Իշխան Սաղաթէլեան. «Մէկ Օրակարգ Կայ Իշխանութեան Հետ Քննարկելու` Անցնցում, Արագ Հեռանալու Օրակարգն Է»
05 ՄԱՅԻՍ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Գլխաւոր լուրեր, Հայկական:
ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org
Դիմադրութեան Շարժման
Բողոքի Զանգուածային Ցոյցեր
Երէկ` չորեքշաբթի, 4 մայիսին, Դիմադրութեան շարժումը վերսկսաւ անհնազանդութեան լայնածիր ցոյցեր` Երեւանի եւ Հայաստանի զանազան մարզերուն մէջ:
Քաղաքացիները ինքնաբուխ ցոյցեր կատարեցին` փակելով խաչմերուկներ, կամուրջներ մայրաքաղաքի տարբեր հատուածներուն մէջ: Երեւանի մէջ տարբեր ուղղութիւններով տեղի ունեցան Դիմադրութեան շարժման երթեր:
Երեքշաբթի, 3 մայիսին, Դիմադրութեան շարժումը շարունակեց իր անհնազանդութեան արարքները` օրուան ընթացքին Երեւանի եւ մարզերու փողոցներ փակելով: Մեծաթիւ ցուցարարներ բերման ենթարկուեցան: Օրուան աւարտին տեղի ունեցաւ քայլերթ եւ Ֆրանսայի հրապարակին վրայ հանրահաւաք:
Երկուշաբթի, 2 մայիս 2022-ին` առաւօտեան ժամը 8:30-էն սկսեալ, զանգուածային անհնազանդութեան գործողութիւններ կատարուեցան Երեւանի մէջ, որուն շարք մը կեդրոնական փողոցները եւ խաչմերուկները փակուեցան տարբեր միջոցներով:
Հիմնականօրէն փակուեցան Մաշտոցի պողոտան եւ Պուշկին փողոցի խաչմերուկը, Մաշտոց-Ամիրեան խաչմերուկը, չորս կողմէ փակ պահուեցաւ Ֆրանսայի հրապարակը:
Սակայն, փողոցները երկար ատեն փակ չմնացին, որովհետեւ ոստիկանութիւնը, որ բաւական մեծաթիւ էր, արագօրէն բերման կ՛ենթարկէր ցոյցին մասնակցողները: Մինչեւ կէսօր, ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան, արդէն շուրջ 200 բերման ենթարկուածներ կային, սակայն մինչեւ երեկոյ անոնց 90 առ հարիւրը արդէն ազատ արձակուեցաւ:
Փողոցները բացուեցան օրուան երկրորդ կիսուն: Երեկոյեան ընդդիմադիրները դարձեալ համախմբուեցան Ֆրանսայի հրապարակին վրայ, ուր շարունակեցին գիշերել:
Իսկ կիրակի, 1 մայիս 2022-ի երեկոյեան, Ֆրանսայի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ իշխանութիւններու հեռացումը պահանջող, Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւնները հայկական պահելու նպատակով Դիմադրութեան շարժման համազգային հանրահաւաքը:
Հրապարակին վրայ հաւաքուածներուն միացան Հայաստանի խորհրդանշական 4 կողմերէն` Իջեւանէն, Տիգրանաշէնէն, Սարդարապատէն ու Ապարանէն քայլերթերու մասնակցողները, Հայաստանի բոլոր մարզերէն բազմահազար քաղաքացիներ, խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական քաղաքական ուժեր, տարբեր նախաձեռնութիւններ եւ կազմակերպութիւններ:
Հանրահաւաքին միացան Հայաստանի նախկին նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Ռոպերթ Քոչարեան, ինչպէս նաեւ «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան համահիմնադիր Րաֆֆի Յովհաննէսեան:
Հանրահաւաքին մասնակցողները միասնաբար կ՛երգէին «Զարթնի՛ր լաօ», ինչպէս նաեւ կը վանկարկէին «Հայաստան ոտքի՛, Արցախ ոտքի՛, հայ ազգ ոտքի՛»:
Հանրահաւաքին մասնակցողները սկսան նստարաններով եւ աղբամաներով փակել Ֆրանսայի հրապարակին կից փողոցները:
Անկէ ետք վրաններ տեղադրուեցան, ցուցարարները գիշերեցին հրապարակին վրայ:
Երէկ` չորեքշաբթի, 4 մայիսին տեղի ունեցած Դիմադրութեան շարժման ցոյցերէն մէկուն, լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան ըսաւ. «Այսօր առաւօտեան կանուխ ժամերէն մեր հայրենակիցները ամբողջ մայրաքաղաքին մէջ սկսած են բողոքի անհնազանդութեան ցոյցեր: Յստակօրէն կրնանք արձանագրել, որ մեր ժողովուրդը իր պահուածքով արձանագրեց, որ օրուան իշխանութիւնը չունի լիազօրութիւն` երկիրը նոր զիջումներու տանելու: Հիմա կրնանք փաստել նաեւ, որ իրենք չունին այլեւս իշխանութիւն եւ պէտք է օր առաջ հեռանան»: Ան աւելցուց, որ իրենց պայքարը պիտի աւարտի Նիկոլ Փաշինեանի հեռացումով եւ Հայաստանի համար պիտի բացուի նոր արշալոյս, որովհետեւ այս մարդիկը պետութիւնը կը տանին կործանումի: Իրենց հեռացումով Արցախը երբեք պիտի չըլլայ Ազրպէյճանի կազմին մէջ, Հայաստանը պիտի չթրքանայ:
aztagdaily.com/archives/545244