Ընդդիմութեան Հանրահաւաք Եւ Նստացոյց՝ Ֆրանսայի Հրապարակին Վրայ
02 ՄԱՅԻՍ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՆԵՐՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ԵՐԵՒԱՆ.- 1 Մայիսի երեկոյեան, Ֆրանսայի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ իշխանութիւններու հեռացումը պահանջող, Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւնները հայկական պահելու նպատակով Դիմադրութեան շարժման համազգային հանրահաւաքը:
Հրապարակին վրայ հաւաքուածներուն միացան Հայաստանի խորհրդանշական 4 կողմերէն՝ Իջեւանէն, Տիգրանաշէնէն, Սարդարապատէն ու Ապարանէն քայլերթերու մասնակցողները, Հայաստանի բոլոր մարզերէն բազմահազար քաղաքացիներ, խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական քաղաքական ուժեր, տարբեր նախաձեռնութիւններ եւ կազմակերպութիւններ:
Հանրահաւաքին միացան Հայաստանի նախկին նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Ռոբերտ Քոչարեան, ինչպէս նաեւ «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան համահիմնադիր Րաֆֆի Յովհաննէսեան:
Հանրահաւաքին մասնակցողները միասնաբար կ՛երգէին «Զարթնիր, լաօ», ինչպէս նաեւ կը վանկարկէին՝ «Հայաստան ոտքի, Արցախ ոտքի, հայ ազգ ոտքի»:
Հանրահաւաքին ընթացքին խօսք առաւ «Հայաստան» դաշինքի անդամ, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան։ «Այս պահից սկսած Ֆրանսիայի հրապարակը ժողովրդինն է, այս պահից սկսած Հայաստանում իշխանութիւնը ժողովուրդն է: Այսօր մենք անցկացնելու ենք այս հրապարակում, քիչ յետոյ կը տեղադրենք վրաններ, եւ համապատասխան միջոցներ, որպէսզի գիշերը կարողանանք այստեղ անցկացնել: Վաղը առաւօտուանից էլ դասադուլ եւ անհնազանդութեան ակցիաներ կ՛անցկացնենք, իւրաքանչիւրդ փակէք ձեր բակի, գիւղի փողոցը, ցոյց տուէք, որ սրանք իշխանութիւն չունեն», յայտարարեց ան:
Հանրահաւաքին մասնակցողները սկսան նստարաններով եւ աղբամաներով փակել Ֆրանսայի հրապարակին կից փողոցները:
Անկէ ետք վրաններ տեղադրուեցան, ցուցարարները գիշերեցին հրապարակին վրայ, իսկ 2 Մայիսին՝ առաւօտեան ժամը 8:30էն սկսեալ, զանգուածային անհնազանդութեան գործողութիւններ կատարուեցան Երեւանի մէջ, որուն շարք մը կեդրոնական փողոցները եւ խաչմերուկները փակուեցան տարբեր միջոցներով:
Հիմնականօրէն փակուեցան Մաշտոցի պողոտայ եւ Պուշկին փողոցի խաչմերուկը, Մաշտոց-Ամիրեան խաչմերուկը, չորս կողմէ փակ պահուեցաւ Ֆրանսայի հրապարակը:
Խակայն, փողոցները երկար ատեն փակ չմնացին, որովհետեւ ոստիկանութիւնը, որ բաւական մեծաթիւ էր, արագօրէն կը ձերբակալէր ցոյցին մասնակցողները: Մինչեւ կէսօր, ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան, արդէն շուրջ 200 ձերբակալուածներ կային, սակայն մինչեւ երեկոյ անոնց 90 տոկոսը արդէն ազատ արձակուեցաւ:
Փողոցները բացուեցան օրուան երկրորդ կիսուն: Երեկոյեան ընդդիմադիրները դարձեալ համախմբուեցան Ֆրանսայի հրապարակին վրայ, ուր շարունակեցին գիշերել:
assbarez.am/418086/ընդդիմութեան-հանրահաւաք-եւ-նստացոյց/