«Դիմադրութիւն» Շարժման Իրազեկման Երթը Կը Շարունակուի Վաղը՝ Սասունցի Դաւիթ Արձանի Մօտէն

National Hero of Armenia and the Artsakh Republic Monte Melkonian

«Դիմադրութիւն» Շարժման Իրազեկման Երթը Կը Շարունակուի Վաղը՝ Սասունցի Դաւիթ Արձանի Մօտէն

25 ԱՊՐԻԼ 2022 – ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org:

«Դիմադրութիւն» շարժման իրազեկման երթը կը շարունակուի վաղը՝ Սասունցի Դաւիթ արձանի մօտէն։ Այս մասին, ըստ «Երկիր»-ի, «Դիմադրութիւն» շարժման իրազեկման երթի աւարտին յայտարարեց ԱԺ փոխխօսնակ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթելեան:

Սաղաթելեան ըսաւ, որ վաղը ցոյցերը նոյնպէս պիտի շարունակուին. «Մեր նպատակն է ողջ ժողովուրդը, ազգը յառաջիկայ 5 օրերուն ոտքի հանենք, ու մենք պիտի հանենք»:

«Մեր ազգը ոտքի կը կանգնի, լաոն կը զարթնի, մենք ետքայլի տեղ չունինք, մենք նահանջի տեղ չունինք, մենք այլ ճանապարհ չունինք, մենք տէր ենք այս դրօշին մինչեւ վերջ, տէր ենք պետականութեան: Այսպէս մէջք մէջքի տուած, ուս ուսի տուած կ՝երթանք մինչեւ վերջ: Ասիկա սրբազան պայքար է, ասիկա պայքար է Արցախի համար, մեր պետականութեան համար, իւրաքանչիւրը կը պայքարի ոչ թէ մեզմէ մէկը իշխանութեան բերելու, այլ իր ծնողներու, իր քոյրերու եւ եղբայրներու համար»,- ըսաւ Սաղաթելեան:

Իշխան Սաղաթելեան յայտարարեց, որ ընդդիմութիւնը կ՝աշխատի մէկ նպատակի համար, սակայն ապակեդրոն եղանակով.

«Ճանապարհին ինծի կը հարցնէին, այսօր պիտի մնա՞նք, թէ` չէ, յարգելի΄ հայրենակիցներ այդ մնալու օրը պիտի ըլլայ, այդ օրը պիտի ըսենք ձեզի, մենք ունինք ծայրէ ծայր գծուած ծրագիր, որ պիտի հասցնէ ասոնց հեռացման, վստահ եղէք»։

Նշենք, որ վաղը առաւօտեան Տիգրանաշէնէն դէպի Երեւան պիտի շարժի «Դիմադրութիւն» շարժման յաջորդ խումբը:

Իրազեկման երթի աւարտին ցոյցի մասնակիցները կրկին վանկարկեցին «Առանց Նիկոլ Հայաստան»:

Յիշեցնենք, որ այսօրուան երթի մեկնարկը տրուած էր Կոմիտասի պողոտայի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մօտէն։ ՀՀ նախագահի նստավայրի կողքով անցնելու ժամանակ՝ շարժման մասնակիցները յայտարարած էին, որ այդտեղ նստած է ՔՊ-էն մէկը. «Ինքը ՀՀ նախագահութիւնը ներկայացնելու իրաւունք չունի, ան պատերազմի եւ պարտութեան կուսակցութեան ներկայացուցիչն է այս շէնքին մէջ։ Ինքը հերթական դաւաճաններէն է։ Բոլորիս ձայնը հիմա պէտք է լսէ ան»։

Մինչեւ «Դիմադրութիւն» շարժման մեկնարկը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Երիտասարդական Միութեան եւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան երիտասարդները փակած էին Վաղարշեան-Կոմիտաս փողոցը։ Իրավիճակը այդտեղ լարուած էր եւ մեծ թիւով կարմիր-բերետաւորներ բերման ենթարկած էին ցոյցի 4 մասնակից։

Այսօր անհնազանդութեան շարք մը ցոյցեր տեղի ունեցած են Երեւանի մէջ։ Մխիթար Հերացիի անուան բժշկական համալսարանին մէջ ուսանող-դաշնակցականները տեղադրած էին Արցախի դրօշը։

Խումբ մը երիտասարդներ ալ ցոյցեր իրականացուցած են համալսարաններու առջեւ՝ «Ուսանո՛ղ, զարթնի՛ր» գրութեամբ պաստառներ բարձրացնելով երեւանեան 15 համալսարաններու դիմաց եւ յորդորելով ուսանողները միանալու համընդհանուր պայքարին։

yerakouyn.com/2022/04/25/դիմադրութիւն-շարժման-իրազեկման-եր/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail