Մինչ Երեւան Կը Խօսի Արցախիի Կարգավիճակին Մասին, Պաքու Կը Պնդէ՝ Նման Հարց Չկայ Այլեւս

Մինչ Երեւան Կը Խօսի Արցախիի Կարգավիճակին Մասին, Պաքու Կը Պնդէ՝ Նման Հարց Չկայ Այլեւս

Մինչ Երեւան Կը Խօսի Արցախիի Կարգավիճակին Մասին, Պաքու Կը Պնդէ՝ Նման Հարց Չկայ Այլեւս

13 ՄԱՅԻՍ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներու 12 Մայիսի եռակողմ հանդիպումէն ետք, Պաքու անգամ մը եւս յայտարարեց, որ Արցախի հարց այլեւս գոյութիւն չունի: Իսկ Երեւան դիտել տուաւ, որ պատրաստ են խաղաղութեան պայմանագիրի շուրջ գործնական քայլեր առնելու:

«Հակամարտութիւնը անցեալին կը պատկանի, եւ այժմ մեր գլխաւոր հարցնն է՝ վերականգնել ազատագրուած տարածքները, ապահովել երկարաժամկէտ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն` վերականգնելով տնտեսական եւ հաղորդակցութեան կապերը», Տուշանպէի մէջ տեղի ունեցած ԱՊՀի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին յայտարարեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով:

Արարատ Միրզոյեան իր ելոյթին մէջ ներկայացուց հայկական կողմին դիրքորոշումը՝ պնդելով, որ Երեւան պատրաստ է յարաբերութիւններու համապարփակ կարգաւորման, ուր ներառուած պիտի ըլլայ նաեւ Արցախի կարգավիճակի հարցը:

Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան՝ Միրզոյեան կարեւոր նկատեց խաղաղ գործընթացը յառաջ տանիլը՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան հովանիին տակ, մինչ միւս կողմէ Պաքու պարբերաբար կը յայտարարէ, թէ միջնորդական այդ խումբը այլեւս ընելիք չունի:

«Արարատ Միրզոյեանը վերահաստատել է հայկական կողմի դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորման շրջանակներում արցախահայութեան անվտանգութեան, իրաւունքների եւ ազատութիւնների երաշխաւորման, ինչպէս նաեւ ԼՂ կարգավիճակի վերաբերեալ», կ՛ըսուի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։

Կողմերուն այս հակասական յայտարարութիւնները կը հնչեն Միրզոյեան-Պայրամով-Լաւրով 12 Մայիսի հանդիպումէն ետք, ինչ որ կը փաստէ, որ Պաքու եւ Երեւան տակաւին չեն յաջողած յաղթահարել հիմնական տարակարծութիւնները: Այս պայմաններուն մէջ, յաջորդ շաբաթ, Մոսկուայի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման եւ սահմանային ապահովութեան հարցերու յանձնաժողովի առաջին նիստը: Մինչեւ այս պահը յստակ չէ, թէ հայկական կողմէն ո՛վ պիտի ըլլայ պատուիրակութեան կազմին մէջ։ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը աւելի կանուխ յայտարարած էր, որ Պաքու ներկայացուած պիտի ըլլայ փոխվարչապետի մակարդակով:

Նախորդ ամիսներուն, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ նաեւ Եւրոպական Միութիւնը աշխոյժ ջանք կը գործադրէր: Եւրոպայի խորհուրդի ղեկավար Շարլ Միշէլ Փաշինեանի եւ Ալիեւի հետ քանի մը հանդիպում ունեցաւ Պրիւքսէլի մէջ, որուն իբրեւ արդիւնք կողմերը պայմանաւորուեցան մինչեւ Ապրիլի վերջը սահմանազատման հարցերու յանձնաժողով կազմել:

Այժմ, երբ յայտնի է, որ կողմերուն առաջին հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Մոսկուայի մէջ, «Ազատութիւն»ը դիմեց արտաքին գործոց նախարարութեան` պարզելու համար, որ արդեօք կը շարունակուի՞ն քննարկումները նաեւ Եւրոպական Միութեան հետ, եւ կարելի՞ է զուգահեռ տանիլ այդ բանակցութիւնները` նկատի ունենալով Արեւմուտքի եւ Ռուսիոյ ներկայ խիստ լարուած յարաբերութիւնները: Նախարարութիւնը չպատասխանեց թերթին հարցումին։

asbarez.am/418940/մինչ-երեւան-կը-խօսի-արցախիի-կարգավիճա/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail