Ցեղասպանութիւնը Ժխտող Ամերիկացի Թրքուհիին Դիմանկարը — Ցեղասպանութիւնը Ժխտող Ամերիկացի Թրքուհիին Դիմանկարը

Harout-Sassounian (1)
27 ՅՈՒՆՈՒԽՐ 2016

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» (www.TheCaliforniaCourier.com) թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան կը գրէ.

Հակառակ անոր, որ ամերիկահայերը ուշի ուշով կը հետեւին Թուրքիոյ եւ անոր լոպպիստական ընկերութիւններու չարամիտ ջանքերուն, սակայն անոնք հազուադէպ ուշադրութիւն կը դարձնեն փոքրաթիւ ամերիկացի թուրքերու վրայ, որոնք կամ Թուրքիոյ կառավարութենէն վճարուելով կամ կուրօրէն թիւր հայրենասիրական զգացումներէ մեկնելով կը ծաւալեն քարոզչական գործունէութիւն…

Նման ամերիկացի թուրքերէն մէկը Օյա Պէյնն է, որ թրքական ժխտողական  HistoryofTruth.com կայքին մէջ վերջերս հրապարակուած հարցազրոյցին մէջ կը ներկայացուի իբրեւ «ամերիկայի թրքական սփիւռքի առաւել աշխոյժ անուններէն մէկը»: Ան Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող թրքալեզու 60 միութիւններու համախմբում հանդիսացող Թուրք-ամերիկեան ընկերակցութիւններու համագումարի (ATAA) խորհուրդի անդամ է:

Պէյնը կը պնդէ, որ ATAA-ի երկար տարիներու ջանքերէն ետք` կազմակերպելով «դասախօսութիւններ, համաժողովներ, ծրագիրներ հայկական կեղծ պնդումներու մասին ԱՄՆ-ի ողջ տարածքին, 2015 թուականին (Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակ) նման ծրագիրները իրենց յաճախականութեամբ եւ թափով հասան իրենց գագաթնակէտին»: Ան կ՝աւելցնէ, որ «զգալիօրէն աճած է լուրջ  մտաւորականներու եւ ակադեմիկոսներու թիւը, որոնք անաչառօրէն կ՝ուսումնասիրեն օսմանեան ժամանակաշրջանը Առաջին համաշխարհային պատերազմի ընթացքին եւ կը հրապարակեն իրենց եզրակացութիւնները առանց նախորդ տարիներու հայկական սպառնալիքներուն եւ ահաբեկման»:

Հետաքրքրական է, որ Պէյնը կ՝օգտագործէ` «մենք ունինք լուրջ մտաւորականներ» ձեւակերպումը, երբ կը թուարկէ ժխտողական գրողներու անունները` Էտ Էրիքսըն, Մայքլ Կունդր, Կիւնդեր Լուի, Թալ Պուենոս, Ճերըմի Սոլթ, Նորման Սթոուն, Քրիստոֆըր Կան, Մաքսիմ Կոյին եւ Փեթ Ուոլշ: Ուղղակի ի՞նչ նկատի ունէր Պէյնը` ըսելով «մենք ունինք» զանոնք: Այս արտայայտութիւնը անշուշտ «մահացու հարուած» է իրեն յարգող որեւէ մտաւորականի համար…

Պատասխանելով Ուաշինկթընի մէջ հայերու եւ թուրքերու միջեւ յարաբերութիւններու վերաբերեալ հարցին, Պէյնը օգտուելով առիթէն կը յարձակի Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին վրայ. «Այո, մենք բարեկամներ ունինք հայկական համայնքին մէջ: Թուրքիոյ հայերը ջերմ են, ընկերական եւ կը սիրեն մեզ: Սակայն մենք կը բախինք Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի նման կառոյցի մը, որ անդրդուելիօրէն թշնամական եւ բացասական կազմակերպութիւն է, ինչպէս նաեւ` նախապաշարմունքներու, չափազանցութիւններու եւ բացայայտ կեղծիքներու լրատուամիջոցներու մէջ, քաղաքական եւ գիտական շրջանակներու մէջ»: Անոր համար նաեւ հաճելի չեն իմ շաբաթական յօդուածներս. «Վերջերս, ծայրայեղական գրող Յարութ Սասունեանի 2015 Հոկտեմբեր 20-ի յօդուածը վերնագրուած էր` «Ցեղասպանութեան ժխտումը» արգիլելու համար` Եւրոդատարանը հայերը կը հրահրէ բռնութեան»:

Փակելով իր աչքերը Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէն ամէն տարի ծախսուող միլիոնաւոր տոլարներու վրայ` քաղաքական գործիչները, լրագրողները, հեղինակներն ու այսպէս կոչուած մտաւորականները շահագործելու համար, Պէյնը կը չափազանցէ Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Հայկական համագումարին չնչին միջոցները, անոնց կեղծօրէն նկարագրելով իբրեւ «լաւ ֆինանսաւորուած, շքեղ գրասենեակներ եւ մեծ աշխատակազմ ունեցող կառոյցնր…. Ատիկա անկասկած հսկայ առեւտուր է»:

Պէյնը հպարտօրէն կը յայտնէ, որ Թրքական խմբաւորումը Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ 2005 թուականի 62-ի փոխարէն այժմ ունի 151 անդամ: Ընդունելով, որ դրամով քուէներ կը գնուին, ինչպէս Ներկայացուցիչներու պալատի նախկին խօսնակ Տենիս Հասթերթի պարագային, ան կը պնդէ. «Մենք այնքան քուէրներ չունինք, ինչպէս հայկական եւ յունական համայնքները, սակայն կրնանք ֆինանսական եւ կամաւորական աջակցութիւն ապահովել»: Պէյնը կը յարձակի ծերակուտական Մենենտեսի եւ Ներկայացուցիչներու պալատի անդամներ Փալոնէի եւ Փելոսիի վրայ, զանոնք բնութագրելով իբրեւ «(Քոնկրէսի) անուղղելի անդամներ, որոնք շատ կարծր եւ թշնամական են թուրքերուն հանդէպ»:

Իբրեւ վարժ քարոզչութիւն ընող, Պէյնը կը նշէ, որ իր կազմակերպութիւնը կը փորձէ սիրաշահիլ, ես կ’ըսէի «խաբել», Քոնկրէսի անդամներուն, անոնց ներկայացնելով «Հայաստանի հետ հաշտեցման պատգամ»: Իբրեւ օրինակ, ան կը մէջբերէ «ATAA-ի աջակցութիւնը 2009 թուականի Հայ-թրքական արձանագրութիւններուն, յատկապէս անաչառ պատմաբաններէն կազմուած անկախ յանձնաժողովի ստեղծման` հայ-օսմանեան հակամարտութիւնը ուսումնասիրելու համար»: Անոր շատ ձեռնտու է մոռացութեան տալ, որ Թուրքիան յամառօրէն կը հրաժարի վաւերացնելէ այդ Արձանագրութիւնները…

Ընդունելով, որ ATAA-ն հիմնադրուած է 1979-ին, այն ժամանակ ԱՄՆ-ի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Շիւքրու Էլեքտաղի կողմէն, Պէյնը ակամայ կը բացայայտէ ATAA-ի ընդարձակ քաղաքական գործունէութիւնը, որ կը խախտէ կազմակերպութեան ոչ շահութաբեր կարգավիճակը… Ան անխոհեմօրէն կոչ կ՝ընէ ATAA-ի խումբերուն «դուրս գալ այն վտանգաւոր մտածելակերպէն, թէ իբրեւ 501-c-3 (ոչ շահութաբեր) կազմակերպութիւն, անոնք չեն կրնար քաղաքականապէս աշխոյժ ըլլալ: Այս մօտեցումը լրջօրէն կը  խոչընդոտէ մեր ջանքերը` վիճարկելու տարածաշրջանային հայկական ամբաստանութիւնները»: Բողոք պէտք է ներկացնել Ամերիկայի Ներքին եկամուտներու ծառայութիւն (IRS)` սահմանափակելու կամ դադրեցնելու  ATAA-ի լոպպիստական գործունէութիւնը:

Հնարաւոր է, որ ATAA-ը կը խախտէ նաեւ Միացեալ Նահանգներու այլ օրէնքները: ATAA-ի եւ Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան միջեւ յարաբերութիւնները որակելով իբրեւ «գերազանց», Պէյնը կ՝ընդունի, որ Ուաշինկթընի մէջ իրար յաջորդող թուրք դեսպանները մշտապէս «մեծ աջակցութիւն» կը ցուցաբերեն ATAA-ին, ինչպէս օրինակ «դեսպանատան մէջ տեղի ունեցող բազմաթիւ հոյակապ դրամահաւաք ձեռնարկներու» հովանաւորումը: Կը թուի, թէ ան չի գիտակցիր, որ իր ինքնահաւան բացայայտումներով կրնայ ATAA-ին լուրջ իրաւական խնդրի առաջ կանգնեցնել, որ կը պահանջէ արձանագրուիլ ԱՄՆ արդարադատութեան նախարարութեան մէջ իբրեւ «օտարերկրեայ գործակալ»:

Իր  եզրափակիչ խօսքին մէջ Պէյնը կը մեղադրէ ամերիկեան լրատուամիջոցները` «կողմնակալութեան, Թուրքիոյ մասին որեւէ լաւ լուր արգիլելու, քօղարկուած  խտրականութեան համար»: Այնուհետեւ ան կ՝աւելցնէ. «Լրատուամիջոցներու կողմնակալութիւնը շատ աւելի վատթարացաւ 2015 Ապրիլ 24-ին` հարիւրամեակի հայկական պահանջներու ժամանակ….

Ամենայն հաւանականութեամբ, եւս 100 տարի պիտի պահանջուի հակադարձելու եւ թիւրըմբռնումները ուղղելու համար»: Պէյնը ապարդիւն յոյսեր կը փայփայէ, որ «առաջիկայ 100 տարին հայկական կեղծիքը եւ քարոզչութիւնը պիտի մաքրուի եւ երեւան պիտի գայ հաւասարակշռուած տեսակէտ հայ-թրքական ողբերգութեան վերաբերեալ` յարգելով երկու ժողովուրդներու տառապանքները եւ կորուստները 1915-ի ընթացքին: Ես կը կարծեմ, որ հայկական ողբերգութիւնը այժմ այնքան արժէզրկուած է գռեհիկ քարոզչութեան պատճառով, որ աւելի ցած իջնելու տեղ չունի…. Ցանկալի է, որ համացանցը ի վերջոյ մաքրուի հայկական պահանջատիրութեան մասին կեղծ տեղեկատուական աղբէն: Ես լիայոյս եմ յաջորդ 100 տարուան համար: Հոսանքի ուղղութիւնը կը փոխուի»:

Անհրաժեշտ է, որ հայերը հակազդեն ոչ միայն Թուրքիոյ կառավարութեան լոպպիստական քարոզարշաւներուն, այլեւ Օյա Պէյնի նման «միայնակ գայլերուն»` առանց անցնելու բարեկրթութեան եւ օրինականութեան սահմանները…

Թարգմանութիւնը կատարեց Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆ-ը

ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail