Քասթամոնուի հայոց գերեզմանատունը – Քասթամոնու քաղաքի տիրող դիրքի մը վրայ կը գտնուի Սէյրանթեփէ վայրը
2022/04/28 – ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ԷՐՍՈՅ ՍՈՅՏԱՆ
Քասթամոնու քաղաքի տիրող դիրքի մը վրայ կը գտնուի Սէյրանթեփէ վայրը, որուն լանջերուն կը գտնուին գերեզմաննոցներ։ Այն գերեզմաններու տարածքին մէկն ալ կը պատկանի հայերուն։ Ի տարբերութիւն Թուրքիոյ այլ քաղաքներուն, Քասթամոնուի հայոց գերեզմանատունը գործող վայր մըն է, ուր վերջերս նոր թաղում մըն ալ կատարուած։
Անտառապատ տարածքին մէջ գտնուող գերեզմանատունէ ներս հաշուեցինք մօտ 100 շիրմաքարեր։ Մեզի համար ուշագրաւ էր կարք մը շիրմաքարերու վրայ հայերէն անուններու տակ տեսնել «Ռուհունա Ֆաթիհա» գրառումը, որ սովորաբար մահմէտականներու յատուկ երեւոյթ է եւ կը նշանակէ «Տէր Ողորմեայ»։
Բացի Քաստամոնու քաղաքին կեդրոնէն, Թաշքէօփրիւ գաւառի կեդրոնը, Թիւթենլի եւ Քափաքլը գիւղերը, Տատայ գաւառի կեդրոնը եւ Հաճը Պէյ գիւղը եւս կը գործեն հայկական գերեզմաններ։
Քասթամոնու քաղաքի կեդրոնը հայկական եկեղեցի մը գոյութիւն չունի։ 1650-ական թուականներու կառուցուած Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ տեղը անգամ անյայտ է։ Նոյնպէս գաւառներու եւ գիւղերու մէջ ալ հայկական եկեղեցիի մը հետքի չենք հանդիպած։ 1965-ի մարդահամարի համաձայն քաղաքի 1498 քրիստոնեաներէն 1224-ը Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ ծուխերն են։ Նոյն մարդահամարին 849 անձեր մայրենի լեզու ըլլալով հայերէնը նշած են։ Ներկայիս քաղաքի կեդրոնը Թաշքէօփրիւ եւ Տատայ գաւառները Թաշքէօփրիւի Գափաքլը եւ Թիւթենլի գիւղերու մէջ ալ խիստ նօսրացած թիւով հայեր կ՚ապրին։
***
Քաստամոնուի հայ բնակչութիւնը համեմատաբար կ՚աճի ամառնային ամիսներուն, քանի որ Պոլիս հաստատուած նախկին քաստամոնուցիներ իրենց կապը բոլորովին չեն խզած հայրենի երկրին հետ եւ ամառնային եղանակին կ՚այցելեն պապենական տուները իրենց պարտէզները մշակելու համար։
https://www.agos.com.tr/am/hvotvadzi/27025/kastamvonui-hahvots-kyeryezmanaduni