Յարգանքի Տուրք` Արամ Մանուկեանի Յիշատակին — Յարգանքի Տուրք` Արամ Մանուկեանի Յիշատակին

ARAM MANOUGIAN harkank
30 3OVNOVQR 2016

29 յունուարին լրացաւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան ներքին գործոց առաջին նախարար Արամ Մանուկեանի մահուան 97-րդ տարելիցը: Այս առիթով խումբ մը դաշնակցականներ յարգանքի տուրք մատուցեցին Մանուկեանի շիրիմին առջեւ:

«Արամ Մանուկեանի դերը այնքան մեծ է մեր պետականութեան վերականգնման գործին մէջ, որ նոյնիսկ անկարելի է գերագնահատել», նշած է պատմաբան, ՀՅԴ պատմութեան թանգարանի տնօրէն Անուշ Ամսէեան «Երկիր»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին: Անոր համաձայն, այսօր, սակայն, Արամ Մանուկեանին, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրեց հայութեան փրկութեան ու պետութեան վերականգնման գործին, արժանի յարգանքի տուրք չի մատուցուիր:

«Այսօր Արամ Մանուկեանի միայն գլխաքանդակ մը դրուած է ոստիկանութեան շէնքին մօտ, որ ոչինչ կ՛ըսէ Արամ Մանուկեանի դերակատարութեան եւ անոր մարդկային կերպարին մասին: Ան այսօր իրեն արժանի յուշարձան չունի», ըսած է Անուշ Ամսէեան:

ՀՅԴ-ի անդամ Արթուր Ղազարեան եւս դիտել տուած է, որ Արամ Մանուկեան տակաւին իր արժանի տեղը չէ գտած մեր իրականութեան եւ առօրեային մէջ: «Կարգ մը պատմաբաններ եւ մտածողներ կը կարծեն, որ տակաւին ժամանակ եւ տարածութիւն պէտք է, որպէսզի Արամ Մանուկեան ըստ արժանւոյն գնահատուի», ըսած է ան:

ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail