«Պայտընի Կողմէ Ցեղասպանութեան Եզրի Օգտագործումը Հիմնուած Է Պատմական Տուեալներու Վրայ» Կ՛ըսէ Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը
Ապրիլ 29, 2022| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
Թրքական «Թէ.Ռէ.Թէ. Հապեր» պետական պատկերասփիւռի կայանը Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ուղարկած է ապրիլ 24-ի յայտարարութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ ցեղասպանութիւն եզրի օգտագործման շուրջ հարցում մը:
Թրքական պատկերասփիւռի կայանը բացատրութիւն խնդրած է` «ինչի՞ հիման վրայ Պայտըն կը պնդէ, որ Ուքրանիոյ մէջ ջարդերը իբրեւ «ցեղասպանութիւն» որակելու հարցը պէտք է ձգուի իրաւաբաններու միջազգային հետաքննութեան հայեցողութեան, իսկ 1915 թուականի իրադարձութիւնները կ՛որակէ իբրեւ ցեղասպանութիւն: Եւ ինչո՞ւ ցեղասպանութեան սահմանումի երկու յայտարարութիւնները, որոնք կատարուած են քանի մը շաբթուան տարբերութեամբ, իրարմէ տարբեր են, ինչպէս ցերեկն ու գիշերը»:
Ըստ թրքական պետական պատկերասփիւռի կայանին, պատասխանին մէջ կը նշուի. «1915 թուականի իրադարձութիւններուն առնչութեամբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պայտընի կողմէ ցեղասպանութիւն եզրը օգտագործելու պատճառը Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան` այն ժամանակուան աշխատակիցներուն զեկուցումներն են»:
«Նախագահ Պայտընի կողմէ իր յայտարարութեան մէջ ցեղասպանութեան սահմանման օգտագործումը հիմնուած է պատմական գրառումներու վրայ, որոնք կատարուած են Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան այն ժամանակ Օսմանեան կայսրութեան մէջ ծառայող պաշտօնեաներու զեկուցումներուն վրայ, եւ այդ գրառումները կը համապատասխանեն ժամանակակից հետազօտութիւններուն», կը նշուի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական պատասխանին մէջ:
www.aztagdaily.com/archives/544929