«Թուրքիան Ռազմական Աջակցութիւն Պիտի Ցուցաբերէ Ազրպէյճանին» Կ՛ըսէ Ազրպէյճանի Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանը

ismail_alper_coshkun
30 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016

«Արմէնփրես»` վկայակոչելով ազրպէյճանական լրատուամիջոցները, կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Իսմայիլ Ալփեր Ճոշքուն յայտարարած է, որ Թուրքիան շահագրգռուած է ղարաբաղեան տագնապի լուծումով, որովհետեւ Ազրպէյճան այդ մէկը կ՛ուզէ:

Ան յայտարարած է, որ Թուրքիան պատրաստ է որեւէ մարզի մէջ սատարելու Ազրպէյճանին:

«Ազրպէյճան կրնայ ամրապնդել իր պաշտպանութեան մարզը, եւ մենք ատոր մէջ պիտի աջակցինք անոր», նշած է Թուրքիոյ դեսպանը:

ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail