ՉԳՐՈՒԱԾ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՇԱՐՔԷՆ – ՊԵՐԹԱՆ ԵՒ ՊԵՐԹԱՆԵՐԸ – ԵՐԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ
13 ՄԱՅԻՍ 2022 –
Մենք միշտ կը յիշենք միայն ու միայն մեր զոհուած մէկ ու կէս միլիոն սրբացած նահատակները, բայց կան նաեւ ողջ մնացած, բայց էապէս հոգեպէս մեռած անթիւ ու անհամար նահատակները Մեծ Եղեռնի: Անոնցմէ մէկն էր Պերթան…
Հողէն արմատախիլ, բռնագաղթի գեհենային ճամբուն վրայ, Պերթան կորսնցուցեր էր իր ընտանիքի բոլոր անդամները, մնացեր էր անտէր ու անտիրական, բայց վերապրեր էր որպէս միակ շառաւիղը իր երբեմնի մեծ գերդաստանին…Ի՞նչ վերապրիլ, պարզապէս գոյատեւեր էր, իր գոյութիւնը քաշկռտելով ասոր անոր տան մէջ, գիշերները անցընելով մէկու մը նկուղին, ուրիշի մը տան աստիճաններուն տակ կամ կառատան մը մէջ, իսկ ցերեկները՝ տունէ տուն մաքրութիւն կամ լուացք ընելով…
Մանկահասակ երախայ էի երբ ճանչցայ Պերթան, որ գթասիրտ մօրս բարի սրտին ապաւինելով մեր տունը կու գար ամէն օր, քիչ մը մաքրութիւն կ’ընէր, իսկ մայրս կը հոգար իր սնունդը, մերթ ընդ մերթ ձեռք մը հագուստ կը կարէր, որպէսզի ան ձերբազատուէր իր ցնցոտիներէն եւ գոնէ արժանավայել արտաքինով շրջէր փողոցները…Բայց, որքան կը տեսնէի, ան կը յամառէր հագնիլ իր հնամաշ հագուստը, մէկդի դնելով գուցէ եւ խնայելով մօրս կարած նորը, նորերը…
Գեղեցիկ էր Պերթան, հակառակ իր տարիքին եւ ապրած դժուար եւ անտուն կեանքին: Դէմքը՝ ողորկ մաշկով, կը շողշողար, իսկ աչքերը՝ սեւափայլ խորութիւն մը ունէին: Բարձրահասակ էր եւ բարեկազմ, բայց խեղճը տրամաբանելու, դատելու, ինքզինք կառավարելու կարողութիւնը չունէր կամ կորսնցուցած էր, դաժան ճակատագրին բերումով…Ո՞վ գիտէ:
Սակաւախօս եւ բարի էր, չէր գանգատեր երբեք իր վիճակէն, չէր նախատեր իր ճակատագիրը, թերեւս ալ ան դարձեր էր զգայազուրկ իր կեանքի եւ կեցութեան պարագաներուն նկատմամբ, կամ ներքին հաշտութիւն մը կնքեր էր անոր հետ՝ կամայ թէ ակամայ, իր անզօրութենէն ելլելով…:
Բայց մարդիկ կ’արհամարհէին, նոյնիսկ կը ծաղրէին զինք, շատ անգամ ան կը վռնտուէր տեղէ մը եւ կ’երթար ապաստանալու այլ տեղ մը…
Դառն ճակատագիր՝ որ բաժին ինկաւ յետ-Եղեռնեան սփիւռքահայ կեանքի շատ մը վերապրողներուն, որոնք մնացին ամբողջովին մինակ ու անյենակ, ասո՛ր-անո՛ր գութին ու ողորմածութեան ենթակայ, իսկ շատ անգամ անոնց զլացուեցաւ նոյնիսկ այդ դոյզն բարիքը: Եւ ո՞վ պիտի հարցնէր, ո՞վ պիտի հետաքրքրուէր անոնց կեանքով, կեցութեան պայմաններով, հագուստ-կապուստով, առողջութեան վիճակով, կերած-խմածով…
Զարմանալիօրէն, ես սրտանց կ’ուրախանայի երբ յանկարծ Պերթան յայտնուէր մեր տունը, գլխուն լաչակ մը կապած, իր սեւ հագուստով եւ ոտքերուն հին հողաթափով մը, որմէ դուրս կ’երեւէին իր ոտքերուն ճաթռտած ներբանները…
կ’ուզէի ինչ որ կերպով զայն ուրախացնել, իսկ ինք միշտ բարի ժպիտով կը նայէր ինծի անխօս ու անբառ: Երեխայական անմեղութիւն մը կը ցոլար դէմքին վրայ, կարծես չէր ալ հասկնար իրեն պատահածը:
Յաճախ կը պատահէր որ ամիսներ անհետանար, կը մտահոգուէինք թէ արդեօ՞ք ուր էր ան, չըլլար թէ դժբախտ պատահարի մը զոհ գացած ըլլար եւ մենք լուր իսկ չունենայինք…Յետոյ դարձեալ կը յայտնուէր առանց բացատրութեան…
Տարիներ ետք, երբ մենք այլ տուն փոխադրուեցանք՝ այլ թաղամասի մը մէջ, Պերթան անհետացաւ մեր տեսադաշտէն, ա՛լ չտեսանք զինք, բայց ան յուշերուս մէջ կ’ապրի որպէս մէկը յետ-Եղեռնեան որբացած, անտուն ու անտէր մնացած սերունդի մը ներկայացուցիչներէն, որոնք քաշկռտեցին իրենց գոյութիւնը օտար ու խորթ, անհրապոյր երկինքներու տակ, մոռնալով նոյնիսկ թէ ո՞վ են իրենք, ո՞ւրկէ կու գան, մոռցան իրենց արմատները, նախնեաց հողը որ ծնած ու սնած էր զիրենք…
Գուցէ կորուստի ցաւը այնքան խորն էր, որ գիտակից թէ անգիտակից մղումով մը՝ անոնք ուզեցին մոռնալ ամէն ինչ եւ քշուիլ աշնան տերեւին նման հո՛ս-հո՛ն, ուր բախտի քմայքը զիրենք նետէր…
Թող այս սեղմ գիրս ըլլայ յիշատակութեան տուրք մը բոլոր Պերթաներուն, որոնք թուրքին եաթաղանէն մազապուրծ՝ քշուեցան իրենց տուն ու տեղէն, իրենց հայրենական բնօրրանէն եւ օտար երկինքներու տակ մնացին ամբողջովին անպաշտպան ու մինակ, զուրկ տարրական գուրգուրանքէ եւ հոգատարութենէ եւ մարդկային արժանապատիւ կեցութեան պայմաններէ…
Նմանները ապրո՛ղ նահատակները եղան Հայոց Ցեղասպանութեան, ողջ մեռելներն ու զոհերը անոր:
Լո՛յս իջնէ անոնց տառապած աճիւններուն: