Մաուլաուի Յայտարարեց Լիբանանի Ընտրաշրջաններէն 12-ին Մէջ Տեղի Ունեցած Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Վերջնական Արդիւնքները

place des martyrs liban

Մաուլաուի Յայտարարեց Լիբանանի Ընտրաշրջաններէն 12-ին Մէջ Տեղի Ունեցած Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Վերջնական Արդիւնքները

Մայիս 17, 2022| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին, գիշերուան ժամը 10:20-ին եւ ուշ գիշերուան ժամը 11:45-ին  նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ հրաւիրեց իրերայաջորդ պաշտօնական մամլոյ ասուլիսներու, որոնց ընթացքին յայտարարեց Լիբանանի ընտրաշրջաններէն 12-ին մէջ տեղի ունեցած երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերջնական արդիւնքները:

Մաուլաուի ընդգծեց, որ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն եւ կասկածներուն, լաւապէս կրցած են իրականացնել ընտրական հոլովոյթը` աւելցնելով, որ քուէահամարի հոլովոյթը կասկածի տակ առնող բոլոր արշաւները ո՛չ իրենց աշխատանքին եւ ո՛չ ալ պաշտօնեաներուն վրայ կ՛ազդեն:

Ան յայտնեց, որ գիշերը ցերեկին խառնած դատաւորները, որոնք հասած են Արդարութեան պալատ եւ այս աշխատանքը ստանձնած, իրենց ազգային պարտականութիւնը կը կատարեն` երկրին փրկութեան եւ արդիւնքները հրապարակելու ի խնդիր:

Մաուլաուի հաստատեց, որ քուէարկութեան մասնակցութեան համեմատութիւնը ցած չէ, այլ` լաւ է, «եւ անիկա գրեթէ նոյնն է կամ իբրեւ համեմատութիւն մօտ է նախկին ընտրութիւններուն համեմատութեան», հաստատեց ան:

Ներքին գործոց նախարարը յստակացուց, որ ընտրութիւններու արդիւնքներուն յայտարարութիւնը կրնայ ուշանալ, «սակայն նկատի ունենալով թափանցիկութեան հանդէպ մեր յանձնառութիւնը, ապա արդիւնքները հերթաբար պիտի յայտարարենք», ըսաւ ան:

Մաուլաուի ընդգծեց, որ տուեալ պահուն իր մօտ կը գտնուին չորս ընտրաշրջաններու արդիւնքներ, որոնք վերջնական են եւ վաւերացուած ու փոխանցուած են դատաւորներուն կողմէ:

Մաուլաուի հաստատեց, որ դատաւորները պիտի շարունակեն աշխատանքը, մինչեւ որ կարելի ըլլայ բոլոր ընտրաշրջաններուն պարագային վերջնական արդիւնքներուն յանգիլ:

Մաուլաուի շեշտեց, որ քուէատուփերուն կորսուած ըլլալուն մասին լուրերը անճիշդ են, «իսկ քուէակեդրոններուն մէջ ելեկտրականութեան հոսանքի հարց չկայ», յայտնեց ան:

Մաուլաուի ընդգծեց, որ ընտրութիւններուն ընթացքին հարցեր եւ խնդիրներ ստեղծողները պիտի հետապնդուին դատական իշխանութիւններուն կողմէ:

Մաուլաուի հաստատեց, որ արձանագրուած ընտրական խախտումները շատ փոքր են, եթէ զանոնք համեմատենք Լիբանանի բոլոր ընտրաշրջաններուն հետ, իսկ ընտրական օրուան ընթացքին արձանագրուած կռիւներն ու հարցերը աննշան են եւ ընտրութիւններու արդիւնքներուն վստահելիութեան վրայ ոչ մէկ ազդեցութիւն կրնան ունենալ:

Մաուլաուի վերահաստատեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պարկեշտ եւ թափանցիկ ընտրութիւններ են:

Ստորեւ կը ներկայացնենք 2022-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն յաջողած երեսփոխանները` ըստ ընտրաշրջանի.

Լեռնալիբանանի Բ. ընտրաշրջան, (Մեթն), 8 երեսփոխան: Քուէարկողներու համեմատութիւնը հասած է 48,6 առ հարիւրի:

Ընտրուած երեսփոխաններն են. Յակոբ Բագրատունի (ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ), Միշել Մըր, Մըլհեմ Ռիաշի, Ռազի Հաժ, Սամի Ժեմայէլ, Էլիաս Հանքաշ, Իպրահիմ Քանաան եւ Էլիաս Պու Սաապ:

Պէյրութի Ա. ընտրաշրջան, (Էշրեֆիէ, Ռըմէյլ, Սայֆի, Մտաուար), 8 երեսփոխան:

Ընտրուած երեսփոխաններն են. Յակոբ Թերզեան (ՀՅ Դաշնակցութեան թեկնածու), Նիքոլա Սահնաուի, Ղասսան Հասպանի Նետիմ Ժեմայէլ, Սինթիա Զարազիր, Ժան Թալուզեան, Փոլա Եագուպեան եւ Ժիհատ Բագրատունի:

Պեքաայի Ա. ընտրաշրջան, (Զահլէ), 7 երեսփոխան:

Քուէարկողներու համեմատութիւնը հասած է 49 առ հարիւրի, յաղթանակ ապահոված են  ընտրացանկերու կողմէ` «Զահլէ ռիսալէ», «Զահլէ սիատա» եւ «Սիատիուն Մուսթաքիլլուն»:

Ընտրուած երեսփոխաններն են. Ճորճ Պուչիքեան (ՀՅ Դաշնակցութեան թեկնածու), Ռամի Ապու Համտան, Ժորժ Օքէյս, Միշել Տահեր, Էլիաս Ըսթֆեն, Սելիմ Աուն եւ Պիլալ Հըշէյմի:

Հարաւային Լիբանանի Բ. ընտրաշրջան, (Զահրանի, Սուր), 7 երեսփոխան:  Քուէարկողներու համեմատութիւնը հասած է 48,8 առ հարիւրի, անցողիկ շեմը` 23,297, որ ապահովուած է 4 ընտրացանկերու կողմէ:

Ընտրուած երեսփոխաններն են. Միշել Մուսա (յոյն կաթողիկէ), Հասան Մոհամետ Ալի Իզզէտտին, Հիւսէյն Սուէյտ Ժաշի, Նեպիհ Պըրրի, Ալի Օսէյրան, Ինայա Իզզէտտին եւ Ալի Խրէյս:

Հարաւային Լիբանանի Ա. ընտրաշրջան, (Սայտա, Ժեզզին), 5 երեսփոխան: Քուէարկողներու համեմատութիւնը հասած է 46,6 առ հարիւրի, յաղթանակ ապահովուած է 2 ընտրացանկերու կողմէ` «Նինթըխիպ լիլթաղյիր» եւ «Ուահտաթնա պիսայտա ուա Ժեզզին»:

Ընտրուած երեսփոխաններն են. Ղատա Այուպ, Ապտել Ռահման Պըզրի, Սայիտ Ասմար, Շարպել Մասաատ եւ Ուսամա Սաատ:

Լեռնալիբանանի Ա. ընտրաշրջան, (Քեսրուան, Ժիպէյլ), 8 երեսփոխան:

Քուէարկողներու համեմատութիւնը հասած է 63,4 առ հարիւրի, յաղթանակ ապահովուած է 3 ընտրացանկերու կողմէ` «Մաաքոմ ֆինա լիլախար», «Քալպ լուպնան ալ մուսթաքըլ» եւ «Քըննա ու ռահ նըպքա»:

Ընտրուած երեսփոխաններն են. Ֆարիտ Հայքալ Խազեն, Նատա Պուսթանի, Սելիմ Սայեղ, Նաամաթ Աֆրամ, Շաուքի Տաքքաշ, Զիատ Հաուուաթ, Սիմոն Ապի Ռամիա եւ Ռաէտ Պըրրօ:

Լեռնալիբանանի Գ. ընտրաշրջան, (Պաապտա), 6 երեսփոխան:

Ընտրուած երեսփոխաններն են. Ալի Ամմար, Փիեռ Պու Ասի, Հատի Ապուլ Հըսըն, Ալեն Աուն, Ֆատի Ալամէ եւ Քամիլ Շամուն:

Պեքաայի Բ. ընտրաշրջան, (Արեւմտեան Պեքաա, Ռաշայա), 6 երեսփոխան:

Ընտրուած երեսփոխաններն են. Շարպել Մարուն, Ղասսան Սքաֆ, Քապալան Քապալան, Ուաէլ Ապու Ֆաուր, Հասան Մըրատ եւ Եասին Եասին:

Պեքաայի Գ. ընտրաշրջան, (Պաալպեք, Հերմել), 10 երեսփոխան:

Ընտրուած երեսփոխաններն են. Հիւսէյն Հաժ Հասան, Ղազի Զաայթեր, Իհապ Համատէ, Ալի Մըքտատ, Իպրահիմ Մուսաուի, Անթուան Հապշի, Ժամիլ Սէյիտ, Մանալ Սոլհ եւ Մըլհեմ Հուժէյրի:

Լեռնալիբանանի Դ. ընտրաշրջան, (Շուֆ, Ալէյ), 13 երեսփոխան:

Ընտրուած երեսփոխաններն են. Մարք Տաու, Նաժաթ Աուն Սալիպա, Հալիմա Քաաքուր, Աքրամ Շեհայէպ, Ռաժի Սաատ, Թայմուր Ժոմպլաթ, Մարուան Համատէ, Պիլալ Ապտալլա, Ժորժ Ատուան, Նազիհ Մաթթա, Սեզար Ապի Խալիլ, Ղասսան Աթալլա եւ Ֆարիտ Պուսթանի:

Հիւսիսային Լիբանանի Գ. ընտրաշրջան, (Զղարթա, Պշարրէ, Պաթրուն, Քուրա), 9 երեսփոխան:

Ընտրուած երեսփոխաններն են. Սթրիտա Ժահժահ, Ուիլիըմ Թաուք, Միշել Մուաուատ, Թոնի Ֆրենժիէ, Ղայյաս Եազպեք, Ժըպրան Պասիլ, Ատիպ Ապտել Մեսիհ, Ժորժ Աթալլա եւ Միշել Տուէյհի:

Հարաւային Լիբանանի Գ. ընտրաշրջան, (Նապաթիէ, Պընթ Ժպէյլ, Մերժահիուն, Հասպայա), 11 երեսփոխան:

Ընտրուած երեսփոխաններն են. Էլիաս Ժարատէ, Ֆիրաս Համտան, Մոհամետ Ռաատ, Հասան Ֆատլալլա, Ալի Ֆայեատ, Ալի Հասան Խալիլ, Աշրաֆ Պայտուն, Այուպ Հըմայէտ, Հանի Քպայսի, Նասեր Ժապեր եւ Քասեմ Հաշեմ:

aztagdaily.com/archives/546256

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail