Անդրադարձներ` ԵԽԽՎ-ի Որոշումներուն. Մանոյեան. «ԵԽԽՎ-ի Ընդհանուր Մօտեցումը Այն Էր, Որ Հաւասարակշռութիւն Ապահովեն, Բայց Անհեթեթ Երեւոյթ Դուրս Եկաւ»

Giro manayan--1
28 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016

Երէկ «Փաստարկ» մամլոյ ակումբին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան անդրադարձաւ  ԵԽԽՎ-ի հակահայ զեկուցումներու քուէարկութեան եւ անոնց ազդեցութեան:

Կիրօ Մանոյեանի խօսքով` երկու օր առաջ կային նախանշաններ, որ հաւանական է նոյնիսկ, որ այդ զեկուցումները չքննարկուին եւ  վերադարձուին քաղաքական յանձնաժողով, սակայն ԵԽԽՎ-ն նիստի ընթացքին այդպէս չորոշեց ու նպատակայարմար գտաւ քննարկելով մերժել Ուոլթըրի զեկուցումը:

Երկրորդ զեկուցումին վերաբերեալ ան նշեց, որ այդ զեկուցումին  նպատակը յայտարարուեցաւ, թէ մարդասիրական է, սակայն` ատիկա շատ քաղաքականացուած էր, եւ կարծես գոյութիւն ունէր  հաւասարակշռութիւն պահելու ցանկութիւն, բայց դուրս եկաւ անհեթեթ բանաձեւ:

«Մինչ այդ հայկական կողմը առաջարկած էր բարեփոխել զեկուցումը, սակայն յանձնաժողովը հոն չգնաց: Այո՛, ԵԽԽՎ-ն գնաց կեղծ հաւասարակշռութեան, բայց արդիւնքը` երկրորդ բանաձեւը անհեթեթ ձեւակերպումներով ընդունուեցաւ», ըսաւ Կիրօ Մանոյեան:

Անդրադառնալով քուէարկութեան պատկերին` ան նշեց, որ հայկական տեսակէտներուն ի նպաստ քուէարկեցին ԵԽԽՎ-ի մէջ ներկայացուած ընկերվարական ուժերը, մինչդեռ` Եւրոպայի ժողովրդական կուսակցութիւնը, որուն անդամ են Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ  ներկայացուած երեք ուժեր` Հանրապետական, Օրինաց երկիր եւ  Ժառանգութիւն կուսակցութիւնները, եւ Քրիստոնեայ-դեմոկրատական խումբը, դէմ քուէարկեցին հայկական տեսակէտներուն:

Կիրօ Մանոյեան անդրադարձաւ ԵԽԽՎ-ի մէջ հակահայ զեկուցումներու քուէարկութեան եւ անոնց ազդեցութեան: Ան աւելցուց, որ լայն աշխատանքներ տարած են Հայ դատի գրասենեակները` Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբին գլխաւորութեամբ:
Մանոյեանի կարծիքով` հայկական պատուիրակութիւնը ԵԽԽՎ-ի մէջ աշխուժ աշխատանք տարած է: «Ըսել, որ հայկական պատուիրակութեան աշխատանքը բաւարար եղած է, չեմ կրնար, որովհետեւ երկրորդ զեկուցումին պարագային չհասանք արդիւնքի, բայց հայկական պատուիրակութիւնը աշխուժ աշխատանք կատարած է  քան երբեւէ: Նաեւ Հայաստանի արտաքին դիւանագիտութիւնը աշխուժ  աշխատած է: ԵԽԽՎ-ի ընդհանուր մօտեցումը այն էր, որ հաւասարակշռութիւն ապահովեն, բայց անհեթեթ երեւոյթ դուրս եկաւ», ըսաւ Կիրօ Մանոյեան:

Աղաբեկեան. «Երբ Ազրպէյճանի Հետ
Համաձայնութեան Հասնինք,
Կը Սկսինք Ջուրը Միասին Օգտագործել»
Aghapekian aztag
«Երբ Ազրպէյճանի հետ համաձայնութեան հասնինք, կը սկսինք ջուրը միասին օգտագործել: Ազրպէյճանի իշխանութիւնը ունի երկու ճամբայ. կա՛մ պէտք է ջուրը, որ իր հունով կը հոսի դէպի Կուր, ջրմուշ կայաններով մղէ եւ տրամադրէ իր ժողովուրդին, ոչ մէկը անոր կը խանգարէ, կա՛մ ալ պէտք է համագործակցի Արցախի իշխանութիւններուն հետ այդ ջուրը միասին օգտագործելու համար: Բայց Ազրպէյճանի իշխանութիւնները, փոխանակ իրենց ժողովուրդին կարիքները բաւարարեն, կը քողարկուին ԵԽԽՎ-ի  բանաձեւերուն տակ: Պէտք է Ազրպէյճանի հասարակութիւնը տեղեակ ըլլայ, որ ջուր չունենալու մեղքը Ազրպէյճանի իշխանութիւններունն է»: Այս մասին «Առաջին լրատուական»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ  Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան  փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան:

Աղաբեկեանի հաստատումով` Սարսանգի ջրամբարին վերաբերեալ բանաձեւը իրականութեան մէջ ոչ մէկ ազդեցութիւն պիտի ունենայ հարցին վրայ, եւ ոչ ալ Արցախի ժողովուրդին կամ իշխանութիւններուն  տրամադրութիւններուն վրայ: «Այն օրը, երբ համագործակցութեան եզրեր գտնուին, ատիկա ԵԽԽՎ-ի  կողմէ ընդունուած արժեզրկուած բանաձեւ պիտի ըլլայ», նշեց  Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան  փոխվարչապետը:

Իշխանեան. «ԵԽԽՎ-ն Անգամ Մը Եւս
Ցոյց Տուաւ, Որ Ղարաբաղի Հարցին Մէջ
Ունի Կողմնակալ Վերաբերմունք»
Ishkhanian AZTAG
Ճիշդ չէ ԵԽԽՎ-ի մէջ տեղի ունեցածը որակել կամ բնութագրել «յաղթանակ կամ պարտութիւն» եզրերով, «Թերթ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Իշխանեան` անդրադառնալով ԵԽԽՎ-ի մէջ ընդունուած Սարսանգի ջրամբարի մասին զեկուցումին եւ Վեհաժողովին կողմէ մերժուած` Ռոպըրթ Ուոլթըրի հեղինակած «Բռնութիւններու աճը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի այլ գրաւեալ տարածքներուն մէջ»  վերնագիրով փաստաթուղթին:

Դաւիթ Իշխանեան ըսաւ, որ ԵԽԽՎ-ի վրայ մեծ ազդեցութիւն ունեցան Եւրոպական խորհուրդի, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի յայտարարութիւնները, ինչու չէ` Արցախի Ազգային ժողովի խմբակցութիւններու մակարդակով կատարուած միացեալ  յայտարարութիւնը, ուր կոչ կ՛ուղղուէր կողմնակալ մօտեցումներէ զերծ մնալու:

Խօսելով «Բռնութիւններու աճը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի այլ գրաւեալ տարածքներուն մէջ» վերնագիրը կրող զեկուցումին մասին, որ մերժուեցաւ ԵԽԽՎ-ի կողմէ, պատգամաւորը նշեց, որ լիագումար նիստին ընթացքին տեղի ունեցած քննարկումներէն յայտնի դարձաւ, որ ատիկա պիտի չընդունուի: «Այդ զեկուցումը ինքնին անտրամաբանական էր ու շատ զարմանալի պիտի ըլլար, եթէ հաստատուէր ԵԽԽՎ-ի նման  կառոյցի մը կողմէ», նշեց Իշխանեան:

Իսկ Միլիցա Մարքովիչի հեղինակած ու ընդունուած զեկուցումը, արցախցի պատգամաւորին համոզումով կողմնակալ էր, կողմնակալ էին նաեւ այդ քուէարկութեան արդիւնքները: «Պարտուելու խնդիր չկայ, պարզապէս ԵԽԽՎ-ն անգամ մը եւս ցոյց տուաւ, որ Ղարաբաղի հարցին մէջ ունի կողմնակալ վերաբերմունք», նշեց ան:

Դաւիթ Իշխանեան ընդգծեց, որ ասիկա առաջին դէպքը չէ, երբ միջազգային ատեանները, յատկապէս` ԵԽԽՎ-ն, կը կանգնին կողմերէն  մէկուն կողքին, որովհետեւ հարցը պատշաճ ձեւով չեն ուսումնասիրած, չեն տիրապետեր հարցի ամբողջ էութեան, քննարկուող հարցին նկատմամբ բաւարար հետաքրքրուածութիւն չունին, անտարբեր են:

ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail