Միրզոյեան Եւ Փաուըր Քննարկեցին Միացեալ Նոր Ծրագիրներու Կարելիութիւնները
03 ՄԱՅԻՍ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Աշխատանքային այցելութեամբ Միացեալ Նահանգներ գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 2 Մայիսին հանդիպում ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան (USAID) կառավարիչ Սամանթա Փաուըրի հետ:
Զրուցակիցները գոհունակութիւն յայտնեցին ընդհանուր ժողովրդավարական արժէքներու վրայ հիմնուած հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու շարունակական զարգացման համար:
Արարատ Միրզոյեան կարեւոր նկատեց Միջազգային զարգացման գործակալութեան աջակցութիւնը շարք մը ոլորտներու մէջ, մասնաւորապէս՝ փտածութեան դէմ պայքարի, արդարադատութեան եւ ոստիկանութեան բնագաւառներուն մէջ Հայաստանի կառավարութեան բարեփոխումներու նախաձեռնութիւններուն:
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ համագործակցութեան ծիրին մէջ, USAID-ի կողմէ Հայաստանի մէջ իրականացուող նորարարական եւ կայուն զարգացման ծրագիրներուն՝ նպաստելու երկրին մէջ ժողովրդավարական զարգացման, տնտեսական աճի եւ ուժանիւթի անվտանգութեան ամրապնդման, ընկերային ոլորտներու մէջ բարեփոխումներու իրականացման:
Քննարկուեցան նաեւ համագործակցութեան ընդլայնման եւ համատեղ նոր ծրագիրներու իրականացման կարելիութիւնները:
Նախարար Միրզոյեան զրուցակիցին ներկայացուց 44օրեայ պատերազմին պատճառով յառաջացած մարդասիրական հարցերը: Այս պարունակին մէջ յատկապէս ընդգծուեցաւ Ատրպէյճանի կողմէ պատանդառութեան մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական անձերու հայրենադարձութեան անհրաժեշտութիւնը:
asbarez.am/418100/միրզոյեան-եւ-փաուըր-քննարկեցին-միացե/