Դիմադրութեան Շարժումը Կը Շարունակէ Հանրահաւաքները – Դիմադրութեան Շարժումը Կը Շարունակէ Հանրահաւաքները
05 ՄԱՅԻՍ 2022 – Գլխաւոր Լուրեր, Հայաստան, Պատկերաւոր Լուրեր
ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org
ԵՐԵՒԱՆ.- 5 Մայիսին եւս Ֆրանսայի հրապարակէն ընթացք առաւ Դիմադրութիւն շարժման հանրահաւաքը, որուն մասնակցողները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին նոյն օրը ցուցարարներուն համար տրամադրուած վրաններէն մէկուն մէջ մահացած քաղաքացիին յիշատակը:
«Առանց Նիկոլ Հայաստան», «Տէր ենք մեր հայրենիքին», «Պայքար», վանկարկումներով՝ երթը ընթացք առաւ, եւ քայլարշաւ կատարուեցաւ Երեւանի փողոցներուն մէջ, ուր մեծաթիւ ոստիկաններ տեղակայուած էին:
Հանրահաւաքին մասնակցողներուն խօսք ուղղեց «Հայաստան» խմբակցութեան անդամ, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան ներկայացուց յաջորդ օրուան ծրագիրը՝ նշելով, որ երթեր պիտի կատարուին չորս ուղղութիւններով եւ կոչ ուղղեց ժողովուրդին՝ միանալու իրենց: Իր խօսքի աւարտին Սաղաթէլեան ըսաւ. «Ուշադրութիւն մի դարձրէք բամբասանքներին ու խօսակցութիւններին: Համախմբուած, կազմակերպուած, իրար աչքերի մէջ նայող, պարզ, անկեղծ կպնում ենք՝ այս պայքարը յաջողելու համար: Բոլոր նախադրեալներն ու հնարաւորութիւնները կան: Հասել ենք մեր ծրագրի աւարտական փուլին»:
Օրուան ընթացքին ցուցարարները շարունակեցին իրենց անհնազանդութեան շարժումները, մեծաթիւ ձերբակալութիւնները շարունակուեցան, ոստիկանութիւնը բռնի ուժ գործադրեց ցուցարարներուն վրայ:
Ձերբակալուածներու կարգին էր արդարութեան մարտիկ Համբիկ Սասունեան, որ աւելի ուշ ազատ արձակուեցաւ:
asbarez.am/418420/դիմադրութեան-շարժումը-կը-շարունակէ-հ/