«Ցեղասպանութեան Ժխտողականութիւնը Սթափութեան Կոչ Պէտք Է Ըլլայ ՆԱԹՕի Մէջ Թուրքիոյ Դաշնակիցներուն Համար». «Լա Նասիոն»

Cultural Genocide – State Cultural Genocide by the Fascist Regime of Azerbaijan *–* Génocide culturel – Génocide culturel d'État par le régime fasciste d'Azerbaïdjan

«Ցեղասպանութեան Ժխտողականութիւնը Սթափութեան Կոչ Պէտք Է Ըլլայ ՆԱԹՕի Մէջ Թուրքիոյ Դաշնակիցներուն Համար». «Լա Նասիոն»

06 ՄԱՅԻՍ 2022 – «Լա Նասիոն»:

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արժանթինեան հեղինակաւոր «Լա Նասիոն» օրաթերթը հրապարակեց Հայոց Ցեղասպանութեան մասին յօդուած մը՝ շեշտելով, որ Թուրքիոյ ժխտողականութիւնը պէտք է սթափութեան կոչ ըլլայ ՆԱԹՕի մէջ Թուրքիոյ դաշնակիցներուն:

Յօդուածին մէջ կը նշուի, որ 24 Ապրիլին ամբողջացաւ 1915 թուականին թրքական պետութեան կողմէ հայ ժողովուրդը բնաջնջելու փորձին 107րդ տարելիցը՝ եւ կ՛աւելցուի. «Աւելի քան 1.5 միլիոն հայեր հալածուեցան եւ սպաննուեցան, ինչ որ Հռոմի Ֆրանսիս պապը նկարագրեց իբրեւ 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւն»:

Կը շեշտուի, որ՝ իբրեւ պետական քաղաքականութիւն իրականացուած ցեղասպանութեան համար իր պատասխանատուութեան առնչութեամբ Թուրքիոյ ժխտողականութիւնը պէտք է ՆԱԹՕի մէջ իր դաշնակիցներուն համար սթափութեան կոչ ըլլայ:

Յօդուածը կը յիշեցնէ Ուրուկուէյի մէջ Չաւուշօղլուի կողմէ ձեռքով՝ հայերուն ուղղուած «Գորշ գայլեր»ու նշանը ցոյց տալու երեւոյթը՝ ընդգծելով, որ այդ ցեղապաշտական, ռազմականացուած եւ ծայրայեղ աջ թրքական կազմակերպութիւն է, որ կը հերքէ ցեղասպանութեան փաստը:

Հայոց Ցեղասպանութեան փաստի պարունակին մէջ, յօդուածին մէջ կը շեշտուի, որ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու նոր մեղաւորները նոյնպէս մտադիր են թաքուն պահել իրենց գործողութիւնները՝ զանոնք ներկայացնելով իբրեւ պատերազմ:

«Արժանթինի Հանրապետութիւնը, ուր կը բնակի Լատինական Ամերիկայի մեծագոյն հայկական համայնքը, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը սահմանած է՝ իբրեւ պետական քաղաքականութիւն եւ պէտք է շարունակէ պայքարիլ անոր համար՝ միջազգային մակարդակի վրայ», կ՛ըսուի յօդուածին մէջ

asbarez.am/418408/ցեղասպանութեան-ժխտողականութիւնը-սթ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail