Տարբեր Կարծիքներ՝ Հայաստանի Եւ Թուրքիոյ Սահմանագծման Մասին
03 ՄԱՅԻՍ 2022 – < Թուրքիայի իրականացրած հանցագործությունները հայ ժողովրդի, մարդկության եւ քաղաքակրթության դեմ, առնվազն վերջին 100 տարիների ընթացքում >
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- 2 Մայիսին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանի վերասահմանագծման վերաբերեալ որեւէ քննարկում կամ պայմանաւորուածութիւն չկայ, մինչդեռ 1 Մայիսին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը ըսաւ, թէ Երեւան եւ Անգարա արդէն համաձայնած են քննարկել երկու երկիրներուն միջեւ սահմանի յստակացման հարցը:
Մեւլութ Չաւուշօլու այս մասին խօսեցաւ Լատինական Ամերիկայէն վերադարձի ճամբուն վրայ, երբ լրագրողները հարցուցին հայ եւ թուրք յատուկ բանագնացներու հանդիպման մասին: «Պիտի քննարկուինք յառաջիկային ձեռնարկուելիք տարբեր քայլեր«, ըսաւ ան՝ մանրամասնելով, թէ երկու երկիրներու սահմանները դարձեալ որոշելու հարցին մէջ համաձայնութիւն կայ եւ հիմա օրակարգի վրայ է, թէ ինչպէս պիտի կատարուի այդ մէկը: Չաւուշօղլու չբացառեց, որ կազմուի միացեալ յանձնաժողով մը, ինչպէս նախատեսուած է հայ-ատրպէյճանական սահմանի պարագային:
Մինչդեռ Երեւան կը հերքէ նման բան։ «Նման հարց օրակարգում չկայ», ըսաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վահան Յունանեան:
Շուրջ ամիս մը առաջ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը խօսեցաւ հայ-թրքական սահմանի բացման մասին եւ նշեց, որ արդէն կը քննարկուին թեքնիք բնոյթի հարցեր՝ մասնաւորապէս տարիներու ընթացքին Արաքսի վարարման իբրեւ արդիւնք յառաջացած սահմանային փոփոխութիւները։ «Սահմանային գետերու սողանքներուն վերաբերող հարցեր կան: Կը քննարկուի, թէ ի՛նչ աշխատանքներ կրնան տարուիլ: Վաղը՝ սահմաններու բացման պարագային, հաղորդակցութեան հարցեր պիտի ծագին: Ճամբաներու եւ երկաթուղիներու գործարկման գծով ընելիքներ ունին երկու կողմերն ալ», յայտնեց ան:
Ըստ քարտէսագէտ Ռուբէն Գալչեանի՝ տարիներու ընթացքին հեղեղներու պատճառով տեղի ունեցած սահմանային փոփոխութիւնները էական չեն: «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ան նշեց, որ Թուրքիա այդ հարցը յառաջ քշելով այլ նպատակ ունի՝ հասնիլ Թուրքիոյ սահմաններու պաշտօնական ճանաչմանը։ «Կարծում եմ, որ թուրքական կողմը այդ մանր խնդիրը առաջ քաշելով իրականում կոծկում է իր բուն նպատակը՝ Կարսի պայմանագիրով եղած սահմանը, որը մինչեւ հիմա իրապէս վաւերացուած չէ եւ չի ընդունուած Հայաստանի կողմից պաշտօնապէս, դա պաշտօնականացնի եւ այդ սահմանը մշտական դարձնի: Ես կարծում եմ, այդ թեթեւ սահմանային փոփոխութիւնները պատրուակ են միայն»:
3 Մայիսին տեղի ունենալիք հանդիպումը արդէն երրորդն է հայ-թրքական յարաբերութիւններու հարցով յատուկ բանագնացներու նշանակումէն ի վեր: Ռուբէն Ռուբինեան եւ Սերտար Քըլըչը առաջին անգամ հանդիպում ունեցան Յունուարին՝ Մոսկուայի մէջ, Փետրուարին՝ Վիեննայի: Երկու հանդիպումներուն իբրեւ արդիւնք բանագնացները պայմանաւորուեցան շարունակել գործընթացը՝ առանց նախապայմաններու:
Հակառակ անոր որ թրքական կողմը պնդեց, որ բանակցութիւնները տեղի ունենան Երեւանի կամ Անգարայի մէջ, սակայն հայկական կողմը առաջարկեց երրորդ երկրի մէջ հանդիպիլ:
Չաւուշօղլու նաեւ անդրադարձաւ նախորդ շաբաթ Ուրուկուէյի մէջ տեղի ունեցած աղմկայարոյց միջադէպին, երբ 23 Ապրիլին՝ Ցեղասպանութեան յիշատակի օրուան նախօրէին, տեղւոյն հայ համայնքը ցոյց կը կատարէր, Չաւուշօղլու՝ իբրեւ պատասխան, ինքնաշարժին պատուհանէն ցոյց տուաւ շարք մը երկիրներու մէջ արգիլուած թրքական «Գորշ Գայլեր» ծայրայեղ ազգայնական կազմակերպութեան խորհրդանիշը:
Աւելի քան տասը օր ետք առաջին անգամ ըլլալով արձագանգելով այդ միջադէպին՝ Չաւուշօղլու ըսաւ, որ «ցուցարարները շատ տգեղ կեցուածք ունէին, ինք ալ անհրաժեշտ պատասխանը տուաւ»: Ըստ անոր՝ այս շարժումը վիրաւորանք էր ո՛չ Ուրուկուէյի իշխանութիւններուն, ո՛չ ալ Ուրուկուէյի ժողովուրդին, ո՛չ ալ հայ ցուցարարներուն, եւ իր հասցէին մեղադրանքները անհիմն են: Թէ ճշգրիտ ի՛նչը զայրացուցած էր զինք, Չաւուշօղլու չյստակացուց:
Նախորդ շաբաթ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման անդրադարձաւ նաեւ Թուրքիոյ նախագահը՝ երկրին մէջ ապրող փոքրամասնութիւններուն հետ ընթրիքի ընթացքին, որուն ներկայ եղաւ նաեւ Պոլսոյ «Սուրբ Փրկիչ» հայկական հիւանդանոցի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Պետրոս Շիրինօղլու: Ան «Ազատութեան» յայտնեց, որ Էրտողան ըսաւ, թէ լիայոյս է, որ հայ -թրքական սահմանը կը բացուի:
Յունուարէն ի վեր շարունակուող բանակցութիւններուն իբրեւ արդիւքն՝ առայժմ կողմերը համաձայնեցան միայն վերականգնել օդային հաղորդակցութիւնը, վերսկսելով ուղիղ թռիչքները Երեւանի ու Պոլսոյ միջեւ:
asbarez.am/418109/տարբեր-կարծիքներ՝-հայաստանի-եւ-թուրք/