Էրտողան «Դաւաճան» Կը Համարէ Ցեղասպանութեան Բանաձեւը Ներկայացուցած Փայլանը

Էրտողան «Դաւաճան» Կը Համարէ Ցեղասպանութեան Բանաձեւը Ներկայացուցած Փայլանը

27 ԱՊՐԻԼ 2022 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Թուրքիոյ նախագահը խստօրէն դատապարտեց Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը, անցեալ շաբաթ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու վերաբերեալ բանաձեւը խորհրդարանին ներկայացնելուն համար:

Էրտողան այդ քայլը դաւաճանութիւն համարեց, յոյս յայտնելով, որ Փայլանի դէմ «համապատասխան գործողութիւններ կը ձեռնարկուին»: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։

Աւելի կանուխ, երկրին ազգայնամոլ շրջանակները եւս Փայլանին դէմ դատ բանալու եւ անոր հասցէին այլ սպառնալիքներ կատարած էին:

Մինչ այս, Պոլսոյ հայաշատ Քուրթուլուշ թաղամասին մէջ յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին նահատակուած հայ մտաւորականներու յիշատակին, կը հաղորդէ sendika.org կայքը։ 107 տարիներ առաջ, նոյն այս թաղամասին մէջ սկսաւ հայ մտաւորականութեան ձերբակալութիւններու արշաւը:

Յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ նաեւ «Ակօս» թերթի հիմնադիր խմբագիր Հրանդ Տինքին եւ Թուրքիոյ զինուած ուժերուն մէջ պարտադիր ծառայութեան ընթացքին՝ 24 Ապրիլ 2011ին, սպաննուած Սեւակ Պալըքճըին:

Ձեռնարկին մասնակցեցաւ Կարօ Փայլան:

Հաւաքին մասնակցողները կոչ ըրին Թուրքիոյ իշխանութիւններուն՝ առերեսուելու իրականութեան հետ եւ գործնական քայլերու ձեռնարկելու այդ ուղղութեամբ:

«Այլեւս չենք ուզեր, որ այս հողերը տեսնեն Թալէաթ, Էնվէր, Ճեմալ փաշաներ, Պեհաետտին Շաքիրներ; Կ՛ուզենք, որ այս հողերը բոլոր ժողովուրդներուն եւ հաւատքներուն համար շարունակեն ըլլալ հայրենիք մը, որ պիտի ունենայ Զապէլ Եսայեանի, Կոմիտասի, Մկրտիչ Մարկոսեանի, Հրանդ Տինքի, Սարգիս Սերոբեանի, Ահմետ Քայայի, Եաշար Քեմալի, Թահիր Էլչիի եղբայրական ոգին», կ՛ըսուի անոնց հրապարակած յայտարարութեան մէջ:

Turkish Foreign Minister Mevlut Cavusoglu flashes the Grey Wolves terrorite group’s sign at Armenian protesters in Montevideo Uruguay on April 23

yerakouyn.com/2022/04/27/էրտողան-դաւաճան-կը-համարէ-ցեղասպան/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail