ՀՀ ՄԻՊ-ը Կը Դատապարտէ Ոստիկանութեան Ծառայողներու Կողմէ Դրսեւորուած Օրէնքէն Չբխող Գործելակերպերը
02 ՄԱՅԻՍ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՆԵՐՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ՀՀ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը յայտարարութիւն տարածած է արագ արձագանգման խումբերու աշխատանքի նախնական ամփոփմամբ։
Յայտարարութեան մէջ կ՝ըսուի.
«Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի արագ արձագանգման խումբերը վաղ առաւօտէն իրականացուցած են արագ արձագանգման այցեր Ոստիկանութեան 8 բաժիններ բերման ենթարկուած աւելի քան 151 անձերու։
Իրականացուած այցերուն իբրեւ արդիւնք արձանագրուած են Ոստիկանութեան ծառայողներու կողմէ քաղաքացիները բերման ենթարկելու շարք մը ընթացակարգային խախտումներ։ Անոնց զգալի մասի ուսումնասիրութիւնը կը վկայէ արձանագրուող խախտումներու շարունակականութեան մասին։
Ստորեւ կը ներկայացնենք հիմնականները։
1. Զանգուածային բնոյթ կը կրեն առանց որեւէ պահանջ ներկայացնելու, առանց քաղաքացիները բերման ենթարկելու պատճառներու եւ հիմքերու պարզաբանման, առանց Ոստիկանութեան ծառայողներու կողմէ ներկայանալու, առանց անձերուն վերջիններուս նուազագոյն իրաւունքներու մասին տեղեկացնելու բերման ենթարկելու արատաւոր եւ անթուլատրելի գործելաոճը։
Կատարուած արագ արձագանգման այցերուն ծիրէն ներս արձանագրուած են անգամ դէպքեր, երբ մէկ ժամէն աւելի ոստիկանութեան բաժին գտնուող քաղաքացիները տեղեակ չեն եղած իրենց բերման ենթարկելու պատճառներուն եւ հիմքերուն մասին։ Արձանագրուած են նաեւ դէպքեր, երբ անկախ անձի նկատմամբ վարչական վարոյթի ծիրէն ներս իրականացուող գործողութիւններու աւարտէն՝ անձեր պահուած են Ոստիկանութեան բաժիններու մէջ մինչեւ լրանայ օրէնքով սահմանուած 3 ժամը։
Այս առումով Պաշտպանը յատուկ կ՝ընդգծէ, որ վերոնշեալ 3 ժամը այն առաւելագոյն ժամկէտն է, որուն ընթացքին Ոստիկանութիւնը կրնայ անձը վարչական ձերբակալման ծիրէն ներս զրկել ազատութենէ, միաժամանակ, մինչեւ այդ ժամկէտի լրանալը անձի մասնակցութեան վարութային գործողութիւններու աւարտէն ետք, անձը պէտք է անմիջապէս ազատ արձակուի, անկախ վերջինիս փաստացի արգելանքի վերցնելու պահէն 3 ժամը լրացած չըլլալու հանգամանքէն։
Վերոնշեալ՝ օրէնքէն չբխող գործելաոճի շարունակականութիւնը յատկապէս մտահոգիչ է նախորդ շաբաթ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի կողմէ կատարուած յայտարարութիւններու, կոչերու եւ իրաւասու մարմիններուն ուղղուած գրութիւններու առկայութեան պայմաններուն մէջ։
Կատարուած այցերուն ծիրէն ներս արձանագրուած է նաեւ դէպք, երբ քաղաքացին ոստիկանութեան կողմէ բերման ենթարկուելով ստացած էր ձեռքի փակ վնասուածք, որուն պայմաններուն մէջ թէեւ Ոստիկանութիւնը զանգահարած էր շտապօգնութեան ծառայութիւն, սակայն քաղաքացիի ձեռքի վնասուածքի ախտորոշման եւ բուժման յետագայ ընթացքը, ըստ Ոստիկանութեան եւ շտապօգնութեան աշխատակիցներու դիրքորոշման, պէտք է կատարուէր քաղաքացիի միջոցներու հաշուիին։
Նման մօտեցումը եւս, կը գտնենք, որ ընդունելի չի կրնար համարուիլ այն պայմաններուն մէջ, երբ վնասուածքը ստացուած է Ոստիկանութեան ծառայողներու կողմէ անձը բերման ենթարկելու ժամանակ կիրառած ուժին իբրեւ արդիւնք։
Այլ դէպքի մը ընթացքին, Ոստիկանութեան ծառայողներու յորդորով քաղաքացիի կողմէն մեքենան առաջ վարելու հետեւանքով տեղի ունեցած ՃՏՊ-ի (պատահար) իբրեւ արդիւնք ոստիկանները, ըստ քաղաքացիի ներկայացուցած պնդումներուն, պահանջած են առանց ապահովագրական ընկերութեան տեղեկացնելու եւ յետագային ապահովագրական հատուցում ստանալու համար այլ անհրաժեշտ գործողութիւններ կատարելու վարէ մեքենան, որմէ ետքլ՝ վերջինս բերման ենթարկած են ըստ անձի՝ կրկին անհամաչափ ուժի կիրառումով, ներառեալ՝ մեքենային մէջ ոտքով կոկորդին սեղմելով։ Քաղաքացիի պնդումով, ոստիկաններէն մէկը նաեւ վիրաւորական արտայայտութիւններ կատարած է քաղաքացիի նկատմամբ։
Ոստիկանութեան Երեւան քաղաքի Մաշտոցի բաժնին մէջ արձանագրուած են նաեւ դէպքեր, երբ բերման ենթարկուած անձերը ազատ չեն արձակած անգամ վարչական ձերբակալման համար նախատեսուած առաւելագոյն ժամկէտի՝ 3 ժամի լրանալէն ետք՝ մօտ 30-40 րոպէ։ Այս առումով եւս Պաշտպանը կ՝արձանագրէ, որ 3 ժամը ազատութենէ զրկելու առաւելագոյն ժամանակահատուածն է, անկէ ետք անձերու ազատութեան սահմանափակումը ապօրինի է եւ խիստ դատապարտելի։
Տարածուած այլ խնդիր մը՝ անձը իր կամքին հակառակ՝ ելեկտրոնային սարքերով նոյնականացնելը։ Նման խնդիր արձանագրուած է ինչպէս Ոստիկանութեան Արաբկիրի, այնպէս ալ Էրեբունիի բաժիններուն մէջ։ Այս առումով Պաշտպանը կը պարզաբանէ, որ այն պարագային, երբ անձը, օգտուելով լռելու իրաւունքէն, կը հրաժարի իր անձնական տուեալները ներկայացնելէ, ներառեալ՝ նոյնականացուիլ, Ոստիկանութեան կողմէ վերջինիս կամքին հակառակ ելեկտրոնային սարքերու միջոցով նոյնականացնելը անթուլատրելի է։
Յատկապէս անընդունելի է անձի՝ իր կամքին հակառակ նոյնականացման իրականացումը ելեկտրոնային սարքերով անձերու անտեղեակութիւնը օգտագործելով կամ առանց անոնց իմացութեան՝ գաղտնի։
2. Պաշտպանի աշխատակազմին մէջ իրականացուող ԶԼՄ-ներու հրապարակումներու մշտադիտարկումներու իբրեւ արդիւնք եւս արձանագրուած են շարք մը խախտումներ եւ մտահոգիչ դէպքեր։
Նախ, շարք մը լրատուական միջոցներով տարածուած տեսանիւթի ուսումնասիրութենէն կ՝երեւի քաղաքացին բերման ենթարկելու ժամանակ Ոստիկանութեան 4-6 ծառայողներու կողմէ անոր նկատմամբ անհամաչափ ուժի կիրառումը, իսկ մէկ ծառայող ալ բերման ենթարկուող անձի գլխու շրջանին քանի մը հարուած կը հասցնէ։
Պաշտպանը խստօրէն կը դատապարտէ Ոստիկանութեան ծառայողի կողմէ անձը բերման ենթարկելու անհրաժեշտութեամբ չպայմանաւորուած, Ոստիկանութեան ծառայողի կարգավիճակէն դուրս, օրէնքը խախտող նման գործելակերպը։
Միւս կողմէն ողջունելի է, որ Ոստիկանութեան կողմէ վերը նշուած դէպքին առնչութեամբ, քանի մը ժամ անց, տեղեկութիւն հրապարակուեցաւ, որ նշուած ոստիկանութեան ծառայողի նկատմամբ նշանակուած է ծառայողական քննութիւն։ Այդուհանդերձ, Պաշտպանի կողմէ նշուած դէպքին առնչութեամբ համապատասխան գրութիւններ պիտի հասցէագրուին իրաւասու մարմիններուն՝ նման դէպքերու բացառման եւ մեղաւորներու նկատմամբ պատիժի անխուսափելիութեան ապահովման նպատակով։
ԶԼՄ ուսումնասիրութեամբ արձանագրուած է նաեւ բերման ենթարկուած անձերու փաստաբան ներկայացած անձի բերման ենթարկման դէպք։
Մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ.
yerakouyn.com/2022/05/02/հհ-միպ-ը-կը-դատապարտէ-ոստիկանութեան-ծա/