ՄՇԱԿՈՅԹԱՅԻՆ – Հին Ստորերկրեայ Քաղաքներ` Պատմական Հայաստանի Տարածքին Մէջ – ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
29 ԱՊՐԻԼ 2022 – ՄՇԱԿՈՅԹԱՅԻՆ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Թուրքիոյ գրաւած հայկական եւ յունական տարածքներուն մէջ բազմաթիւ են հնադարեան շինութիւններ, կոթողներ, տաճարներ, բնակարաններ, որոնց մեծամասնութիւնը ժամանակի ընթացքին ծրագրուած քանդումի ենթարկուած է այդ հողերուն վրայ մանաւանդ հայերու եւ յոյներու հետքը ջնջելու նպատակով: Եթէ գետնէն վեր գտնուող շինութիւնները որոշ չափով ծանօթ են, քիչ յայտնի են ստորգետնեայ քաղաքները, որոնց մէկ մասին անդրադարձած են Նէյքըտ Սայընս կայքը եւ գերմանացի հնագէտ Հայնրիխ Քուշ` իր «Tore zur Unterwelt» գիրքին մէջ:
Ն.
Հայկական Լեռնաշխարհին մէջ ապրող մարդոց բացառիկ հմտութիւնները եւ գիտելիքները
Ըստ երեւոյթին, շաղախը առաջին անգամ գործածուած է շինարարութեան համար ներկայիս Թուրքիոյ տարածքին մէջ ստորերկրեայ փապուղիներու կառուցման ժամանակ, շուրջ 8000 տարի առաջ:
Ամբողջ Եւրոպայի մէջ տասնեակ մը բնակավայրերու տակ յայտնաբերուած են ստորերկրեայ փապուղիներու գոյութեան ապացոյցներ: Այդ հսկայական փապուղիները յաճախ կ՛անուանուին «հին ճամբաներ»: Անոնք կ՛երկարին Հայկական Լեռնաշխարհէն մինչեւ հիւսիսային Սկովտիա:
Այդ փապուղիները կը վկայեն հին քաղաքակրթութիւններու ակներեւ հնարամտութեան մասին, որոնց մենք գրեթէ անտեղեակ ենք` բացի պատմական գիրքերու որոշ նշումներէն: Փաստօրէն կը պարզուի, որ այդ քաղաքակրթութիւնները 8000 տարի առաջ ունեցած են բաւարար գիտելիքներ եւ գործիքներ, որպէսզի կարողանան նման բարդ ստորերկրեայ կառոյցներ կառուցել:
Ուշագրաւ օրինակ է Կապադովկիան: Պորտասարը (ցաւօք, աւելի յայտնի է թրքական Կէօպեքլի թէփէ անունով), Նեւշեհիրը (նախապէս` Մուշքարա) եւ Մալաքոփի (թրք. Տերինքէօյու) ստորերկրեայ քաղաքը կը վկայեն հազարաւոր եւ հազարաւոր տարիներ առաջ Հայկական Լեռնաշխարհին մէջ ապրող մարդոց բացառիկ հմտութիւններու եւ գիտելիքներու մասին:
Հայնրիխ Քուշ
Առաջին Քրիստոնեաներու Ստորերկրեայ
Քաղաքը, Որ Նուաճած Է Մեծն Տիգրան,
Յայտնաբերուած Է Թուրքիոյ Մէջ
Թուրքիոյ հարաւ-արեւելքը գտնուող քաղաքին փոքր քարանձաւի մը մէջ սկսած պեղումները անսպասելի յայտնագործութեան յանգեցուցած են:
Հնագիտական աշխատանքները սկսած են երկու տարի առաջ Թուրքիոյ Մարտին նահանգի Միտիաթ քաղաքին մէջ, պատմական փողոցները եւ շինութիւնները մաքրելու եւ պահպանելու ծրագիրի ծիրին մէջ:
Միտիաթ հնագոյն քաղաք է, որ գոյութիւն ունեցած է Քրիստոսէ առաջ 9-րդ դարուն, այնուհետեւ Ասորեստանի Աշուրնածիրափալ Բ. թագաւորը գրաւած է քաղաքը:
Բայց կան ենթադրութիւններ, որ քաղաքին բուն հիմնադրումը կը թուագրուի Քրիստոսէ առաջ երրորդ հազարամեակով, այն ժամանակ, երբ այդ երկիրներ եկան խուրիները, որոնք հետագային հիմնեցին Միտանի պետութիւնը:
Երկար դարեր քաղաքը մնացած է ասորական` բացի նուաճումներու հազուադէպ շրջաններէ: Այսպիսով, Քրիստոսէ առաջ Ա. դարուն շրջակայ հողերը գրաւած է Տիգրան Բ., եւ անոնք դարձած են Մեծ Հայքի մէկ մասը: Աւելի ուշ` Թրայանոս կայսեր օրով, անոնք նկատուած են Ասորեստանի հռոմէական նահանգը:
Քրիստոսէ առաջ 150-էն մինչեւ Քրիստոսէ ետք 250 թուական Միտիաթ Եդեսիոյ թագաւորութեան կազմին մէջն էր:
Փոքր Ասիոյ մէջ քրիստոնէութեան տարածման ժամանակ Միտիաթի ասորիները շատ արագ ընդունեցին նոր կրօնը: Այս հողը Արեւելքի ասորական եկեղեցւոյ բնօրրանն է:
Հնագէտները կը պնդեն, որ Միտիաթի ժամանակակից բնակիչները գիտէին ամբողջ քաղաքին մէջ քարանձաւներու գոյութեան մասին, բայց անոր ոչ մէկ կարեւորութիւն կու տային:
Պատմական աղբիւրներու մէջ կ՛ըսուի, որ Միտիաթ իր անունը ստացած է ասորերէն բառէ, որ թարգմանաբար կը նշանակէ «Քարանձաւներու քաղաք»: Անիկա նոյնպէս կը հանդիպի Քրիստոսէ առաջ Թ. դարու արձանագրութիւններուն մէջ:
Գիտնականները կը կարծեն, թէ քաղաքին տակ գտնուող քարանձաւները միշտ եղած են, բայց անոնք բնակեցուած են մօտաւորապէս 1900 տարի առաջ, առաջին քրիստոնեաներու հռոմէական հալածանքներու ժամանակ:
Ստորերկրեայ քաղաքին մէջ պեղումներու ընթացքին յայտնաբերուած են` խորաններ, յստակ պաշտամունքային բնոյթի առանձին սենեակներ, ուտելիքի պահեստներ, ջրհորներ եւ միջանցքներ:
Փոքր Ասիոյ մէջ արդէն իսկ յայտնաբերուած են ստորերկրեայ քաղաքներ, որոնցմէ ամէնէն յայտնիներն են Կապադովկիոյ Տերինքէօյուն եւ Նեւշեհիրը: Բայց եթէ առաջինը փորուած եւ գործածուած է հազարամեակներ առաջ, երկրորդը գիտնականներու կողմէ կը թուագրուի բիւզանդականէն ոչ հին ժամանակաշրջանով:
Ըստ պեղումներու ղեկավար Ղանի Թարքանի, ստորերկրեայ Միտիաթ քաղաքը անոնցմէ կը տարբերի անով, որ անիկա շարունակաբար գործածուած է գրեթէ 1900 տարի: Այն սկիզբը կառուցուած է որպէս թաքստոց:
Ինչպէս յայտնի է, Բ. դարուն քրիստոնէութիւնը պաշտօնական կրօն չէր. քրիստոնէութիւնը ընդունած ընտանիքներն ու խումբերը սովորաբար կը պահուըտէին քարանձաւներու մէջ` խուսափելու համար հռոմէական հալածանքներէն:
Թարքան նոյնպէս կը կարծէ, որ քաղաքին մէջ կրնար ապրիլ 60-70 հազար մարդ: Ասիկա շատ համարձակ ենթադրութիւն է, եւ պէտք է սպասել գոնէ մինչեւ պեղումներու աւարտը եւ բոլոր գտածօներու ուսումնասիրութիւնը:
Ասորիներու կողմէ քրիստոնէութեան ընդունումէն ի վեր Միտիաթ կը նկատուի Միջին Արեւելքի մէջ այդ կրօնի կարեւորագոյն կեդրոնը: Թէեւ ասորիները երկար ժամանակ կը կազմէին քաղաքի բնակչութեան հիմնական մասը, սակայն այս վայրերուն մէջ աստիճանաբար հաստատուեցան հայեր եւ յոյներ, որոնք նոյնպէս արագ ընդունեցին քրիստոնէութիւնը:
Իսկ Քրիստոսէ ետք Գ. դարուն Եդեսիոյ թագաւորութիւնը գրաւուեցաւ Սասանեաններու կողմէ (Իրանի իշխող գերդաստան) եւ դարձաւ անոնց կայսրութեան մէկ մասը:
Այնուհետեւ սկսան շարք մը պատերազմներ` Բիւզանդիոյ եւ Սասանեաններու, Բիւզանդիոյ եւ արաբներու միջեւ, եւ ժԱ. դարուն այս հողերը գրաւեցին թուրք-սելճուքները:
Հակառակ այն հանգամանքին, որ իսլամութիւնը դարձաւ պաշտօնական կրօն, Միտիաթի մէջ մնացին բաւական շատ քրիստոնեաներ, հիմնականին մէջ` ասորիներ եւ հայեր:
ԺԶ. դարուն Միտիաթը պաշարեց եւ գրաւեց Օսմանեան կայսրութեան իններորդ սուլթան Սելիմ Ա.-ը:
Իսլամականները, որոնց շարքին` քիւրտերը, տեղափոխուեցան հին Ասորեստանի երկիրներ:
Ժամանակ առ ժամանակ կը փորձէին ցեղային զտումներ կատարել, բայց յետոյ անոնք պարզապէս փորձեցին թալանել ամէնէն հարուստ քաղաքացիները, որոնք հիմնականին մէջ ասորիներ եւ հայեր էին:
Այնուհանդերձ, իշխանութիւնները թոյլ չտուին, որ նման կողոպուտները հատեն որոշ սահման մը` ընդհուպ մինչեւ 1915 թուական, երբ Օսմանեան կայսրութիւնը սկսաւ համակարգուած բնաջնջել ասորիները եւ հայերը:
Ստորերկրեայ Քաղաքը Իր Դպրոցով
Կապադովկիոյ ամէնէն յայտնի ստորերկրեայ քաղաքներէն մէկը այժմ Թուրքիոյ տարածքին մէջ գտնուող յունական Մալաքոփին է (թրքերէն` Տերինքէօյու), որ կառուցուած է բիւզանդական դարաշրջանին, երբ անոր բնակիչները հոն ապաստանած են խուսափելու համար արաբ իսլամներու հալածանքներէն, արաբ-բիւզանդական պատերազմներու ատեն (780-1180 թուականներ): Բազմաստիճան քաղաքը կը տարածուի մօտաւորապէս 85 մեթր խորութեան վրայ: Այն պատսպարած է 20 հազար անձ` իրենց անասուններով եւ սննդամթերքի խանութներով: Մալաքոփի, որ բաղկացած էր բազմաթիւ անցքերէ եւ քարանձաւներէ, Կապադովկիոյ (եւ ամբողջ Թուրքիոյ) ամէնէն խոր ստորերկրեայ քաղաքն է:
Քաղաքը Կապադովկիոյ այլ ստորերկրեայ համալիրներուն նման ունէր յարմարութիւններ, ինչպիսիք են` գինիի եւ ձէթի մամլիչներ, ախոռներ, նկուղներ, պահեստանոցներ, սեղանատուներ եւ մատուռներ: Յայտնաբերուած են գինիի նկուղներու, ախոռներու եւ մատուռներու մնացորդներ:
Յատուկ է երկրորդ յարկին մէջ գտնուող ընդարձակ սենեակը տակառապատ առաստաղով: Կը հաղորդուի, որ այս սենեակը գործածուած է որպէս կրօնական դպրոց:
Կը կարծուի, որ 55 մեթրնոց մեծ օդափողը գործածուած է որպէս ջրհոր, որ ջուր կը մատակարարէր ե՛ւ վերի գիւղերուն, ե՛ւ, եթէ արտաքին աշխարհը վտանգաւոր էր, վարը ապաստանածներուն:
Քարանձաւները սկիզբը կառուցուած էին Կապադովկիոյ շրջանի փափուկ հրաբխային ժայռերու վրայ, Քրիստոսէ առաջ 8-7-րդ դարերուն, փռիւգիացիներու կողմէ: Երբ հռոմէական ժամանակներուն փռիւգիական լեզուն մահացաւ եւ փոխարինուեցաւ իր ազգականով` յունարէնով, բնակիչները, այժմ քրիստոնեայ, ընդարձակեցին իրենց քարանձաւները մինչեւ խոր բազմաստիճան կառոյցներ, աւելցնելով մատուռները եւ յունարէն արձանագրութիւնները:
Քաղաքը իր ծաղկման տարիներուն ունէր քարէ երկու մեծ դուռ, որոնք մօտալուտ վտանգի պարագային կը փակէին ներսէն:
Թէեւ բնակիչները կրնային պահուըտած ըլլալ, անոնք իրենց կեանքը ապրած են լիարժէք, այնքան, որքան` վերը գտնուող քաղաքին մէջ: Մալաքոփիի ամէնէն վառ տարածքներէն մէկը թաղածածկ առաստաղներով խոշոր սենեակն է, որ ենթադրաբար եղած է կրօնական դպրոց, առանձին ուսումնական սենեակներով: Մալաքոփին նոյնպէս միացուած էր ստորերկրեայ միւս քաղաքներուն` փապուղիներու բարդ ցանցի միջոցով:
Այսպիսի քաղաքները շարունակեցին գործածել քրիստոնեայ բնիկները` որպէս պաշտպանութիւն 14-րդ դարուն Լենկ Թիմուրի մոնկոլական արշաւանքներէն:
Երբ շրջանը ինկաւ օսմանցիներու ձեռքը, քաղաքները բնիկներու կողմէ գործածուեցան որպէս ապաստան` խուսափելու համար թուրք կառավարիչներէն:
Նոյնիսկ քսաներորդ դարուն մէջ տեղւոյն բնակչութիւնը` Կապադովկիոյ յոյները, տակաւին կը գործածէին ստորերկրեայ քաղաքները` խուսափելու պարբերական հալածանքներէն:
Օրինակ, Ռիչարտ ՄաքԳիլիվրէյ Տոքինս` բրիտանական Քեմպրիճ համալսարանի լեզուաբան, որ 1909-1911 թուականներուն հետազօտութիւն կատարած է այդ տարածքին մէջ` կապադովկիական յունախօս բնիկներու վերաբերեալ, արձանագրած է, որ 1909 թուականին Աքսոյի բնակչութեան մեծ մասը ապաստան գտաւ այս ստորերկրեայ սենեակներուն մէջ եւ որոշ գիշերներ չհամարձակեցաւ քնանալ գետնէն վեր:
1923 թուականին շրջանի քրիստոնեայ բնակիչները վտարուեցան Թուրքիայէն եւ տեղափոխուեցան Յունաստան` Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ բնակչութեան փոխանակման պատճառով:
Ստորերկրեայ սենեակները լքուեցան:
1963 թուականին անոնք կրկին յայտնաբերուեցան, երբ շրջանի բնակիչ մը իր տան պատին ետին առեղծուածային սենեակ մը գտաւ: Հետագայ պեղումը ցոյց տուաւ մուտք մը` դէպի փապուղիներու ցանց:
Անիկա այցելուներուն համար բացուած է 1969 թուականին, թէեւ քաղաքին միայն կէսը մատչելի է դիտելու:
www.aztagdaily.com/archives/544868