«Աշխարհի Վրայ Մենատիրութեան Եւ Ժողովրդավարութեան Միջեւ Պայքար Տեղի Կ՛ունենայ» Կ՛ըսէ Պայտըն

«Աշխարհի Վրայ Մենատիրութեան Եւ Ժողովրդավարութեան Միջեւ Պայքար Տեղի Կ՛ունենայ» Կ՛ըսէ Պայտըն

05 ՄԱՅԻՍ 2022 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն այցելած է Ալապամա նահանգի Թրոյ քաղաքին մէջ գտնուող «Լոքհիտ Մարթին» ընկերութեան պաշտպանական գործարան, որ սպառազինութեան համակարգեր կ՛արտադրէ, ինչպիսիք են «Ճաւլին» հակահրասայլային հրթիռները, որոնք Ուքրանիան արդիւնաւէտօրէն կ՛օգտագործէ ռուսական ներխուժումէն պաշտպանուելու համար:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը զրուցած է աշխատողներու հետ, խօսած անվտանգութեան ապահովման մասին, որ իր վարչակազմը կը տրամադրէ Ուքրանիոյ, եւ այդ օգնութեան տրամադրման անմիջական մասնակցութեան համար աշխատակիցներուն շնորհակալութիւն յայտնած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Ամերիկայի ձայն»-ը:

«Մենք այժմ կը գտնուինք պատմութեան շրջադարձային կէսի մէջ, ուր ամէն ինչ այնքան արագ կը փոխուի, որ անհրաժեշտ է փորձել կացութիւնը վերահսկել», ըսած է Պայտըն:

«Աշխարհի վրայ պայքար տեղի կ՛ունենայ մենատիրութեան եւ ժողովրդավարութեան միջեւ: Չինաստանի ղեկավար Սի Ծինփին կոպտօրէն արտայայտուեցաւ, երբ ըսաւ. «21-րդ դարուն մէջ ժողովրդավարութիւնը կարելի չէ պահպանել, որովհետեւ ամէն ինչ շատ արագ կը փոխուի. ժողովրդավարութիւններու համար որոշումներ տալու ընթացքին համախոհութիւն կը պահանջուի, ուստի անոնք չեն հասնիր իրադարձութիւններու ետեւէն, մինչդեռ մենատիրութեան պարագային մէկ մարդ կը կառավարէ»: Չեմ կատակեր, ասոնք անոր խօսքերն են: Սակայն ատիկա այդքան ալ այդպէս չէ. ձեր շնորհիւ, այս, եթէ կ՛ուզէք, ժողովրդավարութեան եւ մենատիրութեան միջեւ առաջին ճակատամարտին մէջ Ուքրանիոյ ժողովուրդը կարելիութիւն ունի պաշտպանուելու եւ աշխարհը ազատելու ամերիկացի զինուորներու` ռուսերու դէմ կռուելու եւ համաշխարհային երրորդ պատերազմի բռնկման վտանգէն: Եւ եթէ ճիշդ խօսինք, ռուս զինուորականները յաճախ անխելքներու նման են ուքրանացիներուն բաղդատմամբ»:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լինտա Թոմըս Կրինֆիլտին հարցուցած են, թէ արդեօք ափրիկեան որոշ երկիրներ ճնշումի տա՞կ են` աջակցելու Ուքրանիոյ վերաբերեալ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի բանաձեւին, որ կը դատապարտէ Ռուսիոյ գործողութիւնները:

«Մենք կը դիմենք երկիրներուն, որովհետեւ կը բախինք երկրի գերիշխանութեան վրայ յարձակումի: Մենք կը խօսինք ՄԱԿ-ի կանոնադրութեամբ ամրագրուած հիմնական սկզբունքներու եւ ուքրանական տարածքի ամբողջականութեան վրայ յարձակման մասին: Ես անձամբ մասնակցած եմ շարք մը շատ եռանդուն անձնական քննարկումներու` իմ ափրիկեցի գործընկերներուս հետ, որոնց ըսած եմ, որ ասիկա Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ միջեւ պատերազմ չէ», պատասխանած է Կրինֆիլտ:

aztagdaily.com/archives/545259

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail