28 Յունուար 1992. Հայոց Ազգային Բանակին Տօնը — 28 Յունուար 1992. Հայոց Ազգային Բանակին Տօնը

haygagan panag
28 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016

28 ­Յու­նո­ւա­րի այս օ­րը մեր ժո­ղո­վոր­դը կը տօ­նէ ­Հա­յոց Ազ­գա­յին ­Բա­նա­կին տօ­նը, որ ա­հա 24 տա­րիէ ի վեր ազ­գա­յին հպար­տու­թեան, հա­ւա­քա­կան կամ­քի ու միաս­նա­կան ու­ժի ինք­նավս­տա­հու­թեան եւ մար­տու­նա­կու­թեան ապ­րում­նե­րով վե­րա­նո­րո­գո­ւե­լու ա­ռի­թը կ­þըն­ծա­յէ աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րուն ապ­րող հայ մար­դոց։

28 ­Յու­նո­ւար 1992ին, վե­րան­կա­խա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ա­ռա­ջին նա­խա­գահ ­Լե­ւոն ­Տէր-­Պետ­րո­սեա­նի հրա­մա­նագ­րով, պաշ­տօ­նա­պէս կեան­քի կո­չո­ւե­ցաւ Հ.Հ. ­Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը եւ զայն գլխա­ւո­րե­լու պաշ­տօ­նը յանձ­նո­ւե­ցաւ ­Վազ­գէն ­Սարգ­սեա­նի։

­Բա­ռին քա­ղա­քա­կան ի­մաս­տով դժո­ւա­րին, այ­լեւ ցա­ւա­տանջ եր­կունք մը վի­ճա­կո­ւե­ցաւ ­Հա­յոց Ազ­գա­յին ­Բա­նա­կին։ ­Պե­տա­կան ու քա­ղա­քա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու ո­րո­շու­մէն ա­ռաջ ար­դէն, մեր ժո­ղո­վուր­դը ի՛նք իր ծո­ցէն ծնունդ տո­ւաւ ­Հայ­կա­կան ­Բա­նա­կի կա­մա­ւո­րա­կան յա­ռա­ջա­մար­տիկ­նե­րուն։ Ար­ցա­խեան Ա­զա­տա­մար­տի ա­ռա­ջին բռնկում­նե­րուն հետ, ­Մահ կամ Ա­զա­տու­թիւն մեր հի­նա­ւուրց ռազ­մեր­գը հնչեց­նե­լով եւ ­Հայ­րե­նիք կամ ­Մահ ուխ­տե­լով՝ դաշ­նակ­ցա­կան ֆե­տա­յի­նե­րու ա­ւան­դը վե­րա­նո­րո­գե­լով, հայ ժո­ղո­վուր­դի նո­րօ­րեայ ա­զա­տա­մար­տիկ­նե­րը հար­թե­ցին ­Հայ­կա­կան ­Բա­նա­կի ստեղծ­ման ու­ղին։

­Նոյ­նինքն Հ.Հ. պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան պաշ­տօ­նա­կան կայ­քէ­ջին վկա­յու­թեամբ, 1988ին թափ ա­ռած Ար­ցա­խեան ­Շարժ­ման ա­ռա­ջին իսկ քայ­լե­րէն սկսաւ ­Հա­յոց Ազ­գա­յին ­Բա­նա­կին սաղմ­նա­ւո­րու­մը։

­Հայ­կա­կան բա­նա­կի եր­կուն­քին մէջ ի­րենց վճռո­րոշ ներդ­րու­մը ու­նե­ցան Ար­ցա­խի հա­յու­թեան ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան նպա­տա­կով կազ­մո­ւած ժո­ղովր­դա­յին ա­ռա­ջին զի­նեալ խմբա­ւո­րում­նե­րը, ա­նոնց կազ­մա­կերպ­ման եւ ձե­ւա­ւոր­ման ա­ռա­ջադ­րան­քով պայ­քա­րի դաշտ նե­տո­ւած ինչ­պէս Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան, այն­պէս եւ նո­րա­յայտ հայ­կա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րու եւ կու­սակ­ցու­թեանց ֆե­տա­յա­կան ջո­կատ­նե­րը, նաեւ ու մա­նա­ւանդ՝ խորհր­դա­յին բա­նա­կին մէջ կազ­մա­ւո­րո­ւած հայ սպա­նե­րու յայտ­նու­թիւ­նը Ար­ցա­խեան ­Շարժ­ման յա­ռա­ջա­պահ դիր­քե­րուն վրայ։

­Քա­ղա­քա­կան խի­թեր ու գա­ղա­փա­րա­կան ցա­ւա­գին գա­լա­րում­ներ շատ ու­նե­ցաւ ­Հա­յոց ­Բա­նա­կին եր­կուն­քը.- ­Նոյ­նինքն Ար­ցա­խեան ­Շարժ­ման յա­ռա­ջա­տար ու­ժե­րուն մի­ջեւ ներ­քին հա­կա­սու­թիւն­ներն ու հա­կադ­րու­թիւն­նե­րը ան­պա­կաս ե­ղան։ ­Մին­չեւ իսկ 23 Օ­գոս­տոս 1990ի ­Հա­յաս­տա­նի Ան­կա­խու­թեան Հռ­չա­կագ­րի որ­դեգ­րու­մէն ետք, երբ 1918ի ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան պե­տա­կան հի­մե­րը վե­րա­կանգ­նե­լու միա­հա­մուռ յանձ­նա­ռու­թիւ­նը օ­րէնսդ­րա­կա­նօ­րէն ամ­րագ­րո­ւած էր, ­Հա­յոց Ազ­գա­յին ­Բա­նա­կի կազ­մու­թեան եւ Հ.Հ. պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան հիմ­նադր­ման քա­ղա­քա­կան քայ­լը դիւ­րին չառ­նո­ւե­ցաւ եւ ներ-քա­ղա­քա­կան բուռն հա­կադ­րու­թեանց պատ­ճառ դար­ձաւ։

­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ա­տե­նի իշ­խա­նու­թեանց ղե­կին հա­սած ­Հա­յոց ­Հա­մազ­գա­յին ­Շարժ­ման ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը յա­մա­ռօ­րէն պնդեց այն ռազ­մա­վա­րա­կան դա­ւա­նան­քին վրայ, թէ «­Մեր պաշտ­պա­նու­թիւ­նը մեր ան­պաշտ­պա­նո­ւա­ծու­թեան մէջ է»՝ ձգձգե­լով ի­րա­ւա­կան ու պաշ­տօ­նա­կան ամ­րագ­րու­մը մինչ այդ ի­րո­ղա­պէս ար­դէն կազ­մո­ւած ­Հա­յոց Ազ­գա­յին ­Բա­նա­կին ու պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան…

­Դեկ­տեմ­բեր 1991ի ­Խորհր­դա­յին ­Միու­թեան պաշ­տօ­նա­կան լու­ծա­րու­մէն ետք միայն ըն­թաց­քի մէջ դրո­ւե­ցաւ օ­րէնսդ­րա­կան նո­ւի­րա­գոր­ծու­մը ­Հայ­կա­կան ­Բա­նա­կի կազ­մու­թեան եւ, այդ ա­ռու­մով ալ, 28 ­Յու­նո­ւար 1992ին, Հ.Հ. պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան պաշ­տօ­նա­կոչ­ման օ­րը, հե­տա­գա­յին հռչա­կո­ւե­ցաւ ­Հայ­կա­կան ­Բա­նա­կի ազ­գա­յին-պե­տա­կան տօն։

­Յու­շա­տետ­րի սիւ­նա­կը տե­ղը չէ ա­ռանձ­նա­բար ու ա­նուն առ ա­նուն յի­շա­տա­կե­լու եւ ար­ժե­ւո­րե­լու ­Հա­յոց Ազ­գա­յին ­Բա­նա­կի կազ­մա­ւոր­ման սկզբնա­կան շրջա­նի, ինչ­պէս եւ իբ­րեւ պե­տա­կան հաս­տա­տու­թիւն ա­նոր կա­յաց­ման ու ար­մա­տա­ւոր­ման հե­տա­գայ հանգ­րո­ւան­նե­րու գլխա­ւոր դե­րա­կա­տար­նե­րը եւ ե­րախ­տա­ւոր­նե­րը։ ­Բայց ­Վազ­գէն ­Սարգ­սեա­նի ա­նո­ւան կող­քին ան­պայ­ման ի­րենց ար­ժա­նի տե­ղը ու­նին օ­րին պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը ղե­կա­վա­րած եւ տա­կա­ւին ապ­րող ու գոր­ծող քա­ղա­քա­կան-իշ­խա­նա­ւոր դէմ­քեր, ինչ­պի­սին են ­Վազ­գէն ­Մա­նու­կեանն ու ­Սերժ ­Սարգ­սեա­նը։

Ա­նու­րա­նա­լիօ­րէն մեծ ու ան­փո­խա­րի­նե­լի ե­ղաւ ներդ­րու­մը նաեւ ու մա­նա­ւանդ խորհր­դա­յին բա­նա­կի մէջ թրծո­ւած հայ սպա­նե­րուն՝ ինչ­պի­սին են ­Գուր­գէն ­Ղա­լի­պալ­թա­յեանն ու ­Մի­քա­յէլ ­Յա­րու­թիւ­նեան, Ար­կա­տի ­Տէր-­Թա­դե­ւո­սեան, ­Սա­մո­ւէլ ­Բա­բա­յեան եւ ­Սէյ­րան Օ­հա­նեան, միայն քա­նի մը ա­նուն­ներ յի­շա­տա­կե­լու հա­մար։

­Բայց ան­պայ­ման պէտք է յի­շել եւ յի­շեց­նել, ­Հա­յոց Ազ­գա­յին ­Բա­նա­կի տօ­նին ա­ռի­թով, որ ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան եւ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րու­մի թէժ պայ­քա­րին ծնուն­դը ե­ղաւ ­Հայ­կա­կան ­Բա­նա­կը։ Իր մար­տու­նա­կու­թիւ­նը ստա­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թե­նէն ու հա­յոց ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան դա­րա­ւոր պայ­քա­րի ռազ­մա­հայ­րե­նա­սի­րա­կան ա­ւանդ­նե­րէն։

Իբ­րեւ այդ­պի­սին, ե­ղաւ առ­նա­կան ծնուն­դը Ար­ցա­խեան Ա­զա­տա­մար­տին, որ­մէ եւ ստա­ցաւ ատրպէյ­ճա­նա­կան ու հա­մաթր­քա­կան սպառ­նա­կան վտան­գի դի­մագ­րաւ­ման միշտ պատ­րաստ գտնո­ւե­լու ներ­քին զօ­րու­թիւ­նը։

Ի վեր­ջոյ Անդ­րա­նի­կի եւ ­Գէորգ ­Չա­ւու­շի, Ա­րա­բո­յի եւ ­Նի­կոլ ­Դու­մա­նի, Նժ­դե­հի ու Դ­րո­յի ա­ւանդ­նե­րով սնա­նե­ցաւ ու հա­սակ նե­տեց վե­րան­կա­խա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ­Բա­նա­կը, որ վե­րա­ծո­ւե­ցաւ տա­րա­ծաշր­ջա­նի ա­մէ­նէն մար­տու­նակ զօր­քե­րէն մէ­կուն՝ եւ­րո­պա­կան թէ մի­ջազ­գա­յին ռազ­մա­վա­րա­կան կա­ռոյց­նե­րու վկա­յու­թեամբ։

Ա­հա թէ ին­չո՛ւ ազ­գա­յին ար­դար հպար­տու­թեան ու ինք­նավս­տա­հու­թեան տօնն է ­Հա­յոց Ազ­գա­յին ­Բա­նա­կի ծննդեան տա­րե­դար­ձը։
­Յատ­կա­պէս ազ­գա­յին մեր մար­տու­նա­կու­թիւ­նը վե­րա­նո­րո­գե­լու ուխ­տի օրն է այ­սօր, ո­րով­հե­տեւ գե­րա­զան­ցա­պէս ազ­գա­յին ինք­նա­պաշ­տա­նու­թեան ու ա­զա­տագ­րու­մի պայ­քա­րին ծնուն­դը ե­ղաւ ­Հա­յոց ­Բա­նա­կը եւ, իբ­րեւ այդ­պի­սին, կը շա­րու­նա­կէ յոյսն ու ա­պա­ւէ­նը մնալ թուր­քե­ւատր­պէյ­ճա­նա­կան սպառ­նա­կան վտան­գը տա­կա­ւին դի­մագ­րա­ւող հայ ժո­ղո­վուր­դին՝ ի ­Հա­յաս­տան թէ սփիւռս աշ­խար­հի։

Ար­ցա­խի ի­րո­ղա­կան ա­զա­տագ­րու­թեան եւ ա­զատ ու ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մին հա­մար ի­րենց ա­րիւնն ու գե­րա­գոյ­նը նո­ւի­րա­բե­րած մեր հե­րոս­նե­րուն եւ, մա­նա­ւա՛նդ, ա­նոնց ծնունդ տո­ւած ա­նընկ­ճե­լի մեր ժո­ղո­վուր­դին պար­տա­կան ենք աչ­քի լոյ­սի պէս պահ­պա­նու­մը, բա­րե­կար­գու­մը եւ հզօ­րա­ցու­մը այն­քան դժո­ւա­րին եր­կուն­քով կեանք ա­ռած ­Հայ­կա­կան ­Բա­նա­կին։
Ի վեր­ջոյ, ­Հայ­կա­կան ­Բա­նա­կին Օ­րը կու գայ շեշ­տե­լու ­Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան ազ­գա­յին ու պե­տա­կան անվ­տան­գու­թիւ­նը ե­րաշ­խա­ւո­րող ան­փո­խա­րի­նե­լի ող­նա­շա­րին շուրջ ազ­գո­վին՝ իբ­րեւ հա­սա­րա­կու­թիւն, քա­ղա­քա­կան ու­ժեր եւ մտա­ւո­րա­կա­նու­թիւն հա­մախմ­բո­ւե­լու հրա­մա­յա­կա­նը։

ԱԶԱՏ ՕՐ
http://www.azator.gr

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail