2015. Հայ Վիճակը Յետահայեցութեամբ Եւ Նախահայեցութեամբ Վերլուծում Մը. Հեղինակ՝ Սեդա Պ. Տատոյեան

seta dadoyan yerakouyn
27 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016

Ինչպէս որ շուտով յայտնի պիտի ըլլայ, այս աշխատութիւնը մեծ  կարեւորութիւն կ’ընծայէ պատմական ճանաչողութեան եւ ճանաչողութեան` ընդհանուր առմամբ, որովհետեւ այս կարգի գիտութիւնը խիստ կերպով կ’առնչուի մարդկային շահերու եւ այս պարագային հայերու: Այսինքն գիտութիւնը զուրկ չէ գործնական արժէքէ, եւ կամ առարկայականօրէն` անկախ անկէ:

Սեփական պատմութիւնը գիտնալ ժամանակակից եւ ուժական ծիրի մէջ` կը շահագրգռէ հայերը, որովհետեւ այս շահը կ’առնչուի իրենց ինքնութեան պահպանումին եւ գոյատեւման: Պահել ինքնութիւնը` կը նշանակէ տեսնել հայոց հիմնական շահը պատմական գիտութեան ազատագրական դերին մէջ: Նկատի առած գիտութեան եւ ուժի սերտ յարաբերութիւնը` ազատագրութեան իմացքը կը թուի ըլլալ նիւթին մօտենալու կտրուկ կերպ մը:

Այս աշխատութեան պարագային` Թ. Ատորնոյի (1903-1969) «մշակութային ճարտարարուեստի» տեսութիւնը, «մշակութային արտադրութեանց», եւ «զանգուածային զուարճանքի» իր տեսակէտները վերլուծումի օգտակար շրջանակներ են: Արդի հայ մշակոյթը իր կարգին մաս կը կազմէ համաշխարհային կամ կլոպըլ մշակոյթին եւ անոր պայմաններուն: Թէ՛ մտաւորական եւ թէ՛ զանգուածային մշակոյթները – ներառեալ` հաղորդակցութեան արդի միջոցները – արդի ընկերութիւնները շաղախող ազդակներն են: Ուրեմն, ուրիշներու նման, հայ մշակութային ճարտարարուեստը եւս կը հանդիսանայ ուժի եւ ազդեցութեան հզօրագոյն ազդակներէն մէկը:

Իսկապէս, ժամանակակից մշակոյթը նման է ընդհանուր ճարտարարուեստին: Ունի իր դրամագլուխները, արտադրողները, սպառողները, ապրանքները, շուկաները եւ մանաւանդ` միջոցներն ու հաղորդակցութեան ցանցերը: Ամէն տեղ ընկերութիւնը սպառողական ընկերութիւն է մշակոյթի՛ պարագային եւս: Արուեստները եւ ժողովրդական զուարճութեան այլ մարզերը այնպիսին են, ուր մարդիկ կը գտնուին չափազանց զգայուն վիճակի մէջ, որովհետեւ կը հաւատան, թէ ամբողջովին ազատ են ամէն ազդեցութենէ եւ ճնշումներէ: Սակայն իրողապէս, արուեստներու, զուարճութեանց եւ հաղորդակցութեանց միջոցներու յարատեւ եւ համատարած ենթարկութիւնը առիթներ կ’ըլլան իշխանութեան` չէզոքացնելով հանրութիւնը եւ արգիլելով ազատ եւ քննադատական կեցուածքներու զարգացումը: Հակառակ մշակութային արտադրութեանց երեւութական բազմազանութեան` մշակութային ճարտարարուեստը աշխարհային միապաղաղ սիսթեմ մըն է, որուն թէ՛ արտադրողները եւ թէ՛ սպառողները պէտք է որ համակերպին եւ ենթարկուին:

Ընդհանուր նպատակը արտադրել է մշակութային ապրանքներ, որոնք սպառելի եւ շահաբեր են, ներառեալ` «քաղաքական» արտադրիչներու շահերը: Իրողապէս արդի քաղաքականութիւնն ալ գոնէ մասամբ մաս կը կազմէ մշակութային ճարտարարուեստին եւ ժամանցին: Մշակութային ճարտարարուեստին յատուկ հաղորդակցութեան միջոցները կը կազմեն իսկական ցանց մը, որուն պայմաններուն տակ սիսթեմաթիք կերպով ճնշուած են կարելիութիւնները վարելու ինքնիշխան կեանք, կամ` զարգացնելու ինքնուրոյն քննադատական կեցուածքներ թէ՛ սեփական կեանքին եւ թէ՛ ընկերային կացութեան մասին:  Այսպիսի պարագաներու մէջ մարդոց մտածելակերպը կ’ըլլայ անպայմանօրէն կրաւորական: Այսինքն մարդիկ իրականութիւնը կը դիտեն եւ կը հասկնան` ըստ մշակութային ճարտարարուեստին պարտադրած կաղապարներուն եւ չափանիշներուն:

* * *
Իւրայատկութի՛ւնն է հայոց պատմութեան յատկանիշը: Ուրեմն, խուսափելով ընդհանրացումներէ, ընթացիկ կարծիքներէ եւ զգացականութենէ, այդ իւրայատկութիւններուն բնորոշումովը կը սկսի այս աշխատութիւնը: Այս հանգրուանէն ետք եւ անո՛ր հիման վրայ միայն կարելի կ’ըլլայ կատարել պատմական գործընթացներու քննական վերարժեւորումը, յետահայեցութեամբ` ուղղուած դէպի անցեալը, եւ նախահայեցութեամբ` դէպի ապագան:

Առաջին մասը հակիրճ ներկայացում մըն է հայ վիճակին` ըստ իր իւրայատուկ կողմերուն: Աւելի ուղղակիօրէն վերբերելու համար տարբերութիւնները մէկ կողմէ գրաւոր պատմութեանց` եւ միւս կողմէ` իրողական կացութեանց` այս իւրայատկութիւնները ներկայացուած են տասնհինգ հակադրական եզրերու տարազումներու մէջ: Իւրաքանչիւր տարազին առաջին մասը կը կազմեն գրաւոր պատմութեանց եւ ընդունուած համոզումներու մէջ առկայ վերացականացումներն ու ենթադրութիւնները: Երկրորդ եզրը կը կազմեն իրողական պարագաները, կամ` «դէպքերը» գետնի վրայ, որոնցմէ պէտք է որ սկսի որեւէ վերարժեւորում, փոփոխութիւն կամ բարեկարգութիւն:

Երկրորդ մասը նախահայեցական վերլուծում մըն է այսպէս կոչուած «յաջորդ հայ դարուն»: Կ’առաջարկեմ հաւանական եւ կարելի կողմնակի ելքեր կամ ուղղակի ետդարձներ երեք մակարդակներու վրայ. հանրային, կրթական եւ մտաւորական: Օրինակ` կ’առաջարկեմ հայ ժողովրդական մտադրոյթին մէջ չէզոքացնել կրաւորական եւ տեսակ մը փոխառեալ-պարտադրեալ տարրերը եւ փոխարէնը յառաջացնել քննադատական մտածողութեան մշակոյթ եւ բարոյականութիւն: Փոխանակ ամէն առիթի աւանդական պատումներն ու գաղափարները հրամցնելու` անհրաժեշտ է ժողովուրդը հաղորդակցութեան մէջ դնել մշակոյթի, լեզուի եւ պատմութեան մասին հիմնական ծանօթութեանց հետ: Նաեւ, նկատի առած հայկական վիճակին բազմալեզուական եւ բազմամշակութային իւրայատկութիւնը, պէտք է յառաջացնել անոնց գիտակցական գործադրումը, միաժամանակ պահելով մայրենին, եւ այսպէս:

Երրորդ մասը յետահայեցութեամբ եւ նախահայեցութեամբ երեւութաբանական եւ ամբողջաբանական վերլուծում մըն է երեք կենսական խնդիրներու` արեւմտահայերէնի, հայ պատմագրութեան եւ ինքնութեան: Քանի որ, ինչպէս որ կ’ըսեն, «բարեպաշտութիւնը կը սկսի խօսողէն», այս աշխատութիւնը ի՛նքը պէտք է որ ըլլայ առաջին գործադրողը իր առաջարկներուն: Այս նպատակով պատրաստած եմ երկու յաւելուած` հայոց պատմութեան ժամանակագրութիւն մը եւ մասնագիտական եզրաբանութիւն մը` հայերէնէ անգլերէն եւ հակառակը:

Հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով գրելու դժուարին եւ բարդ աշխատանքը մաս կը կազմէ այս գործին նպատակներուն: Եթէ այսպէս կոչուած յաջորդ հայ դարը «լինելու եւ չլինելու» ճակատագրական հանգրուան մըն է, ուրեմն ժամանակն է, որ հայերը իրենց խնդիրներուն մասին մտածեն, խօսին եւ գրեն իրենց լեզուով եւս: Այլապէս ամէն գործունէութիւն, ինչ նշանաբանի կամ դրօշակի տակ ալ գայ հրապարակ, յարակարծական է: Որովհետեւ հարցը կը վերաբերի գոյութեանը ժողովուրդի մը, որ չէ յաջողած կամ ուզած կամ փորձած պահել իր ամէնէն մեծ արժէքներէն մէկը` լեզուն: Դժբախտաբար, նոյնիսկ անոնք, որոնք քիչ թէ շատ պահած են միջակ մակարդակի խօսակցական խառն հայերէն մը, դժուարութիւն ունին հայերէն կարդալու, կամ հայերէնով մտածելու: Այս մտահոգութեամբ է, որ հայերէն եւ անգլերէն թեքսթերը դասաւորած եմ զուգահեռ եւ հանդիպակաց էջերու վրայ` իբրեւ օգտակար ձեւ մը ծանօթութեան եւ վարժութեան համար: Միշտ ալ կայ արեւմտահայերէնի խնդիրը:

Ինչպէս յիշատակած եմ Երրորդ մասին մէջ, շատ սակաւ է թիւը անոնց, որոնք լաւապէս կը տիրապետեն գոնէ մէկ արեւմտեան լեզուի եւ մշակոյթի, ինչպէս նաեւ` արեւմտահայերէնին եւ մտաւոր մշակոյթին, եւ կը գրեն հաւասարապէս երկու լեզուներով: Անոնք, որոնք կը խուսափին կամ չեն կրնար արեւմտահայերէնով գրել, պատրուակ կ’ընեն ընթերցողի հարցը: Այս պարագան պէտք չէ որ արգելք հանդիսանայ նոր փորձերու: Յաճախ գրականութեան սեռ մը կամ որակ մը ի՛նքը կը ստեղծէ իր ընթերցողները: Մտաւորականը պէտք է որ կարենայ տալ գործ մը, որ յառաջացնէ իր ընթերցողը եւ տիալոկ մը սկսի անոր հետ: Քանի որ արդի քննադատական փիլիսոփայութեան մարզին մէջ շատ քիչ է թիւը այն հեղինակներուն, որոնք կը գրեն նաեւ արեւմտահայերէնով, չէ յառաջացած պահանջը գտնելու կամ կազմելու նոր բառեր նոր իմացքներու համար:

Այսպէս, կարեւոր թիւով բառեր տակաւին չունին համապատասխան եզրերը արեւմտահայերէնի մէջ: Սակայն լեզուն բաւականաչափ արդիական է, որպէսզի արտօնէ նոր բառերու կազմութիւնը: Այս եւ այլ աշխատութեանց մէջ կազմած եմ բառեր, ինչպէս` մտադրոյթ (mindset), նախահայեցութիւն (foresight), յետահայեցութիւն (hindsight), մտահերձում (schizophrenia) եւայլն: Այս լուծումին կողքին կայ նաեւ այն համոզումը, թէ ինչպէս որ գրեթէ բոլոր արդի լեզուներուն մէջ կը գործածուին բազմաթիւ լատիներէն արմատով բառեր, ինչո՞ւ չէ` նաեւ արեւմտահայերէնի: Ուրեմն գործածած եմ նաեւ այդպիսի բառեր, ինչպէս` մեթոտ, սիսթեմ, տիալոկ եւ այլն: Յաճախ, սակայն, պահելու համար իւրաքանչիւր լեզուին «ոգին» նախադասութեամբ մը փորձած եմ տալ բառին իմաստը` երկու թեքսթերուն ալ պարագային: Տառադարձութեանց պարագային` գործածած եմ դիւրին հետեւելի ձեւեր` յաւելեալ մատչելիութեան համար:

Ինչպէս որ ընթերցողը անմիջապէս պիտի նկատէ` իբրեւ միջ-մարզային եւ քննադատական գործ, այս գիրքը վիճարկումներու ամբողջութիւն մըն է` ուղղուած հրապարակի վրայ գտնուող հայապատումներուն, հռետորութեանց, ենթադրութեանց, գործունէութեանց եւ մտայնութեանց դէմ: Կատարածս պատմափիլիսոփայութիւն է` հիմնուած ուղղակի պատմակա՛ն փորձին եւ քիչ թէ շատ ժողովրդական մակարդակի վրայ: Ժամանակն է սկսելու վերարժեւորումի լայնածաւալ աշխատանք մը, որ կրնայ ունենալ միայն դրական արդիւնք եւ ստեղծել լուրջ ինքնագիտակցութիւն անհատական եւ հաւաքական մակարդակներու վրայ: Եթէ անիկա անխուսափելիօրէն պատճառէ քիչ մը շփոթ, նոյնիսկ հակադարձ` խնդիր չէ: Ուրիշ կերպ կարելի չէ պայքարիլ հին ու նոր հայկական տոկմաթիզմին եւ/կամ անտարբերութեան դէմ: Ժամանակն է ճամբայ բանալ տարբեր եւ աւելի զարգացած մտածելակերպերու, նո՛ր հայազգացութեան մը` նո՛ր դարու մը համար:

Վերջապէս, բացատրութիւն մը պէտք է տալ իր ոճով իմ գրականութեանս մէջ իւրայատուկ այս գործին այսպէս կոչուած ներքին տարածքին կամ մղումին մասին: Ժամանակակից հայոց պատմութեան այս պահուն ինչո՞ւ պէտք էր որ արծարծէի այս կարգի հարցեր եւ կատարէի այս կարգի առաջադրանքներ: Այս գիրքը գրուեցաւ, որովհետեւ ազգային մակարդակի վրայ այսօր գոյութիւն ունի տագնապ, եւ ճի՛շդ այսպիսի պայմաններէ, կը ծնի մտաւորական աշխատանքը: Պարզ է որ առիթը հարիւրամեակն է, որ կամուրջ մըն է անցեալին եւ ապագային միջեւ: Անցեալը գոյութիւն ունի միայն յետահայեցութեամբ: Իսկ ապագային մասին, հիմնուած անցեալին եւ ներկային վրայ, պէտք է զարգացնել նախահայեցութիւն` թէ՛ անհատապէս եւ թէ՛ հաւաքաբար: Ներկան հոգեհայեցական-ներհայեցողական պահ մըն է:

Ամէնէն կարեւոր եւ միակ հարցումը այն է, թէ ի՞նչ է գալիքը յաջորդ հայ դարուն: Ժողովրդական մակարդակի վրայ եւ բոլոր բեմերէն արդարարութեան եւ պահանջատիրութեան կոչերը ներշնչեցին ամբողջ ժողովուրդը, նոյնիսկ անտարբերները` իրենց արմատներուն եւ անմիջական ապագային մասին: Սակայն առիթը ներկայացնելու կերպերը Եղեռնը վերածեցին հայոց ծագումաբանական դիւցազնավէպին` կամ միթոմոթէորին, որ պէտք է որ միաժամանակ միացնէ եւ վերանորոգէ ազգը:

Վիճելի նիւթ է ասիկա: Արդիւնքը այն է, թէ բոլոր գրուածները եւ ըսուածները գործնականապէս ծածկեցին այլ ստիպողական հարցերը` առնչուած ժողովուրդին գոյատեւումին, լճացող մտաւորական մշակոյթին, գրականութեան եւ լեզուին: Եղեռնի հարիւրամեակին զգացական տարածքները, բողոքները, ցոյցերը, համագումարները արձագանգեցին ամէն տեղ: Անոնք նաեւ ստեղծեցին վտանգաւոր կերպով փակ եւ փոքր աւազան մը` բովանդակելու համար բոլոր հայկական բաները:

Նոր մրուրացումներ աւելցան արդէն առկայ մրուրացումներու վրայ եւ նուազեցան ուժեղ ու քննադատական մշակոյթի մը զարգացումին կարելիութիւնները: Իրողութիւնը այս է, անիկա նաեւ տագնապ է: Ժողովուրդին եւ մշակոյթին գոյատեւումը կախում ունին նոր, ուժական, քննադատական եւ հոսուն մշակոյթէ մը, որ պիտի ձեռնարկէ բոլո՛ր հայկական բաներուն վերարժեւորումին` յետահայեցութեամբ եւ նախայեցութեամբ: Միշտ ալ նախապայմաններ են պատմական զգացողութիւնը եւ գիտութիւնը, սակայն տակաւին երկուքն ալ կը պակսին հայ իրականութեան մէջ: Այս առնչութեամբ, մտաւորական մշակոյթը ունի բացարձակ կարեւորութիւն եւ դեր: Հայ մտաւորականը այլեւս պէտք է որ ըլլայ աւելի ինքնագիտակից, ինքնաքննադատական եւ հաշուետու: Հոս է որ կը սկսի այս աշխատութիւնը եւ կը յուսայ բերել իր սատարը:
(Շար. 2 եւ վերջ)

ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail