Ժան-Լիւք Մելանշոն Կը Յաւակնի Ֆրանսայի Վարչապետի Պաշտօնին
23 ԱՊՐԻԼ 2022 – ԱՇԽԱՐՀ:
Ֆրանսայի նախագահական ընտրութիւններու առաջին փուլին 3-րդ դիրքը գրաւած ձախակողմեան քաղաքական գործիչ Ժան-Լիւք Մելանշոն կ՛ակնկալէ խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք ստանձնել վարչապետի պաշտօնը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ ան այս մասին ըսած է ֆրանսական «Պէ.Էֆ.Էմ.» պատկերասփիւռի կայանի թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին:
«Ֆրանսացիներէն կը խնդրեմ ինծի զօրակցիլ եւ ընտրել վարչապետ», յայտարարած է Մելանշոն` նշելով. «Խորհրդարանական ընտրութիւնները պէտք է դառնան նախագահական ընտրութիւններու իւրօրինակ ամփոփում եւ երրորդ փուլ»:
Ֆրանսայի գործող նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն նախապէս ըսած է, թէ կիրակի, 24 ապրիլին նախատեսուած նախագահական ընտրութեան 2-րդ փուլին յաղթանակ արձանագրելու պարագային կրնայ ձախակողմեան ուժերու ներկայացուցիչին վստահիլ կառավարութեան ձեւաւորումը:
«Հինգերորդ հանրապետութեան պատմութեան ընթացքին չէ եղած մէկ ուրիշ նախագահ, որ իր քաղաքական մեծամասնութեան շրջանակէն դուրս որոնած է (երկրի կառավարման համար պիտանի) տաղանդներ», ընդգծած է Մաքրոն:
Ֆրանսայի մէջ խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան երկու փուլով` 12 եւ 19 յունիսին:
aztagdaily.com/archives/544222