ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ – Վերյիշումներ Ատըեամանի պատմական անցեալէն – Վերյիշումներ Ատըեամանի պատմական անցեալէն

Մշակոյթ – Վերջին Ատըեամանցիներ ու անոնց մոռցուած փառքերը - Adıyaman Kahta Kalesi.jpg

ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ – Վերյիշումներ Ատըեամանի պատմական անցեալէն – Վերյիշումներ Ատըեամանի պատմական անցեալէն

2022/04/27 – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ – ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐՆ ԱՅՍՕՐ, ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ, ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ, ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Կեանքը երբեմն գաղթ կը պարտադրէ։ Մէկ վայրէն ուրիշը գաղթելու ժամանակ յետին թողածներնուս կարօտը կը ցաւեցնէ սրտերնիս։ Մեր տան երէցն է ան։ Իմ սիրելի մեծ մայրիկս Հաթուն Հըրա։ Միշտ կարօտով յիշեց իր ծննդավայրը։ Ընթերցողներուս համար այս անգամ զրուցեցի իմ հարազատ տան երէցին հետ։

ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ

Ծնած եմ 1932-ին Ատը­յամա­նի Ռե­ճեփ գիւ­ղը, որ ալե­ւիաբ­նակ վայր մըն էր։ Հայրս Ար­թին Մա­րաշ­լըօղ­լու Օրալ պայ­տար էր։ Մեր գիւ­ղին մէջ հօրս Ալի, մայրս Ան­նան ալ Հա­թուն կը կո­չէին։ Ծնող­ներս Ատըեամա­նի կեդ­րո­նէն էին։ Առա­ջին եր­կու զա­ւակ­ներնին հոն ծնած էր։ Մեծ քոյրս հի­ւան­դա­ցեր ու մա­հացեր է։ Ապա ծներ է Օսի­մեան քոյրս։ Այդ տա­րինե­րուն հայրս զի­նուո­րագ­րո­ւած ու բա­նակ գա­ցած է։

1915-ի դէպ­քե­րու ըն­թացքին մայրս ու հայրս իրար կորսնցու­ցած են։ Հայրս Աբ­րա­համ անուն ըն­կե­րոջը հետ չորս տա­րի քա­րայրնե­րու մէջ պա­հուը­տած է։ Գի­շերո­ւայ մու­թին մօ­տակայ գիւղ կ՚իջ­նեն եւ գիւ­ղա­ցինե­րուն տո­ւած հա­ցով կը սնա­նին։ Երբ մատ­նիչներ կը պար­զեն այս երե­ւոյ­թը օտար­ներ կու գան եւ գիւ­ղա­պետէն կը պա­հան­ջեն որ այդ փախստա­կան հա­յերը իրենց յանձնէ։ Գիւ­ղա­պետը կը մեր­ժէ այդ պնդումնե­րը։ Եկող­նե­րը զինք ոտ­քե­րէն ծա­ռի մը կա­պելով տան­ջել կը սկսին։ Բայց գիւ­ղա­պետը կը յա­մառի ու վեր­ջա­պէս գիւ­ղա­ցիներ իրենց մէջ հա­ւաքած գու­մա­րով կը կա­շառեն այդ պաշ­տօ­նեանե­րը, եւ կը յա­ջողին գիւ­ղա­պետը փրկել։ Հայրս եւ ըն­կե­րը Աբ­րա­համ այս լսե­լով կ՚ուխտեն որ եթէ ողջ մնան ան­գամ մըն ալ պի­տի չա­ծուի­լուին։ Անոնք այդ եր­դուման հա­ւատա­րիմ մնա­ցին, մին­չեւ իրենց մա­հը։ Հայրս զի­նադա­դարէն ետք, երբ կը վե­րադառ­նայ Ատըեաման չի գտ­ներ իր կի­նը եւ դուստրը։ Կը սկսի պայ­տա­րու­թեան եւ նախ կը գտնէ Մայ­րամ հօր­քոյրս, որ օտա­րակա­նի մը տու­նը աղա­խին ըլ­լա­լով կ՚ապ­րէր։ Կը պատ­մո­ւէր թէ հայրս փնտռող­նե­րը զինք անխնայ ծե­ծած են եւ գլխուն առած հա­րուած­նե­րուն հե­տեւան­քով ալ աչ­քին լոյ­սը մա­րած, հետզհե­տէ կոյրցած է։ Հայրս Մայ­րամ հօր­քո­յըս գտնե­լով կը տե­ղափո­խէ Ռե­ճեփ գիւղ։

Իսկ մայրս նոյն անի­ծեալ 15 թո­ւին դստեր Օսի­մեանի հետ միասին ծա­ռայե­լու հա­մար տուն մը ապաս­տա­նած է։ Քոյրս հինգ տա­րեկան էր, երբ մայրս ար­տէն վե­րադար­ձին զինք չի գտներ։ «Եւէդ շատ լաց եղաւ, մենք ալ դու­ռը բաց թո­ղեցինք, որ­պէսզի քովդ գայ» բա­ցատ­րութիւ­նը բնաւ հա­մոզիչ չէր թո­ւացած։ Այդ օրէն ի վեր Օսի­մեան քոյրս կոր­սո­ւած է։

Մայրս ու հայրս եր­կար տա­րիներ իրար­մէ ան­տե­ղեակ ապ­րե­ցան։ Հա­զիւ պա­տահա­կանու­թիւննե­րով հայրս հայ կնոջ մը բեր­նէն կը լսէ «Ար­թին Ան­նան սաղ է» խօս­քը։ Այդ տա­րինե­րուն հա­յեր կա­մաւոր լրա­բերու­թիւն կ՚ընէին հա­րազատ­նե­րը կորսնցու­ցած հա­յերու մի­ջեւ։ Հայրս ալ կը դի­մէ անոնցմէ մէ­կուն եւ ան կը յա­ջողի Եդե­սիոյ մէջ մայրս յայտնա­բերելու։ Կը բե­րէ ու կը հասցնէ հօրս։ Ծնող­ներս այ­լեւս Ռե­ճեփ գիւ­ղի բնա­կիչ­ներ դար­ձած են, իսկ հօրս ըն­կե­րը Աբ­րա­համն ալ անոր ան­մի­ջական հա­րեւա­նը։ Ես հօրս տաս­նե­րորդ զա­ւակն եմ։ Այդ տա­սը եղ­բայրնե­րէն հին­գը մա­հացան, հինգս շա­րու­նա­կեցինք ապ­րե­լու։ Ես 12 օրո­ւան եղած եմ, երբ ըն­տա­նիքս կրկին գաղ­թած է այս ան­գամ ալ Չե­լիք­հան գիւ­ղը։ Ապա փո­խադ­րո­ւած ենք Ատըեաման Մե­միշ Աղա­յի ապա­րան­քը։ Հայրս հա­յոց թա­ղին մէջ հո­ղամաս մը գնե­լով մեծ տուն մը կա­ռու­ցեց։ Մեր մայ­րե­նին հա­յերէն էր։ Տան մէջ բո­լորս հա­յախօս էինք։ Իսկ դուրսը թրքա­խօս կամ քրտա­խօս։ Մեր բնա­կած վայ­րը հա­յոց նոր թա­ղամասն էր։ Քա­ղաքի հա­յու­թիւնը նա­խապէս Սրա­թութ կո­չուած թա­ղը կ՚ապ­րէին։ 1915-ին այդ թա­ղը բո­լորո­վին փլած են։ Վե­րադար­ձող հա­յեր գե­տափի մօտ նոր թա­ղամաս մը կազ­մած էին։ Մայրս մերթ ընդ մերթ կ՚այ­ցե­լէր այդ աւե­րակ հին թա­ղը ու կը վեր­յի­շէր այդ թա­ղի հին բնա­կիչ­նե­րը։

1940-ական թո­ւական­նե­րուն Ատըեամա­նի մէջ 25 հայ ըն­տա­նիք կար։ Եկե­ղեցի չ՚ու­նէինք։ Նա­խապէս բեր­դին վրայ մեծ եկե­ղեցի մը եւ քովն ալ վար­ժա­րան ու­նե­ցած ենք։ Կը պատ­մէին թէ 40 աս­տի­ճան­ներ բարձրա­նալով բեր­դի եկե­ղեցին կամ դպրո­ցը կ՚եր­թա­յին։ Ես ոչ եկե­ղեցին տե­սած եմ, ոչ ալ դպրո­ցը բո­լորն ալ փլած էին։ Նոյն շրջա­նին մէջ կար Մայ­րամ Աս­տո­ւածածին եկե­ղեցին, որ ան ալ փլած էր։ Մենք աղօթելու հա­մար այդ փլա­տակ­նե­րուն մօտ կ՚եր­թա­յինք։ Այդ եկե­ղեցիի կող­քին կար նաեւ աղ­բիւր մը, որու ջու­րը բու­ժիչ էր։ Հա­յոց թա­ղին մէջ կար նաեւ կա­թողի­կէ եկե­ղեցի մը, որուն բա­կին մէջ աւե­լի ետք տուն կա­ռու­ցած էին։

Այդ ժա­մանակ Ատըեամա­նին մէջ 45 ասո­րի ըն­տա­նիք կը բնա­կէր։ Մեր եկե­ղեցին փլած էր, բայց քա­ղաքի կեդ­րո­նական Մա­րա թա­ղի մէջ Մօր Փե­թրուս եւ Մօր Փաու­լուս (Սուրբ Պետ­րոս եւ Սուրբ Պօ­ղոս) ասո­րի եկե­ղեցին ամուր էր։ Բո­լորս հոն կը յա­ճախէինք։ Իրա­կանու­թեան մէջ այդ եկե­ղեցին ալ կա­ռու­ցողնե­րը հա­յեր եղած են։ 1940-ին ես եւ քոյրս այդ եկե­ղեցիին մէջ մկրտո­ւեցանք։

1915-ի դէպ­քե­րու ժա­մանակ Մար­տի­նի մէջ որբ հայ երա­խայ մը ասո­րինե­րու պատ­րիար­քի խնամ­քով մեծ­ցած եւ ապա ասո­րի հո­գեւո­րական դար­ձած էր։ Մի­ջոց մը մեր Սուրբ Պետ­րոս եւ Սուրբ Պօ­ղոս եկե­ղեցիին այդ քա­հանան նշա­նակո­ւեցաւ։ Նախ­քան իր պաշ­տօ­նակո­չու­մը մկրտո­ւած երա­խանե­րը կը գրան­ցո­ւէին ասո­րի եկե­ղեց­ւոյ տո­մարին մէջ։ Իր օրով այդ սո­վորու­թիւնը վե­րացաւ եւ հա­յերը սկսան իրենց ինքնու­թիւնով մկրտո­ւիլ կամ պսա­կուիլ։ Այս սո­վորու­թիւնը մին­չեւ այ­սօր կը շա­րու­նա­կուի եւ կար­դիկ կը սպա­սեն Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­րանէն պաշ­տօ­նակո­չուած քա­հանա­յի մը այ­ցե­լու­թիւնը՝ որ տու­նե­րու մէջ պի­տի կա­տարէ մկրտու­թեան կամ պսա­կադ­րութեան խոր­հուրդնե­րը։

lusyenkopar81@hotmail.com

Լուսանկար՝ Պերճ Արապեան 

https://www.agos.com.tr/am/hvotvadzi/27024/vyerhishumnyer-adiyeamani-badmagan-antsyealen 

Spiritual home of armenians, Adiyaman, Western Armenia

akunq.net/am/?p=83405

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail