Ուրուկուէյ Քննադատեց Չաւուշօղլուի Հակահայ Կեցուածքը – Ուրուկուէյ Քննադատեց Չաւուշօղլուի Հակահայ Կեցուածքը
25 ԱՊՐԻԼ 2022 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ուրուկուէյի նախագահ Լուիս Ալպերթօ Լաքալէ Փօու քննադատեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլուն՝ Մոնթեվիտէոյի մէջ հայ ցուցարարներուն ուղղութեամբ թուրք ազգայանամոլներուն՝ «Գորշ գայլեր»ուն, նշանը ցոյց տալուն համար:
«Շատ ցաւալի է, որ Չաւուշօղլու խումբ մը հայերու ցոյց տուաւ թրքական ծայրայեղ ազգայնական «Գորշ գայլեր»ու շարժումին նշանը: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին վերաբերմունքը պէտք է խիստ քննադատուի: Հայ համայնքը նեղացած է, եւ իրաւունք ունի», 25 Ապրիլին յայտնեց Ուրուկուէյի նախագահը:
Turkish Foreign Minister Cavusoglu salutes the protestors marching for the Armenian genocide anniversary in Uruguay with the grey wolf sign.
Symbolising the Turkish nationalism, mainly used by the MHP, right wing nationalists. pic.twitter.com/QB0Lj7uL3Z
— Ragıp Soylu (@ragipsoylu) April 23, 2022
asbarez.am/417580/ուրուկուէյ-քննադատեց-չաւուշօղլուի-հ/