Վեց Հայեր Ընտրուեցան Լիբանանի Խորհրդարանի Անդամ – Վեց Հայեր Ընտրուեցան Լիբանանի Խորհրդարանի Անդամ
16 ՄԱՅԻՍ 2022 – Գաղութի Կեանքէն, Գաղութներ, Լիբանանեան:
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Լիբանանի մէջ, 15 Մայիսին տեղի ունեցան երեսփոխանական ընտրութիւնները եւ պիտի կազմուի նոր խորհրդարան մը, որ դէմ յանդիման պիտի գտնուի բազմաթիւ մարտահրաւէրներու, ինչպէս նաեւ երկրին մէջ բարեկարգումներ իրագործելու գրաւականին դիմաց:
Կիրակի առաւօտեան ժամը 7ին, Լիբանանի 15 ընտրաշրջաններուն մէջ քուէակեդրոնները բացուեցան, եւ ամբողջ օրուան ընթացքին լիբանանցիները քուէարկեցին:
Ներքին գործոց նախարարութիւնը երեկոյեան ժամը 10ին յայտարարեց, որ ընտրութիւններուն մասնակցութեան համեմատութիւնը հասած է 41.04 առ հարիւրի:
Մեծաթիւ լիբանանահայեր եւս իրենց մասնակցութիւնը բերին երեսփոխանական ընտրութիւններուն եւ իրենց ձայնը մեծամասնութեամբ տուին ՀՅԴի առաջադրած թեկնածուներուն:
Ըստ նախնական եւ ոչ պաշտօնական արդիւնքներուն՝ ՀՅԴի ցանկէն խորհրդարանի անդամ ընտրուած են՝ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի (Մեթն), Ճորճ Պուչիքեան (Զահլէ) եւ Յակոբ Թերզեան (Պէյրութ)։
Խորհրդարանի անդամ ընտրուած են նաեւ Ժան Թալուզեան (Պէյրութ, անկախ),
Ժիհատ Բագրատունի (Պէյրութ, «Լիբանանեան ուժեր») եւ Փօլա Եագուպեան (Պէյրութ, անկախ)։
asbarez.am/419006/վեց-հայեր-ընտրուեցան-լիբանանի-խորհրդ/