար յստակ էր, որ քրտական, յատկապէս հարաւ-արեւելեան շրջաններէն ներս որեւէ անդորրութեան խախտում կրնար ստեղծել այնպիսի կացութիւն մը, որ բազմաթիւ տեղացի թուրքեր եւ պահպանողական քիւրտեր չհանդուրժէին պատահածը եւ դիմէին այլընտրանքի, այսինքն փոխան քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան` քուէարկել Էրտողանի Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան:

Անգարան է, որ կայծը տուաւ թուրք-քրտական նոր հակամարտութեան անսանձ ծաւալումին, եւ Սուրուժի եւ ապա Անգարայի պայթումներէն մթնոլորտը այնքան մը ելեկտրականացած էր, որ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան առջեւ հրապարակային ընտրարշաւն անգամ անկարելի էր: Այդ դաժան պայմաններու տակ տասը առ հարիւրէն աւելի քուէ ապահովելը սպասուածէն ալ աւելի էր:

Էրտողանի վարչամեքենային կատարածը պարզ խախտում չէր, այլ նոյնիսկ համազօր էր պետական հարուածի: Եւ անգամ մը եւս քարոզչական աշխարհը կրկին ծածկեց պատահածը, իսկ Արեւմուտքը անգամ մը եւս նիւթապէս օժանդակեց Անգարային` Սուրիայէն ժամանած գաղթականներուն համար… որոնց փախուստի ճամբան դէպի Եւրոպա ցայսօր դիտմամբ կը կատարուի:

Յունուար 12-ին Պոլսոյ կեդրոնական շրջաններէն մէկուն մէջ կատարուած պայթումին մասին շուտ է անդրադառնալը:

Յամենայն դէպս, նոյնիսկ անմեղ զբօսաշրջիկներու կեանքը խլած այդ արարքը անգամ մը եւս պիտի օգտագործուի սուլթանամէտ Էրտողանի կողմէ, որ պիտի շարունակէ քիւրտերու արհաւիրքը… աղէտը:

Ի վերջոյ, երեսփոխան Կարօ Փայլանի խօսքերը կրկնելով, անպատիժ մնացած Հայոց ցեղասպանութենէն հարիւր տարի ետք նմանօրինակ բան մը կը կատարուի քիւրտերուն դէմ:

12 յունուար 2016

ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail