Երեւան Ցոյցի Քաղաք Է. Հեռատեսիլը Հաղորդեց Որ Այդպէս Է Նաեւ Երկիրը – Յակոբ Պալեան
01 ՄԱՅԻՍ 2022 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ – ԱՇԽԱՐՀ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:
Յակոբ Պալեան – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Եթէ իշխանութիւնը տիրելու սէր է, զայն կը համարեմ տխմար փառասիրութիւն: Բայց եթէ ան ստեղծագործական արարք է եւ ստեղծագործական փորձ, այն ատեն կը գովաբանեմ իշխանութիւնը:
Անթուան տը Սէնթ-Էկզիւփերի
Ֆրանսացի գրող, Ի դար
Երեւանի մէջ ցոյցերը ամենօրեայ բնոյթ ունին: Ցոյցեր՝ քաղաքի տարբեր պողոտաներուն վրայ: Ցոյցերը բազմամարդ են, բայց գործադուլ չկայ, երթեւեկը նոյն թափով կը շարունակուի: Բողոքի ցոյցեր կան ուրիշ քաղաքներու մէջ ալ: Ցուցարարներ քալելով ճամբայ ելած են գալու եւ միանալու համար Երեւանի ցուցարարներուն: Ցոյցերու նպատակն է իշխանափոխութեամբ առաջքը առնել Հայաստանի տարածքային զիջումներուն:
26 Ապրիլին, Կոմիտաս պողոտայէն քալող ցուցարարները օղակուած էին ապահովական մեծաթիւ ուժերով: Այդպէս ըլլալու է կացութիւնը ամէն տեղ: Այդ ուժերը ամէն առիթով կը միջամտեն, «բերման կ’ենթարկեն» երիտասարդներ, որոնք երեկոյեան ազատ կ’արձակուին: Հեռատեսիլի Հ1 կայանը իշխանութեան պաշտօնական բեմն է եւ բանբերը, ուրիշ կայանններ ցուցարարներու, ցոյցերու եւ անոնց պատկերներու սփռման կը ծառայեն: Հարցազրոյցներ կը կատարուին, օրուան իշխանութեան եւ ընդդիմութեան հետ, անցեալը եւ ներկան կ’օգտագործուին փոխադարձ ամբաստանութիւններու համար:
Ցոյցերը անմիջականօրէն տեսանելի են, անոնք քաղաքի զանազան շրջաններուն մէջ են, իրենց հնչող պահանջներով եւ կարգախօսներով: Մամուլը կը յորդի տեւաբար աճող մտահոգիչ լուրերով եւ ամբաստանութիւններով: Հիմա կը սպասուի Մայիսի 1–ը, երբ, բոլոր ցոյցերը պիտի մէկտեղուին, նոյն կարգախօսով՝ իշխանափոխութեան:
Ի հարկէ լաւ ապրողներ կան Երեւան: Անձնական պերճ ինքնաշարժներ կը շրջին, Բարձրայարկ շէնքեր կը կառուցուին հիներու կողքին: Չէին կառուցուիր եթէ գնողներ չըլլային: Այս պատկերը իրողութիւն է: Բայց կան այլ իրողութիւններ ալ: Կը բաւէ հեռանալ ինքնագոհութեան եւ զբօսաշրջիկի վիճակէն, հետաքրքրուիլ Հիւսիսային Պողոտայէն քանի մը քիլոմեթր հեռու ապրողներով, երթալ հոն՝ ուր զբօսաշրջիկները չեն երթար, ուր չկան շքեղութիւններ, մտնել տուները: Եւ լսել «լաւ չապրողներ»ը, համեստները, նոյնիսկ «միջին խաւ»ը:
Երթալ Մասիս, Չարբախ…
Ելեկտրականութիւն եւ «կապոյտ վառելիք» (ջեռուցման գազ) գիները աճած են: Թոշակառու կինը կ’ըսէ, թէ բնակարանի ջեռուցումը կը խնայէր մսելու գնով, տան լոյսերը կ’անջատէր, շաքարաւազ եւ միս չէր գներ: Ուրիշ մը կ’ըսէ, թէ դեղօրայք գնելու միջոցներ չունի: Ֆրանսայէն եկած տիկին մը, մասնակցելով խօսակցութեան, յայտնեց, որ լոլիկի եւ վարունգը Փարիզէն աւելի սուղ են: Հիմնադրամի պատասխանատուները իրենց բարձունքներէն իջնելով, պէտք է երթան, գացած ըլլային, դէպի ժողովուրդը, որ «լաւ չ’ապրիր»:
Փոխարէն, հեռատեսիլէն կ’իմանաք, որ երկրի տնտեսութիւնը լաւ վիճակի մէջ է, եւ խաղաղութեան հաստատումով երկրին մէջ բարօրութիւն պիտի ըլլայ:
Մտէ՛ք տուները նաեւ անոնց, որոնք թշուառութեան չեն մատնուած, բայց լաւ ըլլալու յոյս չունին, եւ անդադար կը խօսին եւ կը մտածեն մեկնելու մասին, նոյնիսկ՝ երէցներ: Բայց ինչպէ՞ս, երբ աշխատանք չունին, «հովանաւոր» չունին, «գումար» չունին: Կ’ըսեն, որ հոս անկարելի է մնալ, անկարելի է նաեւ երթալ այստեղէն:
Բայց անդին կան ուրիշներ ալ, որոնք կը պատրաստուին «Իսթանպուլ» երթալ արձակուրդի, հայր, մայր, որդի, հարս, կարծէք չեն լսած թուրքին եւ Թուրքիոյ մասին: Կը զարմանամ, որ մամուլը եւ մտաւորականութիւնը երեւոյթը չեն նշեր, չեն քննադատեր, եւ կը շարունակուի դէպի Անթալիա կամ Իսթանպուլ տուրիզմը:
Բայց այս բացասականութիւններու կողքին կան յուսադրիչ երեւոյթներ: Հալէպի Քարէն Եբբէ ճեմարանէն շրջանաւարտ կինը Հայաստան հաստատուած է, հաւատքով եւ խանդավառութեամբ, ամէն օր, ճշդապահութեամբ ցոյցի կ’երթայ: Երիտասարդ բժիշկը չի մտածեր երկիրը լքելու մասին եւ առանձատուն կը կառուցէ իր ընտանիքին համար: Երկրի «սակաւապետներ»ը, իշխանաւորները, եւ «պարագայք իւրեանց», օդանաւային թռիչքներու մնայուն հիւրերն են:
Հայրենադարձ մտաւորականը կը դժգոհի, կը քննադատէ, բայց որոշած է մնալ: Ուրիշ մը, ընտանիքով եկած է, Երեւանէն դուրս հողամաս գնած է եւ տուն կը կառուցէ:
Այսպէս է Հայաստանը: Աւելի ճիշդ՝ Երեւանը:
Ի՞նչ մտածել : Տեսնել բաժակին լեցո՞ւն մասը միայն: Բայց մենք ունի՞նք այնքա՜ն ներուժ հաշտուելու համար բաժակի դատարկ-դատարկուող կէսի ամայացման եւ հետեւանքներուն հետ:
Երէկ, կէսօրէ ետք Հիւիսային պողտայէն անցանք: Ստորահաւաք կար իշխանութեան հրաժարականի պահանջի համար: Գացինք Հանրապետութեան հրապարակ, ուր տեղի ունեցաւ «Ազատագրական Պայքար» խմբաւորման ցոյցը: Խօսուեցան ճառեր, մասնաւորաբար «Սորոսականներու» մասին, ընդգծելով սեռային եւ բարոյական ըմբռնումներու այլասերումը, կրթկական եւ հանրային կեանքի մէջ: Ցուցարարաներէն շատ աւելի մեծ թիւ կը կազմէին ոստիկանները: Նոյն օրը եղած էին ձերբակալութիւններ, «բերման ենթարկուածներ», որոնք ազատ արձակուած էին:
Ապա գացինք Ազատութեան հրապարակ, ուր տեղի կ’ունենային ընդդիմութեան, ՀԱՅԱՍՏԱՆ եւ ՊԱՏԻՒ ՈՒՆԵՄ դաշինքներու զոյգ հանրաժողովները: Կրկին խօսուեցան ճառեր:
Մայիս 1–ին բոլորը պիտի հաւաքուին Հանրապետութեան հրապարակ: Շատեր համոզուած են, որ բողոքողներու միացեալ ցոյցը պիտի արդիւնաւորուի եւ տեղի պիտի ունենայ իշխանափոխութիւն:
Բայց Հիւսիսային պողոտայի վրայ ամառնային-զբօսաշրջային մթնոլորտ կը տիրէր: Պատկերը ոչ մէկ ձեւով կը յուշէր, որ երկրին մէջ կային ցոյցեր, եղած էին պատերազմ եւ պարտութիւն, հազարաւոր զոհեր եւ նոյնքան հազաաւոր հաշմանդամներ: Կարծէք մարդիկ կ’ապրէին երկու տաբեր մոլորակներու վրայ:
Ցոյցերը պիտի շարունակուին:
Ժողովուրդի մէկ մասը ցոյցի կը մասնակցի յոյսի մը համար, միւս մասը կրաւորակականութեամբ կ’ապրի նոյն հրապարակներուն վրայ եւ նոյն փողոցներուն մէջ, ուր բարձրախօսներէն կը հնչեն կարգախօսներ:
Հեռատեսիլը ցոյց տուաւ տարբեր քաղաքներէ Երեւան եկող բողոքարկուներու քալարշաւը:
Կը շարունակուի նաեւ, հրապարակին վրայ, բողոքարկուներու սկսած հացադուլը:
Այլ պարագաներու կրնայի ուրախանալ որ այնքան խիտ շարքերով եւ լաւ հագնուած ոստիկաններ ունի Հայաստանը, բայց անոնք ցուցարարներէն աւելի էին Հանրապետութեան եւ Ազատութեան հրապարակներու վրայ, կամ փողոցներէն քալող նոյն բողոքող ցուցարարներու երթի եզերքին:
Ցոյցի մը ընթացքին, բողոքարկուներու դիմաց, միշտ կը մտածենք ազատութիւններու սահմանափակման եւ բռնութեան մասին:
Այս հայրենիք է, ուր կան խռով հոգիներ, յուսահատեցնող պատկերներ եւ յոյս ներշնչող սպասումներ:
Հիմա արդէն կը կրկնուին ցոյցերը:
Միթէ՞ անկարող դարձած ենք զիրար լսելու եւ միասին ըլլալու:
Հայ մարդը ինքնիրեն հարց կու տայ. ԻՆՉՈ՞Ւ…
Ո՞ւր երթալ պատասխան լսելու համար…
Ինչպէս միշտ, երբեմն պէտք է յիշել իրենց ժամանակը դրոշմած եւ գերանցած մտածողները: Պէտք է յիշել Ի դարու ֆրանսացի մեծ գրող «Պզտիկ Իշխանը» գիրքի հեղինակ Անթուան տը Սէնթ Էկզիւփերին, որ ըսած է. «Եթէ իշխանութիւնը տիրելու սէր է, զայն կը համարեմ տխմար փառասիրութիւն: Բայց եթէ ան ստեղծագործական արարք է եւ ստեղծագործական փորձ, այն ատեն կը գովաբանեմ իշխանութիւնը»:
Եթէ իշխողներ եւ իշխանութեան ձգտողներ աշակերտէին այս իմաստութեան…
yerakouyn.com/2022/04/28/երեւան-ցոյցի-քաղաք-է-հեռատեսիլը-հաղոր/