«Դիմադրութիւն» Շարժման Իրազեկման Երթը` Սասունցի Դաւիթի Արձանի Մօտէն
27 ԱՊՐԻԼ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:
ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org
Երէկ` 26 ապրիլին տեղի ունեցաւ «Զարթնի՛ր լաօ» «Դիմադրութիւն» շարժման իրազեկման երթը` այս անգամ Սասունցի Դաւիթ արձանի մօտէն:
«Որեւէ ձերբակալութեամբ, քաշքշուքով, նման մեթոտներով, մեր պայքարը չէք կրնար կասեցնել, յաճախ նոյնիսկ ուշադրութիւն պիտի չդարձնենք, պիտի երթանք մինչեւ վերջ. եթէ հօրը բռնէք` տղան պիտի ըլլայ փողոցը, քրոջը բռնէք` եղբայրը, դրացիին բռնէք` միւսը, հետեւաբար, այս շարժումը կասեցնել կարելի չէ», յայտարարեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան:
«Երէկ եւ այսօր տարբեր ցոյցերու ժամանակ ոստիկանութիւնը կը դիմէ բիրտ ուժի. ունինք ձերբակալուածներ: Ընդամէնը կ՛ըսենք` դուք չէք կրնար այսքան մարդու ձերբակալել, մենք պայքարի դուրս գալէ առաջ ըսած ենք` պատրաստ ենք ամէն ինչի ու պիտի երթանք մինչեւ վերջ», ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան:
Ան արձանագրեց, որ տարբեր միջավայրերու մէջ ձեւաւորուած են դիմադրութեան օճախներ:
«Ասիկա մեր պայքարի նպատակն է, որ յաջողութեամբ կ՛իրականացնենք: Հայաստանի մարզերէն Երեւան կը շարժին մեր խումբերը: Երէկ Իջեւանէն, այսօր Տիգրանաշէնէն սկսան իրենց քայլարշաւը արժանապատիւ մեր հայրենակիցները: Մայիսի 28-ին քայլարշաւով պիտի միանան նաեւ Սարդարապատէն ու Բաշ Ապարանէն ու շարժին Երեւան», տեղեկացուց Իշխան Սաղաթէլեանը:
Իշխան Սաղաթէլեանի ելոյթէն ետք` «Առանց Նիկոլ Հայաստան», «Նիկոլ դաւաճան», «Միացում, դիմադրութիւն, հեռացում» վարկարկումներով երթը շարունակուեցաւ:
Երթի մասնակիցները պարբերաբար ժողովուրդին կոչ կ՛ուղղէին միանալու իրենց յաղթական քայլերթին:
Հասնելով Հանրապետութեան հրապարակ` ՀՅԴ-ի անդամ, Հայաստան խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան յայտարարեց, որ կը շարունակեն երթը դէպի Դատախազութեան շէնք` աջակցութիւն յայտնելու այնտեղ բողոքի հաւաք իրականացնող 44–օրեայ պատերազմի զոհուած զինուորներու ծնողներուն եւ հարազատներուն, որոնք արդարութիւն կը պահանջեն Հայաստանի իրաւապահ մարմիններէն:
Դատախազութեան շէնքին մօտէն «Դիմադրութեան» շարժման միացաւ «Հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ Արթուր Վանեցեանի գլխաւորած երթը:
Այնուհետեւ երթի մասնակիցները «Նիկոլ դաւաճան», «Հայեր միացէք, թուրքեր հեռացէք» վանկարկումներով քայլերթ իրականացուցին Երեւանի փողոցներով:
«Հայաստան ոտքի՛», «Արցախ ոտքի՛», «Առանց Նիկոլ Հայաստան» վանկարկումներով բազմամարդ երթը շարժեցաւ դէպի ֆրանսայի հրապարակ:
Իրազեկման երթի աւարտին Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարեց, որ յաջորդ երթը տեղի պիտի ունենայ 27 ապրիլին` Գարեգին Նժդեհ հրապարակէն, ժամը 18:30-ին:
Յայտնենք, որ երէկ ոստիկանութեան կողմէ բերման ենթարկուեցան «Դիմադրութեան» շարժումի 4 անդամներ: Օրուան ընթացքին ոստիկանութիւնը պաշարեց ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» երիտասարդական կեդրոնը:
www.aztagdaily.com/archives/544672