«Իրան Կը Յուսայ Միացեալ Նահանգներու Հետ Լիարժէք Յարաբերութիւններ Հաստատել» Կ՛ըսէ Ռուհանի

hasan Rouhani aztag
Հասան Ռուհանի
28 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի Հռոմի մէջ իր այցելութեան արդիւնքներուն նուիրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, որ ինք յոյսով է, թէ Միացեալ Նահանգներու հետ լիարժէք յարաբերութիւնները պիտի վերականգնին եւ ապագային այնտեղ այցելելու կարելիութիւն պիտի ստեղծուի:

«Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ լարուածութենէ զերծ յարաբերութիւններու հաստատումը կախեալ է Ուաշինկթընէն եւ ոչ թէ Թեհրանէն: Միացեալ Նահանգներու որոշակի շրջանակներ պէտք է հասկնան, թէ պատժամիջոցներու դարաշրջանը աւարտած է», ըսած է Ռուհանի` ընդգծելով, որ պատժամիջոցները ոչ մէկ խնդիր կը լուծեն:

Ան նշած է, որ իր երկիրը պատրաստ է միացեալ արտադրութիւն կազմակերպելու ամերիկեան ընկերութիւններու հետ եւ ներդրողներ ընդունելու Միացեալ Նահանգներէն:

«Խոչընդոտները կը ստեղծուին ովկիանոսին միւս ափին: Ներկայիս թոյլատրուած է իրանեան գորգերու, պիստակի եւ աւանդական այլ ապրանքներու արտածումը Ամերիկա: Իսկ մենք ամերիկացիներէն կրնանք ձեռք բերել օդանաւեր» յայտնած է Ռուհանի` աւելցնելով. «Կարելի է շատ աւելին ընել»:

ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail