Սփիւռքի Կոշտ Արձագանգը Սինանեանի Խօսքերուն – Սփիւռքի Կոշտ Արձագանգը Սինանեանի Խօսքերուն (տեսանիւթ)

Սփիւռքի Կոշտ Արձագանգը Սինանեանի Խօսքերուն

Սփիւռքի Կոշտ Արձագանգը Սինանեանի Խօսքերուն – Սփիւռքի Կոշտ Արձագանգը Սինանեանի Խօսքերուն (տեսանիւթ)

17 ՄԱՅԻՍ 2022 – ՍՓԻՒՌՔ: Կարդալ նաեւ՝ Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է:

Լոս Անճելըսի հայերը պատասխանած են օրեր առաջ Հայաստանի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի արտայայտութեան: Ըստ «Երկիր»-ի՝ Սինանեանը դաւաճան անուանած էր Սփիւռքի այն հայերը, որոնք կը քննադատեն պետական պաշտօնեաները:

Ըստ անոր՝ իր ու միւս իշխանականներու դէմ յայտարարութիւններու, բողոքի ցոյցերու հեղինակները Սփիւռքի դաշնակցականներն են, որոնց կ՝ուղղորդեն Հայաստանէն ու կը տրամադրեն հայրենիքի դէմ: Այս պարագային, Սինանեանը, ըստ էութեան, իշխանութիւնները կը նոյնացնէ Հայաստանի հետ:

Սինանեանը սփիւռքահայերը հորդորած է յարգելու հայաստանցիներուն ընտրութիւնը՝ նկատի ունենալով Փաշինեանն ու խմբակիցները: Դաշնակցութիւնն ալ մեղադրած է 25 տարի Հայաստանը կեղեքելու մէջ:

Սփիւռքի գործերով յանձնակատարի գործունէութեան Շուշիի ազատագրման օրը անդադարձած էր Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանը: Սինանեանի միջոցով Հայաստանի իշխանութիւնը կը փորձէ պառակտել Սփիւռքը, ըսած էր Տէր-Խաչատուրեան եւ այդ քաղաքականութիւնը որակած էր ազգակործան:

Բոլոր նման փորձերը՝ Հայաստան-Սփիւռք կապն ու Սփիւռքը պառակտելու, անյաջողութեան պիտի մատնուին, համոզուած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը: Նոյնը հաւաստիացուցած են նաեւ Լոս Անճելըսի հայերը: Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով ցոյցերու ժամանակ յայտարարած են, որ Հայաստան-Սփիւռք-Արցախ եռամիասնութեամբ պիտի պայքարին հզօր հայրենիքի համար:

Մանրամասնութիւնները՝ Անահիտ Յովհաննիսեանի տեսանիւթով.

yerakouyn.com/2022/05/16/սփիւռքի-կոշտ-արձագանգը-սինանեանի-խօս/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail