Երէկ` 29 ապրիլին, Արամ Մանուկեանի արձանի մօտէն սկիզբ առաւ «Զարթնի՛ր, լաօ» «Դիմադրութեան» շարժման իրազեկման բազմամարդ երթը

Բողոքի Ցոյցեր Երեւանի Եւ Գիւմրիի Մէջ

Երէկ` 29 ապրիլին, Արամ Մանուկեանի արձանի մօտէն սկիզբ առաւ «Զարթնի՛ր, լաօ» «Դիմադրութեան» շարժման իրազեկման բազմամարդ երթը

Բողոքի Ցոյցեր Երեւանի Եւ Գիւմրիի Մէջ

Ապրիլ 30, 2022| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական

Երէկ` 29 ապրիլին, Արամ Մանուկեանի արձանի մօտէն սկիզբ առաւ «Զարթնի՛ր, լաօ» «Դիմադրութեան» շարժման իրազեկման բազմամարդ երթը:

«Առանց Նիկոլ Հայաստան», «Նիկոլ դաւաճան», «Միացում» «Պայքար», «Յաղթանակ» վանկարկումներուն ներքեւ քայլերթին մասնակիցները շարժեցան մայրաքաղաքի կեդրոնական հատուածներով` Խանճեան, Սայեաթ Նովա, Չարենց փողոցներով:

Նոյն օրը, նոյն ժամերուն Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցած է  բազմահազարանոց երթ:  ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը ողջունեց Գիւմրիի երթը եւ  աւելցուց, թէ «Դիմադրութեան» յաղթարշաւի պայքարի երթը կը շարունակուի:

Քաղաքացիները մայթերէն եւ պատուհաններէն ողջունեցին երթին մասնակիցները:

Երթի ընթացքին կը հնչէին հայրենասիրական երգեր, պայքարին միանալու կոչեր:

«Օրուան իշխանութիւններուն այն յոյսերը, որ այլեւս հայ ժողովուրդին չի հետաքրքրեր Արցախը, եւ մարդիկ պիտի մարսեն այն ապօրինութիւնը, որ պիտի ընեն, այլեւս յօդս ցնդած է», երթի ընթացքին լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան:

«Ժողովուրդը ոտքի կանգնած է, պատրաստ է պաշտպանելու իր իրաւունքները, Արցախը, Հայաստանը: Այլեւս իրենք չեն տիրապետեր իրավիճակին, յառաջիկայ օրերուն շատ յստակ իրենց մաշկին վրայ պիտի տեսնեն, պիտի զգան: Ժողովուրդը անվտանգութիւն կ՛ուզէ, բարեկեցութիւն, կ՛ուզէ հայրենիք ունենալ ու քաջ կը գիտակցի, որ այստեղ Հայաստանի լինելիութեան հարց կայ, այդ պատճառով ոտքի կանգնած է, մենք պիտի երթանք մինչեւ վերջ: «1 մայիսէն մենք պիտի սկսինք մեր պայքարի վերջնական եւ կարեւոր փուլին», նշեց Սաղաթէլեան:

Երթը աւարտեցաւ Ֆրանսայի հրապարակին վրայ:

«Դիմադրութեան շարժման իրազեկման երթը վաղը եւս (այսօր` 30 ապրիլ «Ա.») տարբեր ցոյցեր պիտի ունենայ, հանդէս պիտի գանք մամլոյ ասուլիսով», յայտարարեց Իշխան Սաղաթէլեան:

aztagdaily.com/archives/545047

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail