ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – Ճակատագրական Ընտրանքներու Ժամանակներ – Յակոբ Պալեան
16 ՄԱՅԻՍ 2022 – ՀԱՅ ԴԱՏ – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ – ԱՇԽԱՐՀ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:
Յակոբ Պալեան – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Հակառակ գարնանային յորդառատ անձրեւին, Հայաստանի մէջ, ոչ միայն Երեւանի, իշխանափոխութեան պահանջով ցոյցերը կը շարունակուին: Առաւօտուն Աշտարակ տանող մայրուղիի մուտքին խցանում կար: Ցուցարարներու թափօր մը դրօշակներով կը տողանցէր: Կէսօրին, երբ Աշտարակէն կը վերադառնայի, կրկին խցանում կար Պռօշեանէն անցնող մայրուղիին վրայ: Մեծ ու պզտիկ ինքնաշարժներ, բեռնատարներ, կողմնակի ճամբաներ կը փնտռէին` փորձելով յառաջանալ:
Տուն հասայ, հեռատեսիլը միացուցի: Ցոյցերը կը շարունակուէին Երեւան: Չորս կամ հինգ ոստիկաններ ցուցարարներու մէջ էին, իրարանցում կար, քաղաքացի մը անշարժացուցած էին, շուրջինները հրմշտկելով ոստիկանական ինքնաշարժ կը տանէին: Միւս կողմէ` ցուցարարները, եռագոյններ պարզած, բարձրախօսներու ընկերակցութեամբ, «Զարթնի՛ր, լաօ» կը խմբերգէին: Ինչպէս ըսուած էր, անհնազանդութեան արարքներով ճամբաները կը փակէին` դժուարացնելով երթեւեկը:
Երէկ ընդդիմութեան պատգամաւորներ Ազգային ժողով գացած էին եւ յատենի ժողովոյ, աղմկալի մթնոլորտի մէջ, վարչապետին հրաժարականի թուղթը իրեն ներկայացուցած էին: Ազգային անվտանգութեան ոստիկանները, սովորական երեւոյթ դարձած ոճով զանոնք հեռացուցած էին, իսկ նոյն Ազգային ժողովի նախագահը, փոխանակ համադրողի իր դերին մէջ մնալու, ըսած էր, որ թող երթան եւ միանան քառասուն հազար ցուցարարներուն: Աւելի լաւ չէ՞ր ըլլար, եթէ լսէր նոյն այդ քառասուն հազարին ընդվզումի խօսքը եւ մնար իր պաշտօնի բարձրութեան վրայ:
44-օրեայ պատերազմին պարտուելէ ետք երկրի իշխանութիւնը չի յաջողիր կացութիւնը վերականգնել: Արդէն, յաղթականի ամբարտաւանութեամբ, Իլհամ Ալիեւ կը յայտարարէ, որ Զանգեզուրի միջանցքի հարցը անդառնալիօրէն լուծուած է: Ինչպէ՞ս: Ո՞ւր պաշտօնական արձանագրութիւն կայ: Կա՞յ, թէ՞ չկայ: Ո՛չ միայն ցուցարարները եւ անոնց ղեկավարները, այլ նաեւ մտաւորականները եւ ժողովուրդը չեն գիտեր, թէ ի՞նչ տրուած է, դեռ ի՞նչ պիտի տրուի: Ինչո՞ւ իշխանութիւնը անկեղծութեամբ չի խօսիր ժողովուրդին, չի խօսիր իր ընդդիմութեան հետ:
Ընդդիմութիւն մը երկրին թշնամին չէ, իշխանութեան տարբեր մտածող թեւն է, հակակշիռը: Ե՞րբ ժողովրդավարութեան փորձ ունեցող պետութիւններու իմաստութենէն պիտի սորվինք հանդուրժել եւ համագործակցիլ: Մի՞թէ Ազգային ժողովի մեծամասնութիւնը, անկէ բխած իշխանութիւնը, չե՞ն լսած, թէ ինչպէ՛ս կը կոչուի Անգլիոյ ընդդիմութիւնը, եւ ի՞նչ իրաւունքներ ունի ան: Ընդունուած կարգ է զայն կոչել «Նորին վեհափառութեան հաւատարիմ ընդդիմութիւնը», His Majesty՛s loyal opposition, որուն առաջնորդը ռոճիկ կը ստանայ, ինչպէս վարչապետը:
Այս քաղաքական հանդուրժողութեան մշակոյթ է: Պետականութեան լիիրաւ ըմբռնում պէտք է ունենալ այս ընելու համար:
Ցոյցերու ընթացքին եւ Ազգային ժողովին մէջ իրարու դէմ եղած կոշտ արտայայտութիւնները, որոնց արձագանգ կ՛ըլլան լրատուամիջոցները, զանգուածը կը լսէ: Քաղաքացիները կը վարժուին, վարժուած են նոյն կոշտութեամբ վերաբերիլ, եւ տարբեր կարծիք ունեցողը, կամ քննադատողը կը համարուի թշնամի:
Հայաստանի իշխանութիւնները կարծէք խուլ են քննադատութիւններու դիմաց, այդ պատճառ է լարուածութիւններու եւ թշնամութիւններու ծաւալման, եւ պիտի գայ պահը, երբ կացութիւնը այնքան խրձիկ պիտի դառնայ, որ ո՛չ իշխանութիւնը եւ ո՛չ ալ ընդդիմութիւնը ելք պիտի տեսնեն: Երբ ճշմարիտին սպասարկող ժողովրդավարական եւ փոխհասկացողութեան ելք չըլլայ, բոլոր երկիրներու մէջ անխուսափելի կ՛ըլլան անբաղձալի վիճակներ, որոնց անունը չեմ ուզեր տալ, քանի որ անոնք պերճանք են արդէն հարուածուած մեր ժողովուրդին եւ վտանգուած հայրենիքին համար:
Ցոյցերը կը շարունակուին: Ո՞ւր կրնան հասնիլ: Ի՞նչ կրնայ ըլլալ վարչապետին եւ իր գործակիցներուն իշխանութեան կառչելու հետեւանքը: Հարցումներ, որոնց պատասխանը պիտի գայ կացութեան հոլովոյթէն: Լարուածութիւնը եթէ տեւէ եւ պայթիւնավտանգ դառնայ, կրկնեմ, մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին համար անբաղձալին կրնայ պատահիլ:
Եւ կրկին կը վերադառնամ հայ հարազատ մտաւորականութեան դերին, երկրին մէջ, ինչո՞ւ ոչ` նաեւ երկրէն դուրս, որ իր հեղինակութեամբ հանդէս գայ: Թերեւս յետխորհրդակցութեան ընթացիկը եւ առօրէականը գերանցող առաջարկ մը, պլատֆորմ մը առաջադրուի ներքին եւ արտաքին հարցերու պատմական պատասխանատուութիւնը ստանձնելու ատակ ուժերով, կողմերէ անդին: Ի վերջոյ, ներսը եւ դուրսը, քաղաքական, ընկերային, տնտեսական եւ մշակութային հմտութիւն ունեցող հայրենասէր ուժեր կան: Համազգային համախոհութեամբ, անոնց վստահիլ ազգի եւ հայրենիքի ղեկավարումը եւ ժողովուրդը պատրաստել իրա՛ւ ապագայակերտ համագործակցութեան:
Թերեւս ժամանակավրէպ է յիշեցնել մեր պատմութեան ճակատագրական պահերուն հայ կաթողիկոսներու բարոյական հեղինակութեան դերը, որ եկեղեցիի քաղաքականացման չի միտիր: Մի՞թէ չեն կրնար, թոյլ կը տրուի՞, որ բարի կամքի համաժողով մը հրաւիրեն, ինչպէս կ՛ըսեն` նկատի ունենալով տարբեր զգայնութիւնները (կը խուսափիմ կազմակերպութիւն եւ կուսակցութիւն եզրերու գործածութենէն): Այս ազգային-պետական բարոյականի շուրջ խմբուելու ճակատագրական որոշման մը կրնայ յանգիլ, որպէսզի պատմութիւնը օր մը չարձանագրէ, որ անատակ ըլլալով միանալու` հայ ազգը կործանած է:
Թիւր ըմբռնում պէտք չէ ըլլայ. քաղաքական իշխանութիւնը եկեղեցականներու յանձնելու հարց չունիմ, այլ` բարոյական հեղինակութեան հովանիին տակ ներկայ վտանգները դիմագրաւելու հաւաքական ուժ ստեղծելու:
Որպէսզի չըլլանք ասոր կամ անոր հետ, կամ դէմ, այլ ըլլանք ազգին, հայրենիքին եւ պետութեան հետ:
Այս ձեւով համահայկական, միացում, միասնութիւն եւ եռամիասնութիւն եզրերուն կու տանք հայկական բովանդակութիւն:
Այս ընելու համար զիրար լսելու առաքինութիւն պէտք է, ինչպէս յաճախ կը յիշեցնեմ, բառին հռոմէական իաստով, որ հոգիի ուժ է:
Այս մասին պէտք է մտածել` դիտելով ցուցարարները, որոնք բանակ են, ոստիկանները, որոնք բանակ են սեփական ժողովուրդին դէմ, դիտելէ ետք Ազգային ժողովի նիստերու բռնցքամարտէ շատ հեռու չեղող պատկերները:
Մի՛շտ պէտք է մտածել, որ մենք երկրորդ հայրենիք մը չունինք, որ մէկը կորսնցնելէ ետք միւսը պահենք, կամ միւսին մէջ ապաստանինք:
Պէտք է միշտ ի մտի ունենալ, որ սփիւռքը եւ սփիւռքները, որքան ալ գրաւիչ եւ խոստմնալից ըլլան, հայրենիք չեն:
Եւ յիշել, Հայաստան եւ սփիւռք, հայրենի գրող Վիգէն Խեչումեանի բուռն եւ բիրտ աստուածաշնչական պատգամի նմանող խօսքը. «Օտարի դրանը քեզ կը կոչեն հիւր, որպէսզի չասեն ծառայ»:
Անմիջականի առնչուող այս խորհրդածութիւնները կ՛ուզեմ եզրակացնել Վահան Տէրեանի սրտագին խօսքերով, որոնք ըսուած եւ գրուած են դար մը առաջ, բայց այնքա՜ն այժմէական են.
«Մեր երկիրը աւերակների երկիր է, աւերուած մի Հայրենիք, որ մենք այսօր կամենում ենք կենդանացնել, որին կամենում ենք նոր կեանքի կոչել: Մեր Հոգեւոր Հայրենիքը նոյնպէս աւերուած մի երկիր է եւ այդ աւեր ու անաւարտ շէնքը կանգնեցնելու համար որպիսի՛ ջերմ սէր, որպիսի՛ անձնուիրութիւն, որպիսի՛ բուռն ոգեւորութիւն է հարկաւոր»:
Ամէն կարգի պառակտումներէ առաջ կը լսե՞նք Վահան Տէրեանը:
Ուրիշ հայրենիք չունինք, նոր հայրենիք չունինք: Ունինք` ինչ որ կայ, որուն տէր պէտք է ըլլալ, թոյլ չտալ, որ երբեմն ալ մեր մեղքով թշնամիներ զայն յօշոտեն:
aztagdaily.com/archives/546138